Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ Եր­կու­շաբ­թի՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 11ին ա­նակն­կա­լօ­րէն հրա­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րեց՝ նե­րում շնոր­հե­լով Ար­ցախ այ­ցե­լե­լուն հա­մար բան­տար­կո­ւած լրագ­րող Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նին: Հ­րա­մա­նա­գի­րին մէջ ը­սո­ւած է, որ ­Լափ­շի­նի նե­րում շնոր­հո­ւած է երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան 109րդ ­յօ­դո­ւա­ծի 22 կէ­տին հա­մա­ձայն, եւ ի զօ­րու է նոյն օրն իսկ։ ­Յի­շեց­նենք, որ ­Պա­քո­ւի ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դա­տա­րա­նը ­Լափ­շի­նը դա­տա­պար­տած էր 3 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան՝ Ատր­պէյ­ճա­նի «գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը» ա­ռանց ար­տօ­նու­թեան այ­ցե­լե­լու «յան­ցան­քով»։