ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Նո­րերս, լրա­հո­սի նիւթ դար­ձաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան կա­պո­ւած գայ­թակ­ղու­թիւն մը, որ ոչ ա­ռա­ջինն է եւ ոչ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լայ: ­Պար­զա­պէս հան­րու­թիւ­նը կ­’ի­մա­նայ միա՛յն ­բա­ցա­յայ­տո­ւա­ծը, կա­տա­րո­ւա­ծէն ետք, ե­թէ ան­շուշտ պատ­րիար­քա­րա­նի նեղ վեր­նա­խա­ւը, ով գի­տէ ինչ պատ­ճա­ռով, չկա­րե­նայ ծա­ծուկ պա­հել պա­տա­հա­րը: Այս վեր­ջի­նը ա­նոնց­մէ էր, լու­րը հան­րայ­նա­ցաւ, ա­պա պատ­րիար­քա­րա­նէն «պա­տաս­խա­նա­տու» ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը իբ­րեւ բա­ցատ­րա­կան ու ար­դա­րա­ցում եր­կա­րա­շունչ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կեց գրե­թէ ո­չինչ ը­սե­լու հա­մար, բա­ցի աս­պա­րէզ կար­դա­լէ ա­նոնց, ո­րոնք, ըստ հա­ղոր­դագ­րու­թեան, իբր թէ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէ­մի հարս­տու­թիւ­նը ազ­գի հարս­տու­թիւն կը սե­պեն, բայց եւ այն­պէս, Ե­թէ ա­նոնք ան­կեղծ ըլ­լա­յին ի­րենց նա­խան­ձախնդ­րու­թեան մէջ, ա­պա ու­րեմն վան­քի ծախ­սե­րուն հոգն ալ ի­րեն­ցը կը նկա­տէին…ե­ւայլն, ե­ւայլն:
Չ­գիտ­ցող­նե­րուն հա­մար հե­տե­ւեալն է գայ­թակ­ղու­թիւ­նը:
­Սիո­նի վրայ վան­քին պատ­կա­նող շուրջ 10.000 քա­ռա­կու­սի մեթր հո­ղա­տա­րածք մը կայ,-Դ­ժո­ւար գտա­նե­լի տա­րածք` Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր ա­մէ­նէն թանկն ու անգ­տա­նե­լին հո­ղակ­տոր ը­սո­ւածն է: Ը­սենք նաեւ, որ ­Յոր­դա­նա­նի եւ ­Պա­ղես­տի­նի խստա­գոյնս պատ­ժե­լի օ­րէն­քով հրեա­նե­րուն հող-տուն վա­ճա­ռե­լը դա­ւա­ճա­նու­թիւն կը հա­մա­րո­ւի:
­Պատ­րիար­քա­րա­նի վեր­նա­խա­ւը, գաղտ­նա­բար եւ ոտ­նա­կո­խե­լով նոյ­նիսկ ներ­քին-միա­բա­նա­կան կա­նո­նա­կար­գը, պան­դո­կա­շի­նու­թեան հա­մար աւստ­րա­լիա­ցի գոր­ծա­րա­րի մը 99 տա­րի­նե­րու հա­մար վար­ձա­կա­լու­թեան տո­ւած է այդ հո­ղա­շեր­տը, ո­րուն 7.000 մեթր քա­ռէին վրայ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի եօթ­նաստ­ղա­նի հիւ­րա­նոց մը: ­Մինչ պատ­րիար­քա­րա­նի ներ­քին կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը ո­րե­ւէ վար­ձա­կա­լա­կան պայ­մա­նագ­րի հա­մար ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 49 տա­րի սահ­մա­նած է եւ այդ ալ՝ օ­րա­կար­գը միա­բա­նա­կան ընդհ. ժո­ղո­վին դրո­ւե­լէ ու ա­նոր հա­ւա­նու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք միայն: ­Տա­կա­ւին յստակ ալ չէ, վար­ձա­կա­լա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը 99 տա­րի ետք վե­րա­նո­րո­գե­լի պայ­մա­նո՞վ է թէ ոչ : ­Վե­րա­նո­րո­գե­լի կը նշա­նա­կէ…մշտա­կան: (­Հա­ւա­նա­բար գոր­ծա­րա­րը հրեայ է, այ­լա­պէս Իս­րա­յէ­լի սպա­սար­կու­թեանց հա­մար դժո­ւար մար­սե­լի պի­տի ըլ­լար օ­տա­րազ­գիի մը (գրե­թէ) սե­փա­կա­նա­տի­րու­թիւ­նը այդ հո­ղա­շեր­տին՝ այն ալ ­Սիո­նի վրայ):
­Գայ­թակ­ղու­թեան հան­րայ­նա­ցու­մէն ետք, միա­բա­նու­թե­նէն 12 միա­բան­ներ ա­նակն­կա­լի ե­կած՝ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ստո­րագ­րե­ցին, ի­րենց ան­տե­ղեա­կու­թիւնն ու ընդվ­զու­մը ար­տա­յայ­տե­ցին կա­տա­րո­ւած ա­նօ­րի­նա­կան գոր­ծար­քին դէմ եւ պա­հան­ջե­ցին ա­նոր չե­ղար­կու­մը…: ­Տես­նենք, այդ 12 միա­բան­նե­րը ի­րենց կե­ցո­ւած­քին մէջ հաս­տատ պի­տի մնա՞ն թէ ոչ: Ե­րա­նի թէ կա­րե­նան դի­մա­նալ հա­ւա­նա­կան ճնշում­նե­րու, խոս­տում­նե­րու, շան­թաժ­նե­րու…:
Ին­չո՞ւ շա­րու­նա­կո­ւող այս գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այ­լեւս չեն զար­մաց­ներ…:
­Նո­ւի­րա­պե­տա­կան մեր չորս ա­թոռ­նե­րու մէջ միա’կն­ է Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կէ շե­ղած ու զար­տու­ղու­թեան մէջ մնալ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ իւ­րա­յա­տուկ ու ինք­նա­տիպ նկա­րագ­րէն: Այ­սինքն՝ զերծ է ան ո­րե­ւէ հա­կակ­շի­ռէ: ­Կարճ՝ հո­գե­ւոր ու վար­չա­կան ա­ռու­մով փակ կղե­րա­պե­տու­թիւն է : ­Մեր ե­կե­ղե­ցիին ԱԶԳԱՅԻՆ ըլ­լա­լու նկա­րա­գի­րը կը շեշ­տո­ւի այն հան­գա­ման­քով, որ՝ կա­թո­ղի­կո­սի-պատ­րիար­քի եւ ա­ռաջ­նոր­դի թէ’ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, թէ’ հա­մայն­քա­յին վար­չա­րա­րա­կան, կա­լո­ւած­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման, կրթա­կան եւ այլ մար­զե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու ծրագ­րու­մին, տնօ­րին­ման ու գործ­նա­կա­նաց­ման մաս­նա­կից են նաեւ ազ­գա­յին­ներ, աշ­խար­հա­կան­ներ: Ա­ռանց այդ մաս­նակ­ցու­թեան չենք կար­ծեր, որ ար­դա­րա­ցո­ւած պի­տի ըլ­լար մեր ե­կե­ղե­ցիին տրո­ւած ԱԶԳԱՅԻՆ կո­չու­մը, յատ­կա­նի­շը։
Այն­քան ա­տեն, որ պատ­րիար­քա­րա­նի թան­գա­րա­նին ու կա­լո­ւած­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թիւնն ու տնօ­րի­նու­մը կը մնան վա­նա­կան վեր­նա­խա­ւի եր­կու-ե­րեք աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րու մե­նաշ­նոր­հը, մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք լսել միա’յն ­բա­ցա­յայ­տո­ւած գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին, ու՝… պի­տի չզար­մա­նանք: ­Բայց պի­տի չլսենք ծա­ծուկ-գաղտ­նի սայ­թա­քում­նե­րը:
­Հայ­կա­կան Ե­րու­սա­ղէ­մի կղե­րա­պե­տու­թեան մա­սին ի՞նչ դիրք ու ը­սե­լիք ու­նին նո­ւի­րա­պե­տա­կան միւս ա­թոռ­նե­րը: Ի՞նչ ը­սե­լիք ու ը­նե­լիք ու­նի յատ­կա­պէս Ա­մե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը, որ ի հո­գե­ւորս մե­ծա­ւորն է, որ կը ձգտի ըլ­լալ նաեւ բո­լո­րին վե­րա­կա­ցուն:
­Շա­րու­նա­կու­թիւ­նը յա­ջոր­դիւ: