11 ­Դեկ­տե­բեր 2019ին Հ.Կ.Խ.ի «­Զա­ւա­րեան» եւ «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց կար­գադ­րու­թեամբ, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ զոյգ վար­ժա­րան­նե­րու Դ. Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան մօ­տէն ճանչ­նա­լու, զրու­ցե­լու ու եր­գե­լու ար­ժան­թի­նա­հայ երգ­չու­հի եւ յօ­րի­նող Ա­լին ­Տե­միր­ճեա­նի հետ։
Մեր սի­րե­լի Ա­լի­նը, գե­ղե­ցիկ «ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն» մի­ջո­ցաւ, ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ շատ մեծ ե­ռան­դով ներ­կա­յա­ցուց իր հա­յաս­տա­նեան եւ ար­ցա­խեան ե­րաժշ­տա­կան շրջապ­տոյտ­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը, եր­գեց ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ «­Կա­քա­ւի­կը», ա­պա այս­պի­սի հա­ճե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լէ ետք, մեծ թի­ւով խմբա­յին յի­շա­տա­կե­լի լու­սան­կար­ներ քա­շեց։ Ան նաեւ այ­ցե­լեց Հ.Կ.Խ.ի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ա. ­Գալ­փա­քեան» նա­խակր­թա­րա­նը։
Ե­րի­տա­սարդ հայ երգ­չու­հին մե­նա­կա­տա­րում­նե­րու եր­կու ալ­պոմ ու­նի՝ իր անձ­նա­կան եր­գե­րը սպա­նե­րէ­նով, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցած է ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ տար­բեր ար­ժան­թի­նեան եւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան նա­խա­գի­ծե­րու: Ան միշտ կը հե­տաքրք­րո­ւէր ճանչ­նալ տար­բեր ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւ վայ­րեր, ա­նոր հա­մար՝ ժա­մա­նա­կին շրջած է Ար­ժան­թի­նի նա­հանգ­նե­րու մեծ մա­սը, եր­գե­լով եւ հան­դի­պե­լով տե­ղա­կան նոր եր­գիչ­նե­րու հետ:
Այդ պատ­ճա­ռով, նա­խորդ տա­րի, երբ ան ար­դէն չոր­րորդ ան­գամ կ­՚այ­ցե­լէր ­Հա­յաս­տան, գա­ղա­փա­րը կ­՚ու­նե­նայ նոյ­նը ը­նե­լու նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Այս­պէս, կը մշա­կէ ծրա­գիր մը, որ կը կո­չո­ւի «­Մէկ մարզ, մէկ երգ», որ այս տա­րի զայն կ­՚ի­րա­կա­նաց­նէ «Birthright Armenia» կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։
Ծ­րա­գի­րին նպա­տակն է ՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը տա­րա­ծել, ցու­ցադ­րե­լով միա­ժա­մա­նակ ա­մէն մէկ մար­զի բնու­թիւ­նը ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը:
Ա­լի­նը հե­տաքրք­րո­ւած է ու­սում­նա­սի­րել իւ­րա­քան­չիւր մարզ եւ փնտռել տե­ղա­կան ե­րա­ժիշտ­ներ եւ խում­բեր, ո­րոնց հետ ան կրնայ եր­գել հա­յե­րէն եւ ար­ձա­նագ­րել ե­րաժշ­տա­կան տե­սա­նիւ­թեր:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի եր­գե­րուն, ա­նոր նպա­տակն է ձայ­նագ­րել բո­լոր տա­րի­քի, ո­ճե­րու թէ­՛ա­ւան­դա­կան, թէ՛ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւես­տա­գետ­նե­րու եր­գե­րը:
­Բո­լոր տե­սա­նիւ­թե­րը տեղն ու տե­ղը նկա­րա­հա­նո­ւած են, ա­պա՝ խմբագ­րո­ւած եւ հրա­տա­րա­կուած են դրո­ւագ­նե­րու տե­սա­կով (YouTubeի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու զա­նա­զան հար­թակ­նե­րուն վրայ) եւ այդ բո­լո­րը հա­սա­նե­լի են սպա­նե­րէն եւ անգ­լե­րէն են­թա­գի­րե­րով:
Ա­լի­նին ցան­կու­թիւնն է ա­ւե­լին ի­մա­նալ, յայտ­նա­բե­րել ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւ մա­նա­ւանդ՝ կի­սել մեր հետ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի իւ­րա­քան­չիւր մար­զի եր­գե­րը: Ա­նոր փա­փաքն է ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով կա­մուրջ­ներ ստեղ­ծել եւ տար­բեր ե­րաժշ­տու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կել։
Ա­լին ­Տե­միր­ճեա­նի ծրա­գի­րին կա­րե­լի է հե­տե­ւիլ հա­մա­ցան­ցի հե­տե­ւեալ հաս­ցէ­նե­րէն՝
http://instagram.com/alinmusica
http://facebook.com/alinmusica.ok

http://youtube.com/alinmusica

Հ.Կ.Խ.ի ­Զա­ւա­րեան ազ­գա­յին
վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւն