Հայկական գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետին՝ Մարտիրոս Սարեանին ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, հայոց քնարերգութեան վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան գրած է.
— «Կոմիտասի երգերի եւ քո գոյների մասին խօսում են որպէս բառերով անթարգմանելի հրաշքների մասին։ Բայց դա այնքան էլ ճիշդ չէ։ Հայաստանում կայ մի գրող, որի բառերը զրնգում են կոմիտասեան շնչով եւ փայլատակում են քո կտաւների գոյներով։ Դա Ակսէլ Բակունցն է»։
Իրաւ այդպիսի՛ն է, հայոց բնաշխարհի եւ յուզաշխարհի գեղեցկութիւններուն ու խորհուրդներուն, երազներուն եւ տենչերուն, աւանդութեանց ու նորարար երկունքին մեծ նկարիչն ու երգիչն է Ակսէլ Բակունց, որուն ծննդեան 119րդ տարեդարձը կը նշենք Յունիս 13ի այս օրը։
Հայերէն արձակ գրականութիւնը յատկապէս Բակունցի գրիչով նուաճեց պարզութեան եւ խտութեան, պատկերաւոր գեղեցկութեան եւ խոհական ընդգրկումի եզակի բարձունք մը՝ ժամանակներէն վեր բարձրացող եւ յաւերժի ուղին լուսաւորող ինքնատիպ գագաթ մը դառնալով ոչ միայն արեւելահայ, այլեւ ամբողջ հայ արձակագրութեան երկնակամարին վրայ։
Անկասկած Բակունցի եղերական վախճանը՝ 1937ին ստալինեան ահաւոր եղեռնագործութեան զոհ երթալու դառն ու դաժան հարուածը աւելիով շեշտեց մեծութիւնը հայ գրականութեան այս հսկային։ Չարենց եւ Բակունց փաստօրէն եղան անբաժան երկու երեսները հայկեան հանճարին միեւնոյն շքանշանին. իրարմէ այնքա՜ն տարբեր իրենց նկարագրով եւ յուզաշխարհով, բայց եւ միաժամանակ այնքա՛ն հարազատ ու զիրար ամբողջացնող իրենց տաղանդով, առաքելութեան կոչումով եւ եղերական վախճանով։
Աւազանի անունով Ալեքսանդր Ստեփանի Թեւոսեան՝ Ակսէլ Բակունց ծնած է 1899ի Յունիս 13ին, Գորիս՝ հայոց Զանգեզուր աշխարհի բնական գեղեցկութեան եւ խորհրդաւորութեան ծոցին մէջ։ Գորիսի ծխական դպրոցը աւարտելէ ետք, 1910ին ան ընդունուեցաւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանը, ուր եօթը տարի ոչ միայն աշակերտեց ժամանակի հայ դպրութեան վաւերական բոլոր մեծերուն, այլեւ՝ տիրապետեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան ու մշակութային ժառանգութեան, այդ բոլորով հարթելու համար Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի դժուարին ուղին դէպի նոր ժամանակներ անցքի։
«Գէորգեան» Ճեմարանի գաղափարաշունչ մթնոլորտը թրծեց նաեւ Բակունցի քաղաքացիական ու ազգային-քաղաքական ճառագայթող կերպարը՝ իբրեւ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման փարած ջերմեռանդ դաշնակցականի, իբրեւ հայոց գիւղական աշխարհի անանց արժէքներու համակարգին պահապանի եւ, միաժամանակ, հայեցի արժէքներու եւ կենսակերպի արդիականացման յառաջապահ դրօշակիրի։
Իբրեւ Հայ Կամաւորական Շարժման զինուորի՝ Ա. Աշխարհամարտի շրջանին մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճման թէժ մարտերուն՝ Կարինէն մինչեւ Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ։ Եւ երբ անկախացաւ Հայաստանը ու մեր ժողովուրդը ամբողջ թափով լծուեցաւ իր ազգային պետականութեան կառուցումին՝ Բակունց վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ ուսուցչութեան՝ նորահաս սերունդին հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը սորվեցնելու սրբազան գործին։
Նոյն շրջանին, գրական-գեղարուեստական իր գործերուն կողքին, Բակունց ձեռնամուխ եղաւ հայ գիւղի ընկերային եւ տնտեսական հոգերն ու ցաւերը դարմանելու, զարգացման ուղին ճշդորոշելու եւ առկայ ապօրինութիւններն ու անարդարութիւնները յաղթահարելու աշխոյժ հրապարակագրութեան։
Խաչատուր Աբովեանի, Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Րաֆֆիի ազգային-գաղափարական աւանդին առանձնայատուկ համադրումը կայ Բակունցի մէջ, որ Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տարիներուն գրական պայքարի ասպարէզ նետուեցաւ՝ հինի եւ նորի հակադրութիւնն ու բախումը ազգային հունով ներդաշնակելու, համադրելու եւ բազմակողմանի զարգացման ուղղութեամբ յառաջ մղելու առաջադրանքով, թէ՛ գեղարուեստական իր գրականութեան, թէ՛ հրապարակագրութեան մէջ հետեւողականօրէն շեշտելով դարերով պահպանուած հայոց լաւն ու գեղեցիկը, արդարն ու մարդկայինը պահպանելու եւ նորոգելու, արդիական շունչով զարգացնելու հրամայականը։
Այդ մղումով էր, նաեւ, որ Բակունց 1920ին գնաց Խարկով՝ բարձրագոյն ուսման տիրանալու եւ գիւղատնտեսութեան մէջ մասնագիտանալու որոշումով։ 1923ին, ուսումը աւարտելով, ան վերադարձաւ Զանգեզուր, ուր եւ ստանձնեց գիւղատնտեսութեան մէջ պատասխանատու պաշտօն։
Բակունց սկսաւ գրել կանուխ տարիքէն։ 1915ին, Շուշիի «Փայլակ» թերթին մէջ, լոյս տեսաւ Գորիսի քաղաքապետին անօրինութիւնները քննադատող իր հրապարակագրական ակնարկը, ինչ որ սկիզբը դրաւ Բակունցեան ժառանգութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկուն, որ հայ գիւղին, հայ գեղջուկին եւ գիւղատնտեսութեան պաշտպանութիւնը եղաւ, աւանդականն ու արդիականը համադրաբար զարգացնելու առաջադրանքով։
Այդ ուղղութեան ծնունդ եղան 1920ականներու առաջին կիսուն, Թիֆլիսի «Մարտակոչ» եւ Երեւանի «Խորհրդային Հայաստան» թերթերուն մէջ իր ստորագրած հրապարակագրական էջերը՝ «Մեր գիւղերում», «Գաւառական նամականի» եւ «Նամակներ՝ գիւղից» խորագիրը կրող շարքերով։
Նաեւ՝ հայ ազգային-քաղաքական թեմաներով եւ Հայկական Ազատամարտի ներշնչումով յատկանշուեցաւ Բակունցի հրապարակագրութիւնը։ 1918ին, Երեւանի «Ժողովուրդ» թերթի էջերուն, ան հրատարակեց Անկախութեան պայքարէն ներշնչուած պատերազմական իր ակնարկները, որոնք հետագային իրենց արձագանգը գտան խորհրդային պաշտօնական մտածողութեան մէջ ազգային ուղղութիւնը գտնելու, յայտնաբերելու եւ զարգացնելու Բակունցի հետեւողական ճիգերուն մէջ, որոնց համար ալ իր կեանքով ծանր գին վճարեց հայ արձակագրութեան մեծ վարպետը։
Ակսէլ Բակունցի գրական տաղանդը ռումբի պէս պայթեցաւ 1927ին՝ «Մթնաձոր» անունով պատմուածքներու իր ժողովածուին հրատարակութեամբ։ Խորհրդային պոլշեւիզմի քանդիչ մոլեգնութեան նորովի բորբոքման տարիներն էին, հինը ամէն գնով մերժելու եւ քանդելու հիւանդագին շրջանն էր եւ, ահա՛, կոմիտասեան շունչով եւ սարեանական գոյներով ողողուած իր արձակով՝ ինչպէս քննադատները պիտի վկայէին տասնամեակներ ետք, Բակունց հրապարակ կ’իջնէր «յաւիտենական գեղեցկութիւնների կողքին» վարպետօրէն արտայայտելով հայ կեանքի «դառն ու լուռ ցաւերը, որոնք յար ու նման էին աշխարհի ծայրերում ապրող մարդկանց ցաւերին: Նա չէր իդէալականացնում բնաշխարհը, այլ մտահոգ էր բնութեան անզուգական գեղեցկութեան մէջ վեր հանելու ժողովրդի դառը կացութիւնը: Համակիրները շատ էին, բայց քիչ չէին չարախօս թշնամիները: Չարենցը անհանգստացած՝ նախազգուշացնում էր Բակունցին, որ Մթնաձորում չկորցնի իր պայծառ ուղին,փորձի դուրս գալ նոր ուղեծիր.
Քո «Մթնաձորում» թախիծ է ծորում
Եւ կարօտ մանկութ հարազատ ձորի,
Աշխատիր, սակայն, որ այդ մութ ձորում
Քո պայծառ ուղին անդարձ չկորի:
«Բակունցը անյողդողդ էր, հարազատ իր համոզմունքներին, հին արժէքների կողքին դնում էր իր սրբատաշ որմը, նորի իր արարումը: Նա ցանկանում էր ձերբազատուել հողժողկոմատի՝ իր ծառայութիւնից եւ անցնել ստեղծագործական աշխատանքի»:
Եւ իրապէ՛ս մեծ ոստումով Բակունց գրաւեց հայ գրականութեան հրապարակը՝ 1927-1937 տասնամեակին։
«Մթնաձոր»ին հետեւեցաւ «Յովնաթան Մարք» երգիծական վիպակը, իսկ 1933ին լոյս տեսաւ «Սեւ Ցելերի սերմնացանը», որ «Մթնաձոր»ով անմահացած հայ արձակագրութեան անմահ էջերը հարստացուց նոյնքան եւ աւելի գեղեցիկ՝ անկորնչելի պատմուածքներով։
Բակունց ձեռնարկեց նաեւ շարժանկարի համար բեմագրութեանց եւ ստեղծեց «Զանգեզուր» շարժանկարի բնագիրը, որ սակայն բնաւ չնկարահանուեցաւ իր բակունցեան հարազատութեամբ, այլ՝ խեղաթիւրուած տարբերակով հրամցուեցաւ հայոց սերունդներուն, խորհրդային հակադաշնակցական թոյնով լեցնելով անոնց հոգին։
Խորհրդային իշխանութիւնները կատաղի պայքար ծաւալեցին Բակունցի դէմ, 1936ին ձերբակալեցին, քանի մը ամիս ամէնէն ահաւոր չարչարանքներու ենթարկեցին հայկական արձակի փառքը մարմնաւորող մեծ գրողին, բայց չկրցան Բակունցին պարտադրել «խոստովանութիւններ» եւ ի վերջոյ կարճատեւ, հազիւ 25 ռոպէ տեւած «դատավարութենէ» մը ետք, մահուան դատապարտեցին եւ անմիջապէս, գնդակահարումով, պոկեցին կեանքի թելը հայկեան հանճարին այս ինքնատիպ ու առինքնող ճառագայթումին։
Կիսաւարտ մնացին Բակունցի «Խաչատուր Աբովեան» եւ «Կարմրաքար» ծաւալուն գործերը։ Բայց այն ամէնը, ինչը Բակունց գեղարուեստական բարձրորակ արարումով վերադարձուց իր ժողովուրդին՝ արժանաւորապէս հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ անմահ գրողներու համաստեղութեան մէջ ինքնուրոյն եւ բարձրադիր պատուանդան ապահովեց միայն 38 տարի ապրած, բայց ամբողջ դարերու վրայ լոյս սփռող արուեստի կոթող նուաճած Ակսէլ Բակունցին։
Բակունցի ծննդեան տարեդարձը նշելու եւ անոր պատգամով հաղորդուելու թող ծառայէ անոր խոհերէն կազմուած պատահական այս փունջը.-
— Մաքուր լեզուի, կենտրոնաձիգ լեզուի խնդիրը պէտք է դնել: Ես գտնում եմ, որ այդ լեզուն խարսխուած պէտք է լինի ժողովրդական լեզուի վրայ:
— Էական հարցերից մէկը գրելաձեւի եւ նիւթի միմեանց հետ մերուելն է: …Կարեւորն այն չէ, թէ հին կամ նոր կեանք է պատկերւում. կարեւորը պատկերելու մէջ նոր ձեւ ստեղծելն է…
— Մեծամիտ դատարկապորտը մխիթարում է ինքն իրեն նրանով, որ… մեծ մարդկանց սկզբում հալածում են, յետոյ մեծարում:
— Ո՛չ մի զիջում, հաշտութեան եւ ոչ մի եզր դաւանած սկզբունքից: Նորը պատերազմում պիտի յաղթի, իսկ հակառակորդին խնայելը նշանակում է դաւաճանել «ընդհանուր երջանկութեան»:
— Գրողները փոխանակ իրենց երկերի ձեւը կառուցեն՝ բուն նիւթի էութիւնից ելնելով, այդ նիւթը խոթում են յանձնարարուած ժանրի շրջանակի մէջ:
— Ինչպես հայ, այնպէս էլ վրաց գրականութեան հիմնական թերութիւնը ես համարում եմ որոշ գաւառականութիւնը:
— Պատմական իրադարձութիւնների քննադատական վերանայման ուղին արժէքաւորագոյն միջոց է գրականութեան մէջ նոր աւանդներ մուծելու համար:
— Որտե՞ղ է ճշմարիտ ուղին.- Այդ ուղին վերադարձն է դէպի սկզբնաղբիւրները, դէպի ժողովրդական ստեղծագործութիւնը:
— Մեր գրողների պարտականութիւնն է քննել, ուսումնասիրել դրանք, քննադատօրէն վերցնել այնտեղից էպիկականութիւնը, արտայայտման խստութիւնը, լեզուի հարստութիւնները, բառերի ժլատ տնտեսումը:
— Ժողովրդի լեզուն պիտի հասկանաս ու գրես բնութեան լեզուով, որ ամէն ինչ լեզու առած խօսի հոգուդ հետ: