Փարիզի արուարձան Ալֆորվիլն ու Արցախի գիւղաքաղաք Բերձորը (նախկին Լաչին) վճռած են ամէն գնով հաստատել ու զարգացնել բարեկամութեան կամուրջը, հակառակ ռէալփոլիթիք խաղացող Ֆրանսայի իշխանութիւններու յարուցած արգելքներուն։
Նոյեմբեր 20ին Ալֆորվիլի մէջ նախատեսուած էր ստորագրել բարեկամութեան հռչակագիր մը Ալֆորվիլի եւ Բերձորի քաղաքապետներուն կողմէ։ Սակայն Ֆրանսայի պետութիւնը մերժած էր մուտքի վիզա տալ Բերձորի քաղաքապետ Արտիոմ Սարիբեկեանին եւ անոր պատուիրակութեան անդամներուն, նաեւ ճնշում բանեցնելով՝ որ չփորձեն վիզայի մերժումը շրջանցելու համար դիւանագիտական անցագիր ունենալ, աւելի չբարդացնելու համար կացութիւնը։
Ասիկա բարեկամութեան ստեղծման պահուն ոչ-բարեկամական քայլ մըն էր Ֆրանսայի իշխանութիւններու կողմէ, հանդէպ ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հայութեան։
Բարեկամութեան Հռչակագրի ստորագրութիւնը այնուհանդերձ տեղի ունեցաւ, շնորհիւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշէլ Ժերշինովիչի վճռակամութեան։ Երկու կողմերը համացանցի լսատեսողական Skype դրութեան միջոցով հաղորդակցութեան մէջ մտան, երկու քաղաքապետները պաստառի առջեւ ստորագրեցին հռչակագրի իրենց օրինակները, փոխադարձ ստորագրութիւնը վերապահելով յառաջիկային, երբ Ալֆորվիլի պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Արցախ։
Այս իւրայատուկ եւ աննախընթաց արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեան, Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ինչպէս նաեւ Հ. Յ. Դ. եւ ուղեկից միութիւններու, հայկական համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշէլ Ժերշինովիչ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Շատ տխուր եմ, որ Բերձորի պատուիրակութիւնը այսօր մեզի հետ չէ։ Չեմ համարձակիր կարծել, որ այս քաղաքական որոշումը արդիւնքը ըլլայ օտար երկրի մը ճնշումներուն, թէեւ դէպքերը այդպէս ցոյց կու տան։ Ոչ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ այս բարեկամութեան։ Այս հռչակագիրը ստորագրելու մեր որոշումը անփոփոխ կը մնայ, հակառակ ճնշումներուն։ Յառաջիկային պատուիրակութեամբ մը պիտի այցելեմ Բերձոր, ընկերակցութեամբ երեսփոխան եւ Ալֆորվիլի նախորդ քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի, ստորագրելու համար բարեկամութեան հռչակագիրը»»։
Քաղաքապետը յայտնեց, որ Լիւք Քարվունաս չկրցաւ ներկայ ըլլալ, որովհետեւ նախորդ օր արկած մը ունեցած էր եւ այժմ հիւանդանոց կը գտնուէր։ Բայց ան խնդրած էր որ ներկաներուն փոխանցէ իր անվերապահ նեցուկը Արցախին։
Նախկին քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ յիշեց իր առաջին այցելութիւնը Բերձոր, երբ տակաւին արժանավայել ճամբաներ չկային։ «Արցախը կը պայքարի իր ազատութեան համար։ Ան պէտք է խաղաղութիւն վայելէ եւ զարգանայ։ Կը շնորհաւորեմ մեր քաղաքապետը եւ երեսփոխան Լիւք Քարվունասը, որոնք որդեգրեցին այս ճանապարհը հասնելու համար բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրումին», ըսաւ ան։
Ապա՝ Բերձորէն խօսք առաւ քաղաքապետ Արտիոմ Սարիբեկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի երեք յաջորդական քաղաքապետներուն Արցախի կացութեան նկատմամբ իրենց հասկացողութեան համար։ Ան զանազան մարզերէ ներս համագործակցութեան կոչ ուղղեց։
Նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Ֆրանսայի եւ նրա վարչական շրջանների հետ փոխգործակցութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններից է, եւ քոյր քաղաքների ցանկի ու աշխարհագրութեան ընդլայնումը, նրանց հետ կապերի խորացումը այս քաղաքականութեան առանցքային բաղադրամասերից է»։ Նախագահը աւելցուց, որ Ալֆորվիլի եւ Բերձորի համագործակցութիւնը ունի խոստմնալից հեռանկարներ աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման պարագային։ Քաշաթաղի շրջանը գիւղատնտեսական լայն կարելիութիւններ ունի եւ Բերձոր այդ շրջանի կեդրոնն է, Հայաստանը Արցախին կապող օղակն է, եւ այս հռչակագիրը կրնայ դառնալ ամբողջ շրջանի զարգացման խթան մը։
Յամենայն դէպս, թէեւ հակառակ արգելքներուն տեղի ունեցաւ բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրութիւնը, սակայն ֆրանսական իշխանութիւններու այս վիրաւորական կեցուածքը առիթ պիտի տայ ֆրանսահայութեան ղեկավար մարմիններուն որ հետապնդեն անոր տուն տուող պատճառները եւ ի հարկին վերատեսութեան ենթարկեն ֆրանսական քաղաքական կարգ մը շրջանակներու հետ հայկական համայնքի մերձեցման չափանիշերը։
Գ. Դ.