Մեր հայրենակիցներու եւ միութիւններու վարչութիւններու ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ Երկուշաբթի՝ 25 Մայիս 2020էն սկսեալ, Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պատճառով ստիպողական երկամսեայ փակումէն ետք, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբը, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնը եւ Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբը պիտի վերաբացուին եւ պիտի սկսին գործել առօրեայ յաճախականութեամբ։
Արգիլումներու վերացման պետական որոշումներուն համաձայն եւ զգուշութեան կանոնները յարգելու պայմաններով, ակումբներուն մէջ եւս պիտի կիրարկուին անհրաժեշտ միջոցներն ու նախազգուշական կանոնները ժողովներու, հանդիպումներու, ընկերային ժամանցի եւ այլ գործունէութեան ընթացքին։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն եւ վարչական միաւորներուն վերսկսելու իրենց ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը ակումբներէն ներս, մեր հաւաքական ակմբային բնականոն կեանքի վերաշխուժացման հեռանկարով եւ նոր ծրագիրներով։
Ակումբներու վարչութիւններ