Ահարոն Ստեփանեան «Ազատ Օր»-ի անխոնջ գրաշարապետը (մահուան 50-ամեակ)

0
148

50 տա­րի ա­ռաջ, 25 ­Նո­յեմ­բեր 1973-ին, ­Նի­քէա­յի պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ իր աչ­քե­րը կը փա­կէր յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­մու­լի ա­մէ­նէն հա­րա­զատ ու նո­ւի­րեալ սպա­սար­կու­նե­րէն մէ­կը՝ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նը։
­Յոգ­նու­թիւն չգիտ­ցող Ա­հա­րո­նը, որ ու­ղիղ յի­սուն տա­րի ծա­ռա­յեց նախ «­Նոր Օր»-ին, ա­պա «Ազատ Օր»-ին, կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը ետք, վար կը դնէր իր մա­տի­տը ու կը հե­ռա­նար այս աշ­խար­հէն, մեծ բաց մը թող­նե­լով հայ մա­մու­լի ան­դաստա­նէն ներս։
Գ­րա­շա­րա­պետ, խմբա­գիր, յօ­դո­ւա­ծա­գիր, երգ­չա­խում­բե­րու ան­դամ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չա­կան՝ ա­հա իր կարգ մը ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու եր­կար շար­քը, ո­րոնք Ա­հա­րոն ի սպաս դրաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րէն մին­չեւ իր մա­հը, մնա­լով միշտ պատ­նէ­շի վրայ, սա­կայն բնա­ւո­րու­թեամբ սա­կա­ւա­խօս, խո­րունկ դա­տող ու շրջա­հա­յեաց։
Ծ­նած էր 1904-ին ­Փոքր Ա­սիոյ Էօ­տէ­միշ քա­ղա­քը եւ իր ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կում­նե­րը կա­տա­րած էր ան­մա­հա­նուն ու­սուց­չու­հի ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նի մայ­րա­կան գո­րո­վա­գութ խնամ­քին տակ։ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, հա­սաւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­փե­րը ու ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ գոր­ծի աս­պա­րէ­զ, ստանձնե­լով «­Նոր Օր» թեր­թի գրա­շա­րա­պե­տի պաշ­տօ­նը, որ ձե­ռն­հա­սօ­րէն վա­րեց մին­չեւ պա­տե­րազ­մի բռնկու­մը։ Թրծուե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Ան­տոն ­Կա­զէ­լի, ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի եւ այ­լոց շուն­չին տակ, իսկ հե­տա­գա­յին՝ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նին հետ դար­ձան «Ա­զատ Օր»-ի բա­բա­խուն սիր­տը եւ հաս­տա­տուն սիւ­նե­րը։
Ա­նոնք, ո­րոնք կար­դա­ցած են իր խմբագ­րա­կան­նե­րը եւ յօ­դո­ւած­նե­րը կը նշմա­րեն խո­րունկ մտա­ծու­մի, տրա­մա­բա­նա­կան խո­հե­րու, գործ­նա­պաշտ մօ­տե­ցու­մի եւ մա­նա­ւանդ՝ ա­մուր ազ­գա­յին ո­գիի տէր՝ Ա­հա­րո­նի ամ­բողջ նե­րաշ­խարհն ու ամ­բող­ջա­նո­ւէր կապ­տու­մը դէ­պի հայ­կա­կա­նը։
Իր մա­հո­ւան 50-ա­մեա­կին, «Ա­զատ Օր» իր յար­գան­քի տուր­քը կը մա­տու­ցա­նէ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նին, հրա­տա­րա­կե­լով ե­րեք յօ­դո­ւած­ներ։ Ա­հա­րո­նի մա­հէն քա­նի մը օր ետք, հո­գե­լոյս ­Վա­րագ քհնյ. ­Յով­սէ­փեան, իր աշ­խար­հա­կան ա­նու­նով՝ ­Սար­գիս ­Յով­սէ­փեան, կը ստո­րագ­րէ մեծ գրա­շա­րա­պե­տին նո­ւի­րո­ւած գրու­թիւն մը։ ­Նաեւ, Ա­հա­րո­նի շուն­չին տակ կազ­մա­ւո­րո­ւած թեր­թիս ան­ցեա­լի գրա­շար եւ հա­ւա­տա­ւոր աշ­խա­տա­կից ­Մին­սար, թուղ­թին կը յանձ­նէ Ա­հա­րո­նին հետ ապ­րած յու­զիչ ու միա­ժա­մա­նակ դաս­տիա­րա­կիչ ան­գին պա­հեր։ ­Վեր­ջա­պէս, իր հա­րա­զատ­նե­րէն՝ ընկ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան նա­մա­կով մը ուղ­ղո­ւած իր մօ­րեղ­բօր, կու գայ յի­շեց­նե­լու Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի ա­նա­ղարտ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ողջ էութիւնը։

***

­Նա­մակ մօ­րեղ­բօրս

Դպ­րոց­նե­րու ա­մա­ռո­ւայ ար­ձա­կուր­դի ըն­թաց­քին, օր մը, ըն­դա­ռա­ջե­լով փա­փա­քիս, զիս տա­րիր «Ա­զատ Օ­ր»ի տպա­րա­նը։
Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը, նկու­ղի մը մէջ հաս­տա­տո­ւած, ուր քու կող­քիդ կ’աշ­խա­տէին ե­րեք գրա­շար­ներ եւ տպա­րա­նի ու տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յի սե­փա­կա­նա­տէ­րը։
Հե­տաքրք­րու­թեամբ մօ­տե­ցայ գրա­շար­նե­րուն, որ ա­մէն մէ­կը իր առ­ջեւ ու­նէր տախ­տա­կէ տու­փի մէջ 38, կամ թե­րեւս ա­ւե­լի բա­ժա­նում­նե­րով այ­բու­բե­նի մե­տա­ղեայ գի­րե­րը։
Ձե­ռա­գի­րը ի­րենց առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, գի­րե­րը կը շա­րէին, գրու­թիւ­նը լրաց­նե­լու հա­մար։
Անհ­րա­ժեշտ սրբագ­րու­թիւն­նե­րը ըլ­լա­լէ վերջ, թեր­թը կը յանձ­նո­ւէր տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յին։
Այս ան­գա­մ ետ, բո­լոր գի­րե­րը պէտք էին ցրո­ւիլ ու ի­րենց տե­ղը եր­թալ, յա­ջորդ օ­րը գոր­ծա­ծո­ւե­լու հա­մար։
Դ­ժո­ւար գործ ե­րեւ­ցաւ իմ ման­կա­կան աչ­քե­րուս, համ­բե­րու­թիւն, ծայր աս­տի­ճան ու­շադ­րու­թիւն, երբ մա­նա­ւանդ բո­լոր ձե­ռա­գիր­նե­րը յստակ եւ ըն­թեռ­նե­լի ձե­ւով չէին գրո­ւած, իսկ ցրո­ւու­մը ալ ա­ւե­լի ու­շադ­րու­թիւն կ­’ու­զէր, նկա­տե­ցի իմ ման­կա­կան խել­քովս, քա­նի ե­թէ սխալ ցրո­ւին՝ տառե­րը յա­ջոր­դա­կան սխալ­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նան։
Անդ­րա­դար­ձայ, որ գործդ բնաւ դիւ­րին եւ հան­գիստ չէր, ինչ­պէս կ­’ե­րե­ւա­կա­յէի, եզ­րա­կաց­նե­լով քու հան­դարտ նկա­րագ­րէդ։
Ն­կա­տեցի, որ առ­ջեւդ ա­ռիր ա­ռա­ջին տպո­ւած օ­րի­նա­կը, ա­մե­նայն համ­բե­րու­թեամբ եւ հան­դարտ՝ ը­րիր ճշդում­նե­րը եւ թեր­թը յանձ­նե­ցիր տպագ­րո­ղին։
Եր­բեք ջղայ­նա­նալդ չի տե­սանք, նոյ­նիսկ դժուար ժա­մե­րու, որ ան­պա­կաս էին, հան­դարտ կը դի­մագրա­ւէիր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, եր­բեմն հեգ­նա­կան ձե­ւով, խու­սա­փե­լու հա­մար լա­րո­ւած կա­ցու­թիւն­նե­րէ։
Հե­տա­գա­յին, երբ ­Շա­բաթ-­Կի­րա­կի օ­րե­րը մեր տու­նը կու­գա­յիր, ա­ռիթ կ’ու­նե­նա­յինք զրու­ցե­լու ազ­գա­յին եւ զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։
Մենք, մեր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը դի­տէինք գի­տու­թեան եւ բժշկու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րը։
Երբ մա­նա­ւանդ 60-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Ա­մե­րի­կա­յի աս­տ­ղա­նա­ւորդ­նե­րը լու­սին ոտք կը կո­խէին ու ան­նա­խա­դէպ հե­տաքրքրու­թեամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ողջ աշ­խար­հը կը դի­մա­ւո­րէր դէպ­քե­րը։
Դուն միշտ վե­րա­պահ եւ կաս­կա­ծա­միտ էիր նման յա­ռաջ­դի­մու­թեան հան­դէպ եւ խորհր­դա­ծու­թեամբ կը դի­տէիր։
«Ի՞նչ ը­նեմ այս յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, երբ մարդ­կա­յին գետ­նի վրայ ո­րե­ւէ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն չկայ, մարդ միշտ նոյ­նը կը մնայ եւ գի­տա­կան գետ­նի վրայ հսկայ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը դոյզն ազ­դե­ցու­թիւ­նը չու­նե­նար մար­դոց նկա­րագ­րի բա­րե­լաւ­ման»։
Ո՜ւր ապ­րէիր հի­մա եւ տես­նէիր փոքր գրպա­նի հե­ռա­ձայն­նե­րը, որ միա­ժա­մա­նակ՝ հա­շո­ւիչ մե­քե­նայ, բա­ռա­րան, հա­մայ­նա­գի­տա­րան, հա­մա­ցանց, բժշկա­կան խորհր­դա­տու եւ բազ­մա­թիւ այլ գոր­ծա­ծու­թիւն­ներ ու­նին։
Երբ նա­խակր­թա­րա­նը ա­ւար­տե­ցի, ­Մալ­խա­սի «­Զար­թօնք»ի չորս հա­տոր­նե­րը նո­ւի­րե­ցիր ին­ծի, յանձ­նա­րա­րե­լով, որ կար­դամ եւ ու­շադ­րու­թեամբ կար­դամ։
Պա­տա­նի տա­րի­քիս՝ համ­բե­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ կար­դա­լու չորս հա­տոր­ներն ալ, ա­ռանց զեղ­ջե­լու։
Մա­նա­ւանդ կը յի­շեմ Ա­ռիւծ ­Գե­ւո­յի խօս­քե­րը «­Հա­յաս­տան դուն ալ չ­’ազա­տագ­րո­ւե­ցար, որ մենք ալ ա­զա­տէինք»։ Ա­ռիւծ ­Գեւո­յի փա­փա­քը հա­րիւր տա­րի վերջ ի­րա­կա­նա­ցաւ, սա­կայն հայ ժո­ղո­վուրդ ա­զա­տու­թեան մէջ հան­դարտ չէ։
Հա­յաս­տա­նը ան­կախ եր­կիր է, իբր հե­տե­ւանք նախ­կին ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մին։
Վեր­ջա­պէս ու­նինք ա­զատ հայ­րե­նիք եւ Ե­ռա­գոյն դրօ­շը, այլ ազ­գե­րու դրօ­շակ­նե­րու կող­քին կը ծա­ծա­նի Մ.Ա.­Կ.ի շէն­քին վրայ։
Բայց հա­յու­թեան հա­մար ո­րե­ւէ բան հեշտ չ’ըն­թա­նար։ Ան­կա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ծանր հե­տե­ւանք­ներ, հայ­րե­նա­թափ­ման ճամ­բով։
Ապ­րուս­տի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով, հայ­րե­նի բնակ­չու­թեան գրե­թէ մէկ եր­րոր­դը ստի­պո­ւե­ցաւ ար­տա­գաղ­թել։
Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մը տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր զո­հե­րով եւ ազ­գա­յին տագ­նա­պի ահ­ռե­լի օ­րե­րով՝ դժո­ւար եւ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի կա­ցու­թեան առ­ջեւ կը գտնէ ողջ հա­յու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ մեր նո­րան­կախ հայ­րե­նի­քը։
Կը շա­րու­նա­կեմ նա­մակս, մատ­նան­շե­լով, որ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը լաւ մա­կար­դա­կի վրայ չի գտնո­ւիր, հա­կա­ռակ գեր­մարդ­կա­յին ճի­գե­րով պա­հո­ւած մեր դպրոց­նե­րուն, ան­գամ մը եւս ը­սենք, որ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու մեծ մա­սը, բա­ցա­կայ է մեր ազ­գա­յին կեան­քէն։
Հետզ­հե­տէ կը նո­ւա­զի թի­ւը հա­յե­րէն ար­տա­յայ­տո­ւե­լու դիւ­րու­թիւ­նը ու­նե­ցող­նե­րու։
Յու­նա­խօ­սու­թիւ­նը, ո­րու մա­սին յա­ճակ կը գրէիր իբր ե­րե­ւոյթ, տի­րա­պե­տող է, ոչ միայն անձ­նա­կան, այ­լեւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի, նոյ­նիսկ եր­բեմն ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին։
Ճիշդ է ան­շուշտ այն տե­սա­կէ­տը, որ ե­թէ մէ­կը կը դժո­ւա­րա­նայ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու, կրնայ օգ­տա­կար միտ­քեր եւ կար­ծիք­ներ ու­նե­նալ, ու­րեմն ա­ռի­թը տրո­ւի ի­րեն զա­նոնք ար­տա­յայ­տե­լու։
Կը նե­րես, որ մա­հէդ 50 տա­րի վերջ քու հա­մես­տու­թիւնդ պի­տի վի­րա­ւո­րեմ։
Մա­հէդ ժա­մա­նակ մը վերջ գրա­դա­րա­նիդ մէջ պա­հո­ւած գտանք նա­մակ մը, ծա­նօթ հրա­պա­րա­կա­գիր եւ բա­նաս­տեղծ ­Կա­րօ ­Մե­հեա­նէն, որ քե­զի ուղ­ղո­ւած էր եւ ի մի­ջի այ­լոց կը գրէր։
«­Քու մէջ հա­մեստ մնա­լու մե­ծու­թիւ­նը նկա­տե­ցի»:
Եր­բեք չի խօ­սե­ցար քու մա­սիդ, նոյ­նիսկ եր­բեք չի յանձ­նա­րա­րե­ցիր գրած խմբագ­րա­կան­ներդ, յօ­դուած­ներդ կամ նշմար­ներդ կար­դանք»։ ­Լու­սա­հո­գի մեր ըն­կե­րը՝ ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեա­նը, յա­ճախ կ­’ը­սէր «Ա­հա­րո­նը ղա­զէ­թա­ճի է, մէկ շուն­չով յօ­դո­ւած կը վեր­ջաց­նէ»:
Ա­նակն­կալ ան­հանգս­տու­թեանդ լու­րը առ­նե­լուն պէս, Ա­զատ Օ­րի վար­չու­թե­նէն երբ ­Կա­րօն եւ Ս­տե­փա­նը տագ­նա­պած՝ այ­ցե­լու­թեան ե­կան մօտդ, դուն ի­րենց հան­դար­տե­ցու­ցիր քմծի­ծա­ղով մը, ը­սե­լով «Ի­րար մի անց­նիք, կեան­քը իր ճամ­բով, մա­հը իր ճամ­բով»։
Մա­հո­ւան օրդ իսկ՝ զա­ռան­ցու­միդ մէջ, աջ ձեռ­քէդ կա­խո­ւած բժշկա­կան սար­քե­րէն ու­զե­ցիր ձեռ­բա­զա­տո­ւիլ: «Աջ ձեռքս ա­զատ ձգե­ցէք, որ գրեմ. թեր­թը չի կրնար սպա­սել, ժա­մը ժա­մուն պէտք է հրա­տա­րա­կո­ւի»։
Պարտք կը զգամ տե­ղե­կաց­նե­լ քե­զի, որ հա­կա­ռակ մա­մու­լի հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պին, քա­նի լրա­տո­ւու­թիւ­նը հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով վայր­կեա­նը վայր­կեա­նին կը հաս­նի աշ­խար­հի չորս կող­մը, ուր հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր տպա­գա­նակ ու­նե­ցող թեր­թեր կը փա­կո­ւին, Ա­զատ Օ­րը կը շա­րու­նա­կէ ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւիլ։
Հա­կա­ռակ հսկայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, տնտե­սա­կան մի­ջոց­նե­րու չգո­յու­թեան, տպա­քա­նա­կի զգա­լի նո­ւա­զու­մին, Ա­զատ Օ­րը՝ Եւ­րո­պա­յի միակ հայ­կա­կան օ­րա­թերթն է, ո­րուն շուրջ 50 տա­րի սպա­սար­կե­ցիր, օ­րը օ­րին կը հաս­նի իր հա­ւա­տա­ւոր բա­ժա­նորդ­նե­րուն, օգ­տա­գոր­ծե­լով նաեւ հա­մա­ցան­ցի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
Կա­զէ­լի, ­Վազ­գէ­նի, Ար­մէ­նի, քու եւ ­Յով­սէ­փին կեն­դա­նի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, նոյն անձ­նո­ւի­րու­թեամբ, ներ­կայ անձ­նա­կազ­մը կը շա­րու­նա­կէ իր ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

ԹԱԳ­ՒՈՐ

***

Կէս լուրջ — կէս կատակ
«Մեր» Ահարոնը

ՄԻՆՍԱՐ

Ձախէն՝ գլխարկով Ահարոն Ստեփանեան,
մէջտեղը՝ խմբագիր Անտոն Կազէլ,
նկարուած «Նոր Օր»ի խմբագրատան առջեւ

Աս­կէ բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ա­ռաջ, «­Մեր «Ա­զատ Օր»-ը» յօ­դո­ւա­ծա­շար­քով, ա­ռի­թը ու­նե­ցած ենք քա­նի մը ան­գամ անդ­րա­դառ­նա­լու, «Ա­զատ Օր»-ի «­Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան», (խմբագ­րա­պետ՝ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեան, տպա­րա­նա­պետ՝ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեան եւ ընդ­հա­նուր աշ­խա­տանք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու՝ Ար­մէն ­Մա­նու­կեան), ան­դամ­նե­րէն՝ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի կեան­քին ու գոր­ծին:
­Չեմ գի­տեր ե­թէ իր կեան­քին վե­րա­բե­րող բան մը մնա­ցած է, որ ըստ յի­շո­ղու­թեանս գրած չըլ­լամ: Ան­շուշտ կը խօ­սիմ ա­նոնց մա­սին, ո­րոնց մա­սին կա­րե­լի է քա­նի մը տող գրե­լը:

* * *

1969 թո­ւա­կա­նի բա­ւա­կան ցուրտ օր մըն էր, մօ­տա­ւո­րա­պէս աս­կէ… հա­շիւն ալ կորսն­ցու­ցեր եմ այ­լեւս, երբ կարճ տա­բատ մը հա­գած, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով գա­ցի ու կանգ­նե­ցայ, Ա­թէն­քի ­Հին Փ­լա­քա­յի շրջա­նը գտնո­ւող, (­Նա­վա՛ր­խու ­Նի­քօ­տի­մու եւ Անտ­րիա­նու փո­ղոց­նե­րուն ան­կիւ­նը), եւ դէ­պի «Ա­զատ Օր»ի գետ­նա­յարկ տպա­րա­նը ա­ռաջ­նոր­դող, ժա­մա­նա­կէն այ­լեւս մա­շած, մար­մա­րեայ այդ 17 սան­դուխ­նե­րուն սանդ­խագլ­խին վրայ:
Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նին ը­սե­լուն՝ «դէ­պի դժոխք ա­ռաջ­նոր­դող, ա­նի­ծեալ այս 17 սան­դուխ­նե­րը»:
­Պէտք է խոս­տո­վա­նիմ, որ մեր այդ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը, իր մա­սին այդ­քան ալ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ չձգեց վրաս:
­Հա­զիւ ի­րեն ի­մա­ցու­ցի այ­ցե­լու­թեանս նպա­տա­կը, պա­րոն Ա­հա­րո­նը նախ վե­րէն-վար ա­ղո­ւոր մը չա­փեց ին­ծի ու ա­պա հար­ցուց:
— Ու­րեմն կ­՚ու­զես կոր տպա­րան աշ­խա­տիլ: ­Շատ լաւ: ­Դո՛ւն տղաս, ա­մուս­նա­նա­լու եւ ըն­տա­նիք կազ­մե­լու նպա­տակ ու­նի՞ս:
Ամչ­ցայ ու կանգ­նած տեղս ան­շարժ մնա­ցի, ա­ռանց կա­րե­նալ հասկ­նա­լու ին­ծի ը­րած հար­ցու­մին նպա­տա­կը: ­Զար­մա­ցած ե­րե­սին նա­յե­ցայ:
­Նո­րէն հար­ցուց՝
— ­Դո՛ւն տղաս, ա­մուս­նա­նա­լու եւ ըն­տա­նիք կազ­մե­լու նպա­տակ ու­նի՞ս:
— Երբ որ մեծ­նամ կ­՚ու­զեմ ա­մուս­նա­նալ եւ ըն­տա­նիք կազ­մել, պա­րոն, բայց տա­կա­ւին շատ պզտիկ եմ: Ը­սի՝ կաս-կար­միր կտրած:
— Ու­րեմն, քա­նի տա­կա­ւին պզտիկ ես, ե­լիր եւ ժամ ա­ռաջ փախ­չիր այս­տե­ղէն: ­Հոս մնա­ցո­ղը միայն թեր­թին հետ կ­՚ա­մուս­նա­նայ, տղաս: ­Մե­զի կը տես­նե՞ս կոր, մենք ե­րեքս ալ ա­մու­րի ենք, ոչ կին, ոչ զա­ւակ, ոչ ալ ըն­տա­նիք ու­նինք: ­Մենք «Ազատ Օր»ին հետ ա­մուս­նա­ցեր, մնա­ցեր ենք եւ մեր միակ հո­գը՝ ա­մէն օր աշ­խարհ գա­լիք մեր այս 1.500 «նո­րա­ծին­ներն» են:
­Փոքր տա­րի­քիս հե­տե­ւան­քով, չկրցայ հասկ­նալ պա­րոն Ա­հա­րո­նին՝ ին­ծի ը­սած այդ խօս­քե­րը:
Այ­սօր սա­կայն՝ շա՜տ լաւ կրնամ հասկ­նալ, որ այդ «­Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան» ան­դամ­նե­րը, ի­րենց ամ­բողջ կեան­քը գի­տակ­ցա­բար կը զո­հէին, միայն ու միայն ի շահ հայ ազ­գին:
Օ­րա­թեր­թը ի­րենց ըն­տա­նիքն էր եւ «Ա­զատ Օր»ի լոյս աշ­խարհ ե­կող օ­րի­նակ­նե­րը, ու­րիշ ո­չինչ՝ ե­թէ ոչ, ի­րենց սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը:

* * *

Ա­հա­րո­նը գրե­լու եւ իր գրու­թիւն­նե­րը հիւ­թեղ ու հե­տաքրք­րա­կան դարձ­նե­լու յա­տուկ ձիրք մը ու­նէր: ­Չեմ կրնար ը­սել, որ յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը գրէր, սա­կայն երբ գրե­լու ըլ­լար, իր յօ­դո­ւած­նե­րուն մէջ միտք ու հո­գի կը դնէր: Եր­կար կը մտա­ծէր ու ա­պա ա­րագ մը թուղ­թին կը յանձ­նէր իր մշա­կած գա­ղա­փար­նե­րը եւ նիւ­թե­րը: Իր բո­լոր գրու­թիւն­ներն ալ, շատ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ու հա­ճոյ­քով կը կար­դա­ցո­ւէին օ­րա­թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րէն եւ յա­ճախ կ­՚ար­տատ­պո­ւէին ար­տա­սահ­մա­նի մնա­ցեալ հայ մա­մու­լին կող­մէ եւս:
­Յօ­դո­ւած­նե­րը կը շա­րէի, յա­ճախ ի­րեն գան­գա­տե­լով իր մանր, ու ին­ծի հա­մար ան­հասկ­նա­լի գի­րե­րուն հա­մար:
Կ­՚ը­սէր խնդա­լով՝
«Տ­ղայ, յան­ցա­ւո­րը ես չեմ, ա­մէն ան­գամ որ մա­տիտս, (ա­յո, ա­յո, մի զար­մա­նաք: ­Ճիշդ կար­դա­ցիք՝ «մա­տիտս»: ­Կը տես­նէք Ա­հա­րո­նը, բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րէ բա­ցի, իր յօ­դո­ւած­նե­րը մա­տի­տով կը գրէր), ձեռքս կ­՚առ­նեմ բան մը գրե­լու հա­մար, բա­ռե­րը մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ա­րա­գօ­րէն կու­գան միտքս ու ա­սան­կով ձեռքս ալ նոյն ա­րա­գու­թեամբ կը սա­հի-կ­՚եր­թայ թուղ­թին վրայ»:
­Յօ­դո­ւա­ծա­գիր էր Ա­հա­րո­նը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով՝ «գրող» մըն էր:

* * *

­Տա­րի մը, (տպա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տա­կազ­մը՝ Յ.ն, Գ.ն­ եւ ստո­րագ­րեալս), ո­րո­շե­ցինք իր տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ի­րեն ճեր­մակ շա­պիկ մը նո­ւի­րել: ­Չեմ գի­տեր ին­չու, բայց զար­մա­նա­լիօ­րէն Ա­հա­րո­նը, ճեր­մակ գոյ­նը շատ կը սի­րէր:
­Կար­ծես թէ լման օ­րը իր մատ­նե­րը սեւց­նող սեւ մե­լա­նէն, տե­սակ մը վրէ­ժը լու­ծե­լու հա­մար:
Ու­րեմն Յ.ն­ եւ Գ.ն ­գա­ցին, (ես դժբախ­տա­բար տա­րի­քի բեր­մամբ, կար­ծիք յայտ­նե­լու ի­րա­ւունք չու­նէի), ու իր չա­փին գե­ղե­ցիկ ու ճա­շա­կա­ւոր ճեր­մակ շա­պիկ մը գնե­ցին ի­րեն:
­Տա­րե­դար­ձին օ­րը՝ մեր բո­լո­րին բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը ըն­դու­նե­լէ ետք, ըն­դու­նեց նաեւ մեր նո­ւէ­րը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով՝ նախ բա­ցաւ տու­փը, յե­տոյ բա­ցաւ տու­փին մէջ գտնո­ւող թղթա­փա­թե­թու­մը, յա­ջոր­դա­բար լոյս աշ­խարհ բե­րաւ նայ­լո­նով պաշտ­պա­նո­ւած շա­պի­կը ու ա­պա ան­ցաւ՝ նո­ւէ­րի «ձեր­բա­զա­տու­մին»:
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս օ­ձի­քին պաշտ­պա­նու­թեան կո­չո­ւած, «պա­տաս­խա­նա­տու» փոքր ստո­ւա­րա­թուղ­թը, ջղա­յին շար­ժու­մով մը նե­տե­լէ ետք տու­բին մէջ, սկսաւ ու­շադ­րու­թեամբ հե­ռաց­նել շա­պի­կին ծա­լո­ւած­քը «ան­թե­րի» պա­հող ա­սեղ­նե­րուն «խում­բը»:
­Վեր­ջա­պէ՜ս, բո­լո­րո­վին «ա­զա­տագ­րո­ւած» ճեր­մակ շա­պի­կը, ա­ռաւ ձեռ­քե­րուն մէջ ու փոր­ձեց, ստա­նա­լով նաեւ մեր բո­լո­րին հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րը, որ իս­կա­պէս շա՜տ վայ­լած էր վրան: Ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով, ան­ցաւ իր փոքր գրա­սե­ղա­նին առ­ջեւ եւ մա­տիտ մը առ­նե­լով սկսաւ բա­ներ մը գրել:
­Յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ ին­ծի ձե­ռա­գիր­ներ մը տո­ւաւ, ը­սե­լով՝
— ­Յայ­տէ նա­յիմ ­Սիմ­սար, սա գրածս շա­րէ, որ այ­սօ­րո­ւան թի­ւին մէջ դնենք:
— ­Պա­րոն Ա­հա­րոն՝ ­Սիմ­սար չէ, ­Մին­սար է, ը­սի:
— ­Տար­բե­րու­թիւն չու­նի, նոյն զը­խըմն է, ը­սաւ խնդա­լով:
Սրտ­նե­ղած, սա­կայն ա­ռանց պա­տաս­խա­նե­լու, նստայ լի­նօ­թիբ մե­քե­նա­յին առ­ջեւ եւ սկսայ տուած յօ­դո­ւա­ծը գրա­շա­րել:
­Հա­ւա­տա­ցէք խօս­քիս, Ա­հա­րո­նը՝ լման ե­րեք սիւ­նակ­նոց ծաղ­րա­կան յօ­դո­ւած մը գրած էր, ա­ռիթ ստա­նա­լով մեր կող­մէն ի­րեն նո­ւէր տրո­ւած շա­պի­կին մա­սին, ու հեգ­նե­լով ա­նոր չա­փէն ա­ւե­լի «պատս­պա­րո­ւած» ըլ­լա­լը:
­Յօ­դո­ւա­ծին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը մոռ­ցեր եմ այ­լեւս, սա­կայն շատ լաւ կը յի­շեմ իր գրու­թեան վեր­ջա­բա­նը:
«­Չեմ գի­տեր, թէ գոր­ծըն­կեր­ներս, այս շա­պի­կը ին­ծի նո­ւի­րե­լով, ա­նոր ինչն է, որ ա­ւե­լի սուղ վճա­րե­ցին: ­Կեր­պա՞­սը, կամ թէ ա­նոր փա­թե­թա­ւո­րու­մը»:
Այս էր Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նը:
Այս էր մեր սի­րե­լի պա­րոն Ա­հա­րո­նը, որ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին շուն­չը, իր ամ­բողջ էու­թեամբ՝ «Ա­զատ Օր»ի ճամ­բով ծա­ռա­յեց իր ազ­գին եւ այս թա­փուր աշ­խար­հէն մեկ­նե­ցաւ, ձգե­լով հսկայ բաց մը:
­Բաց մը, որ մին­չեւ այ­սօր, դժբախ­տա­բար չա­փա­զանց նկա­տե­լի է եւ որ շատ մեծ դժո­ւա­րու­թեամբ, (չը­սե­լու հա­մար գրե­թէ եր­բեք), պի­տի գո­ցո­ւի, ու­րիշ կա­րող ու ազ­գա­նո­ւէր ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ:

* * *

Ան­գամ մը Յ.ին հետ կը խօ­սակ­ցէինք, «Ա­զատ Օր»ի այդ հին օ­րե­րուն մա­սին եւ վայր­կեա­նի մը ին­ծի հար­ցուց՝
— Այ­սինքն՝ ե­թէ այ­սօր ա­ռի­թը ու­նե­նա­յիր, ան­գամ մը եւս Ա­հա­րո­նին հետ խօ­սե­լու, ի­րեն ի՞նչ պի­տի ը­սէիր:
— ­Պի­տի ը­սէի… նե­րէ Ա­հա­րոն: ­Նե­րէ, ո­րով­հե­տեւ փոքր տա­րի­քիս բեր­մամբ, ող­ջու­թեանդ՝ քու եւ քե­զի նման­նե­րուն ար­ժէ­քը չկրցայ հասկ­նալ…
­Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ…

minsar55@gmail.com

***

Գ­նա՜ց

ՍԱՐԳԻՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Ա­հա­րոնն ալ գնաց:
Գ­նաց՝ իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը գտնե­լու երկ­նա­յին լու­սոյ պոր­փիւ­րէ պա­լատ­նե­րուն մէջ՝ այն բո­լո­րի կող­քին, ո­րոնք օր մը տա­ռա­պա­գին եր­կուն­քէ մը ետք աշ­խարհ ե­կան ծա­ռա­յե­լու զի­րենք ծնող ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով:
Ա­հա­րոն ա­նոնց­մէ մէկն էր: Ա­ւե­լի քան յի­սուն եր­կար տա­րի­նե­րու իր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ­Հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նէն ներս, որ­պէս գրա­շա­րա­պետ եւ խմբա­գիր, ա­ներկ­բա­յօ­րէն կու­գան ա­պա­ցու­ցա­նե­լու նո­ւի­րու­մի եւ սի­րոյ այն ո­գին, որ ի­րը ե­ղաւ մութ ու խո­նաւ «Ա­զատ Օր»ի նկու­ղին մէջ:
­Սէր եւ նո­ւի­րում:
Այս եր­կու բա­ռե­րով կու­գամ բնո­րո­շել Ա­հա­րո­նի կեր­պա­րը իր խո­րունկ ի­մաս­տին մէջ՝ հայ լրագ­րու­թեան տա­ճա­րէն ներս: ­Բա­ռե՜ր, ոս­կի բա­ռե՜ր, կեան­քի խօս­քե՜ր, ո­րոնք կու­գան հա­յե­ղին դառ­նա­լու ուղ­ղա­միտ եւ ազ­նո­ւա­կան գրչի մշա­կին հո­գիին:
­Սէր՝ իր ժո­ղո­վուր­դին:
­Նո­ւի­րում՝ ­Հայ մա­մու­լին:
Ա­սոնք ե­ղան իր կո­չու­մը, ո­րոնց փա­րած մնաց մին­չեւ վեր­ջին շուն­չը, նոյ­նիսկ մա­հուան ան­կող­նին մէջ, երբ բա­րե­կամ­ներ այ­ցի գա­ցած էին ի­րեն: Ա­հա­րո­նի ամ­բողջ մտա­ծու­մը թերթն էր, «Ա­զատ Օր»ը: Ե՞րբ պի­տի գրէր յա­ջորդ յօ­դո­ւա­ծը կամ խմբագրա­կա­նը: Ա­սոնք ե­ղան հի­ւան­դա­նո­ցի վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րու իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, եւ այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով առ յա­ւէտ գո­ցեց իր աչ­քե­րը, քաղցր ժպի­տը դէմ­քին, որ մնաց նույ­նիսկ ցուրտ դա­գա­ղին մէջ, «Ա­զատ Օր»ի այդ օ­րո­ւան թի­ւը կուրծ­քին եւ ափ մը հող ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հէն, ­Սար­տա­րա­պա­տի դաշ­տէն:
Չ­կայ հի­մա ան այ­լեւս: ­Հո­ղե­ղէն մար­մի­նը գնաց հո­ղին, իսկ հո­գին որ­պէս բոց ու կրակ պի­տի շա­րու­նա­կէ բո­ցա­վա­ռել զմեզ հայ գի­րին ու մշա­կոյ­թին բո­լոր երկր­պա­գու­ներս:
­Հայ­րե­նի հո­ղին սի­րով եւ ջու­րին ու­ժով ազ­նիւ նո­ւի­րեալ եւ ան­կեղծ զի­նո­ւոր մըն էր, որ յանձ­նե­ցինք հել­լե­նա­կան հո­ղին: ­Վիշ­տը ծան­րա­ցած է մեր սրտե­րուն եւ ար­ցուն­քը քա­րա­ցած մեր աչ­քե­րուն մէջ:
Ա­հա­րոն չէր ա­մուս­նա­ցած: Ա­մու­րի էր: ­Չէ­՞ որ ան ա­մուս­նա­ցած էր թեր­թին հետ, նոյ­նա­ցած ու տար­րա­ցած էր ա­նոր հա­նա­պա­զօ­րեայ ցա­ւե­րուն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն հետ:
Իր մա­հով կի­սով որ­բա­ցաւ «Ա­զատ Օր»ը: ­Նո­րեր պի­տի գտնո­ւի՞ն որ­պէս­զի գան նոյն կո­չու­մով բարձր պա­հե­լու Ա­հա­րոն­նե­րու բռնած գրի­չը, որ տաս­նեակ­նե­րով տա­րի­ներ մե­լան հո­սե­ցուց ի խնդիր հայ թեր­թի գո­յա­տեւ­ման:
Ա­մէն մէկ նոր փոս դառն ու տխուր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կը դնէ մեզ, գա­լիք նոր օ­րե­րու ա­նակն­կալ դէպ­քե­րու եւ ի­րա­դար­ձու­թեանց սպա­սու­մով:
­Լացն ու կո­ցը կեան­քի վէր­քե­րը չեն բու­ժեր, այլ ա­ւե­լի կը կոտ­տաց­նեն, ինչ­պէս կոտ­տա­ցու­ցին միւս Ա­հա­րո­նին՝ ­Տա­տու­րեա­նին մա­հով, որ մե­նա­ւո­րի ­փա­րի­զեան իր խու­ցին մէջ փա­կեց աչ­քե­րը, խոր սու­գի մատ­նե­լով հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը յատ­կա­պէս եւ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս: Նոյն դժխեմ ճա­կա­տա­գի­րը բաժ­նե­ցին եր­կուքն ալ: ­Մին բա­նաս­տեղծ իսկ միւ­սը լրագ­րող: Եր­կուքն ալ ա­մու­րի:
­Բայց եր­կուքն ալ հո­գին ու շուն­չը ըմ­պե­ցին հայ գի­րի եւ գրա­կա­նու­թեան յա­ւեր­ժա­կան նեկ­տա­րը, գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով յի­շա­տա­կե­լի եւ ան­մո­ռա­նա­լի գոր­ծեր: Գ­նաց մեր Ա­հա­րո­նը, ինչ­պէս գնաց միւս Ա­հա­րո­նը, բա­նաս­տեղծ Ա­հա­րո­նը:
­Բայց Ա­հա­րոն­նե­րու ո­գին պի­տի շա­րու­նա­կէ դառ­նալ ներշն­չու­մի եւ հո­գե­զին­ման խոր գրա­ւա­կան հայ գրա­կա­նու­թեան խո­րա­նին խնկար­կե­լու ե­կող բո­լոր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն:
Ա­հա­րո­նի եւ Ա­հա­րոն­նե­րու մա­հը այս կը թե­լադ­րէ մե­զի:
Մշտն­ջե­նի լո՜յս իր հոգ­ւոյն եւ յա­ւի­տե­նա­կան ան­դո՜րր իր յոգ­նա­բեկ ոս­կոր­նե­րուն:

«Ա­զատ Օր», 3-12-1973