Թուրքիոյ նախկին ռազմական դատախազ Ահմեթ Զեքի Ուչոք անդրադարձած է այն հարցին, թէ ի՛նչ կրնար տեղի ունենալ, եթէ 2016ի Յուլիս 15ի յեղաշրջման փորձը չձախողէր: Թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթի կայքին տեղեկացմամբ` Ուչոք կարծիք յայտնած է, որ այդ պարագային Թուրքիոյ մէջ արիւնահեղութիւն տեղի պիտի ունենար,- կը հաղորդէ «Էրմէնի Հապեր»:
Թուրք դատախազին խօսքով՝ եթէ յեղաշրջումը յաջողութեամբ աւարտէր, Թուրքիան պիտի մասնատուէր. երկրի հարաւ-արեւելքը՝ քրտական, իսկ արեւելքը` հայկական պետութիւններ պիտի ստեղծուէին: Միեւնոյն ժամանակ՝ Ուչոք տեսակէտ յայտնած է, թէ այդ պարագային Թուրքիան ալ պիտի անցնէր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան տակ: Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Կիւլէնական համայնքի (FETճ) անդամներուն դէմ առաջին հետաքննութիւնը յարուցած դատախազը մասնաւորապէս ըսած է.- «Թուրքիան պիտի մասնատուէր, յետոյ երկրին մէջ մեծ կոտորածներ պիտի սկսէին: Անոնք ոչ թէ դատարանի առջեւ պիտի կանգնէին, այլ նոյն յեղաշրջման ընթացքին ուղղակի պիտի սպաննէին բոլոր անոնց, որոնց ընդդիմադիր կը համարէին: Իսկ յեղաշրջումէն ետք իշխանութեան եկած նոր դէմքերը անկասկած պիտի ըլլային դրածոները այն երկիրներուն, որոնց հետախուզական կառոյցներուն հետ անոնք կապուած են»:
Ահմեթ Զեքի Ուչոք
«Եթէ յեղաշրջումը յաջողէր, Թուրքիոյ արեւելքը հայկական պետութիւն պիտի ստեղծուէր»,- կը յայտարարէ թուրք դատախազը