ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տի­րող վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Ալ ­Պա­պը հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նայ: Իսկ 1915 թո­ւա­կա­նին տուն-տե­ղէ զրկո­ւած հա­յե­րուն հա­մար Ալ ­Պա­պը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, մա­հո­ւան կա­յա­րան էր: ­Նիւ Եոր­քի ­Քո­լոմ­պիա հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, հե­տա­զօ­տող ­Խա­չիկ ­Մու­րա­տեան «Ա­կօս» թեր­թին մէջ հրա­տա­րա­կած է հա­տո­ւած մը իր յօ­դո­ւա­ծէն, որ կը պատ­րաս­տո­ւի տպագ­րու­թեան: Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այդ հա­տո­ւա­ծը:

1916 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին օ­րը, ­Յով­հան­նէս ­Խա­չե­րեան արթն­ցաւ ձայ­նէն իր մօ­տե­րը գտնո­ւող կնոջ մը, որ «Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ» շա­րա­կա­նը կ’եր­գէր: ­Քա­նի մը երկ­վառ­կեան տե­ւեց, մին­չեւ որ գի­տակ­ցե­ցաւ, թէ կը գտնո­ւի ոչ թէ իր պա­պե­րուն հա­րա­զատ հո­ղին` ­Պար­տի­զա­կի իր տան մէջ, այլ Ալ ­Պապ ա­ւա­նին մեր­ձա­կայ­քը գտնուող կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բա­րի մը մէջ. ա­ւան մը, ո­րուն ա­նունն իսկ նա­խա­պէս չէր լսած:
­Յով­հան­նէս Ալ ­Պապ հա­սած էր նա­խորդ ի­րի­կուն` 31 ­Դեկ­տեմ­բե­րին: ­Յոր­դա­ռատ անձ­րե­ւին տակ ան եւ ի­րեն հետ ե­ղող­նե­րը մօ­տե­ցած էին քա­ղա­քի դար­պաս­նե­րուն` ի զուր փոր­ձե­լով կա­շա­ռել եւ քա­ղաք մտնել: Ա­նոնց ստի­պած էին եր­թալ մօ­տա­կայ­քը գտնո­ւող կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար, ուր վրան­նե­րու տակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ա­պաս­տա­նած էին:
­Յով­հան­նէս կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի հասկ­նար, որ Ալ ­Պա­պի մէջ հա­յե­րը չքա­ւո­րու­թեան, հի­ւան­դու­թեան եւ բռնու­թեան պայ­ման­նե­րուն զոհ կ­՛եր­թան: ­Նոյ­նիսկ ե­թէ կեն­դա­նի մնա­յին, մղձա­ւան­ջը տա­կա­ւին եր­կար պի­տի տե­ւէր:
­Սա­կայն ­Յով­հան­նէս կրցած էր ողջ դուրս ել­լել Ալ ­Պա­պի գաղ­թա­կա­յա­նէն, ո­րուն մա­սին պա­տե­րազ­մէն ետք պի­տի գրէր: ­Յով­հան­նէ­սին գաղ­թա­կա­յան հաս­նե­լէն 101 տա­րի անց, այս տո­ղե­րը գրո­ւած ա­տեն, ՏԱՀԵ­Շի հա­կակ­շի­ռին տակ գտնո­ւող Ալ ­Պա­պը կը գրա­ւէ թեր­թե­րուն խո­րա­գիր­նե­րը:

Անձ­րեւ եւ ձիւն

­Տե­ղա­հա­նու­թեան եւ կո­տո­րա­ծի ա­ռա­ջին ա­լի­քէն փրկո­ւած հա­յե­րը ­Մա­յիս 1915էն սկսեալ կը հաս­նին ­Հա­լէ­պի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նը գտնո­ւող Ալ ­Պապ ա­ւան: Ա­սի­կա ա­մէ­նէն մեծ գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն եւ դէ­պի ա­նա­պատ տա­նող աք­սո­րի գլխա­ւոր ան­ցա­կէտ­նե­րէն մէկն էր:
21 ­Մա­յի­սին մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ­Զէյ­թու­նէն, ­Մա­րա­շէն, ­Հա­ճը­նէն եւ մօ­տա­կայ գիւ­ղե­րէն տե­ղա­հա­նո­ւած 1466 աք­սո­րա­կան­նե­րու կա­րա­ւա­նը կայք կը հաս­տա­տէ Ալ ­Պա­պի մէջ: Աշ­նան ա­ռա­ջին անձ­րեւ­նե­րուն հետ գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ սկիզբ պի­տի առ­նեն աղ­քա­տու­թիւնն ու չքա­ւո­րու­թիւ­նը: Ալ ­Պա­պը, որ կը գտնո­ւի կա­ւա­հո­ղի վրայ, ամ­բող­ջու­թեամբ ճա­հի­ճի պի­տի վե­րա­ծո­ւէր, ո­րով­հե­տեւ հո­ղը պի­տի չներծ­ծէր անձ­րե­ւին ջու­րը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած ­Յա­կոբ ­Սե­րո­բեան, որ Ալ ­Պա­պի գաղ­թա­կա­յա­նէն ան­ցած էր, իր յու­շե­րուն մէջ կը գրէ.- «Ան­ծայ­րա­ծիր տա­րա­ծու­թեան վրայ տե­ղա­կա­յո­ւած հայ աք­սո­րա­կան­նե­րու գաղ­թա­կա­յա­նը մեր աչ­քին առ­ջեւ կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ: ­Բա­ռե­րը ի զօ­րու չեն նկա­րագ­րե­լու ի­րա­վի­ճա­կը: ­Գի­շե­րա­յին անձ­րեւ­նե­րը գաղ­թա­կա­յա­նը լի­ճի վե­րա­ծած էին: ­Ջու­րը մար­դոց ծուն­կե­րուն սկսած էր հաս­նիլ, ա­նոնց ամ­բողջ ա­ռար­կա­նե­րը ջու­րին մէջ թա­ղո­ւած էին: Ու­ժաս­պառ մար­դիկ նոյ­նիսկ աղ­տին, հի­ւան­դու­թեան եւ սո­վին մէջ չէին կրնար տե­ղեր­նէն շար­ժիլ… ­Գի­շե­րա­յին փո­թո­րի­կին եւ անձ­րե­ւին պատ­ճա­ռով փլած վրան­նե­րուն տակ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ, ան­վերջ տա­ռա­պանք­նե­րու մէջ, լա­թե­րու վրայ ան­շար­ժա­ցած պառ­կած էին: Ո՛չ ­Կար­միր ­Խաչ կար, ո՛չ օգ­նող ձեռք եւ ո՛չ իսկ յոյ­սի նշոյլ մը…»:
Ան­գամ մը նոյ­նիսկ ձիւն տե­ղա­ցած էր: ­Խա­չե­րեան կը յի­շէ, թէ ինչ­պէ՛ս 1916 թուա­կա­նին, փետ­րո­ւա­րեան ա­ռա­ւօտ մը, կ­՛արթն­նայ ու կը տես­նէ, որ գաղ­թա­կա­յա­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ձիւ­նի բա­րակ շեր­տով պա­տո­ւած էր. «Ա­սի­կա վեր­ջին բանն էր, որ աղ­քա­տու­թեան դէմ մա­քա­ռող, սո­ված եւ հի­ւանդ մար­դը կրնար փա­փա­քիլ»:

­Կեանք ու մահ

­Գաղ­թա­կա­յա­նը կի­սով բաց էր: ­Տե­ղա­ցի­նե­րը ա­ռեւ­տու­րի կամ կին ու ե­րե­խայ փախց­նե­լու հա­մար կը մտնէին այդ­տեղ: ­Կը պա­տա­հէր, որ գի­շեր­նե­րը կը յար­ձա­կէին, գո­ղու­թիւն կ­՛ը­նէին կամ մարդ կ­՛ա­ռե­ւան­գէին, իսկ զի­նո­ւոր­նե­րը կը բա­ւա­րա­րո­ւէին միայն այդ բո­լո­րը դի­տե­լով եւ եր­բեմն ա­ւա­րէն բա­ժին ստա­նա­լու հա­մար ան­մեղ զո­հե­րուն վնաս հասց­նող մար­դոց կ­՛օգ­նէին:
­Շատ քիչ էր ու­տե­լի­քը: Անճր­կու­թիւ­նը հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ կը մղէր նոյ­նիսկ սատ­կած ա­նա­սուն­ներ ու­տե­լու: ­Գաղ­թա­կա­յա­նի բնա­կիչ­նե­րը ժան­գո­տած եր­կաթ­նե­րով ա­նա­սուն­նե­րուն ոս­կոր­նե­րէն միս կը քեր­թէին: Ա­րամ Ան­տո­նեան կը պատ­մէ.- «­Յա­ճախ մի­սի հա­մար կը վի­ճէին եւ ա­պա­հո­վո­ւած մի­սը հում-հում կ­՛ու­տէին: ­Բախ­տա­ւոր կը նկա­տո­ւէին ա­նոնք, ո­րոնք փճա­ցած մի­սը ե­փե­լու կամ տաքց­նե­լու հա­մար կրակ կրնա­յին վա­ռել»:
­Կա­յին հայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք չկա­րե­նա­լով կե­րակ­րել ի­րենց ե­րե­խա­նե­րը, տե­ղա­ցի­նե­րու տո­ւին զա­նոնք: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րէն ­Վեր­ժին Թն­կը­րեան կը պատ­մէ, որ երբ Ալ ­Պապ գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ տի­ֆի հա­մա­ճա­րա­կը կը բռնկի, կ­՛ո­րո­շէ իր ե­րե­խան ու­րի­շին տալ. «Ա­նօ­թի-ծա­րաւ էինք ու աղ­քա­տու­թեան մէջ: Այս բո­լո­րը չէին բա­ւեր, վրայ հա­սաւ տի­ֆը: Ես ալ հի­ւան­դա­ցայ, չկար մէ­կը, որ աղջ­կաս հոգ տա­նէր: Մ­տա­ծե­լով, որ կը մա­հա­նամ, աղ­ջիկս տո­ւի ա­րա­բի մը»:
­Նո­յեմ­բեր 1915 թո­ւա­կա­նին, առ­տու կա­նուխ Ալ ­Պապ կ­՛այ­ցե­լէ հայր ­Տա­ճատ Արս­լա­նեան եւ սահմռ­կե­ցու­ցիչ պատ­կե­րի մը դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւի. «Անձ­րեւ­նե­րու պատ­ճա­ռով լճա­կի վե­րա­ծո­ւած հո­ղակ­տո­րին վրայ, ցե­խի եւ ջու­րի մէջ, հա­զա­րա­ւոր վրան­ներ լա­րուած էին: Վ­րան­նե­րուն ծայ­րե­րը դիակ­ներ կամ մա­հո­ւան մա­հի­ճին մէջ ե­ղող մար­դիկ պառ­կած էին: Այն­քան մեծ էր նման­նե­րուն թի­ւը, որ մա­հա­ցած­նե­րը թա­ղե­լու հա­մար կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նշա­նա­կո­ւած մար­դիկ չէին հաս­ներ զա­նոնք թա­ղե­լու»: ­Հայր ­Տա­ճատ՝ գի­տակ­ցե­լով, որ գաղ­թա­կա­յա­նի բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը մա­հա­ցած կամ հի­ւանդ էին, կա­ցու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ինք կը ստանձ­նէ: ­Տի­ֆի պատ­ճա­ռով, որ ամ­բողջ գաղ­թա­կա­յա­նը կուլ տո­ւած էր, օ­րը 350-400 մա­հա­ցող­նե­րու դիակ­նե­րը հո­ղին յանձ­նե­լու հա­մար գայ­մա­գա­մէն օգ­նու­թիւն խնդրած էր: Ի­րա­ւա­սու­նե­րը դիակ­նե­րը ամ­փո­փե­լու հա­մար 50 գե­րեզ­մա­նա­փոր եւ մէկ հսկիչ ղրկած էին: ­Գե­րեզ­մա­նա­փոր­նե­րը եր­կու խում­բի բաժ­նո­ւած էին: ­Մէկ խում­բը ա­մէն ա­ռա­ւօտ կը շրջէր 5000 վրան­նե­րը եւ դիակ­նե­րը կը հա­ւա­քէր, իսկ միւս խում­բը գաղ­թա­կա­յա­նէն դուրս խո­շոր փոս կը փո­րէր: ­Կէ­սօ­րէ ետք դիակ­նե­րը փո­սին մէջ կը թա­ղէին: ­Հայր ­Տա­ճատ կը պատ­մէր.- «Այդ­պէ՛ս, ­Դեկ­տեմ­բեր 1915էն մին­չեւ ­Յու­նո­ւար-­Փետ­րո­ւար 1916, 36-40 հա­զար հո­գի հո­ղին յանձ­նած են»:

­Դար­ձեալ տե­ղա­հա­նու­թիւն դէ­պի ա­նա­պատ

1916 թո­ւա­կա­նի սկիզ­բը կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բա­րի պա­հակ­նե­րը կրկին աշ­խու­ժա­ցու­ցին տե­ղա­հա­նու­թեան ըն­թաց­քը. կի­նե­րը, տղա­մար­դիկ եւ նոյ­նիսկ ե­րե­խա­նե­րը մա­հակ­նե­րով կը ծե­ծէին: ­Խա­չե­րեան կը պատ­մէ, որ կը պո­ռա­յին՝ «­Դե՜հ, ոտ­քի՛ ե­լէք, վրան­նե­րը քան­դե­ցէ՛ք, ոչ ոք պի­տի մնայ այս­տեղ»: Ալ ­Պա­պի դժոխ­քէն փրկո­ւող­նե­րը կ­՛ու­ղար­կո­ւէին ­Մես­քե­նէէն ­Տէր ­Զօր, Եփ­րատ գե­տի եր­կայն­քին փռո­ւած կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­ներ , զորս նոյն­պէս 1916 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ ա­մի­սէն սկսեալ պի­տի պար­պէին` հոծ բազ­մու­թիւ­նը ուղ­ղե­լով դէ­պի ­Տէր ­Զօ­րի ա­նա­պատ: ­Հոն 1916 թո­ւա­կա­նի ամ­րան ողջ մնա­ցած 200 հա­զար հա­յեր սպան­նո­ւե­ցան թուրք ժան­տար­մա­նե­րու (ոս­տի­կան­նե­րու) կող­մէ` հրո­սա­կա­խում­բե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ:
­Հա­լէ­պի մէջ ­Գեր­մա­նիոյ փոխ-հիւ­պա­տոս ­Հոֆ­ման Օ­գոս­տո­սի վեր­ջե­րը կը զե­կու­ցէր, որ «­Հա­լէ­պէն ­Տէր ­Զօր գա­ցող ճամ­բան մե­ռե­լա­յին լռու­թիւն կը տի­րէ: ­Մես­քե­նէէն հե­ռու գտնո­ւող գաղ­թա­կա­յան­նե­րու մէջ ա­պաս­տա­նող­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօ­րէն նո­ւա­զած էր: ­Տէր ­Զօ­րի մէջ մնա­ցած էին միայն քա­նի մը հայ ար­հես­տա­ւոր­ներ: ­Սա­կայն 8 շա­բաթ ա­ռաջ այս գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ կա­յին»: Ըստ ­Հոֆ­մա­նի՝ գաղ­թա­կա­յան­նե­րուն մէջ պա­հո­ւը­տած, կամ այլ շրջա­նի տու­նե­րուն մէջ բնա­կող մար­դիկ «ան­հե­տա­ցած էին»: ­Տէր ­Զօ­րէն մի­սիո­նար­նե­րուն նա­մակ­ներն ու բա­ցիկ­նե­րը չէին հաս­ներ այ­լեւս: ­Խար­բեր­դի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հիւ­պա­տոս ­Լես­լի Ա. ­Տե­ւիս այս բո­լո­րին վե­րա­բե­րեալ կը գրէ.- «­Յայտ­նի էր, որ հոն տե­ղի ու­նե­ցող կո­տո­րած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շշուկ­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ի­րա­կա­նու­թեան»: