Ս. Յովհաննու Կարապետ քրիստոնեայ աշխարհի հիմնական սուրբերէն մին կը հանդիսանայ։ Իր Աստուածահաճոյ առաքելութենէն ու արեան վկայութենէն անկախ, ան յատկապէս կը յիշուի Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան պարագայով։ Քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, վերոնշեալ մկրտութիւնը կը նկատուի որպէս իւրայատուկ դէպք ու կ’ընկալուի որպէս հաւատքի ամուր հիմք։ Այդ իսկ պատճառով, մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին, երբ մկրտութեան արարողութեան մը ներկայ գտնուինք կամ այդ մասին լսենք, մեր մտքերուն մէջ անմիջապէս կը յայտնուի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը։
Կիրակի 15 Յունուար 2017ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, կատարուեցաւ եկեղեցուոյ անուանակոչութեան տօնը։ Պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Ընդառաջելով Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին՝ տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Ալեքսանտրուպոլսոյ Անթիմոս Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ Երոնիմոս Ծ. Վարդապետ, փոխ-քաղաքապետ պրն. Խրիսթոս Երաքոբուլոս, երեսփոխան պրն. Տիմիթրիոս Րիզոս, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Կ. Կոմիտէի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան, Միջ-Թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, շրջակայ քաղաքներու Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ, անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ տիկ. Նէլլի Անդրէասեանի։
Քահանայ Հայրը քարոզի ընթացքին նախ անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի առաքելութեան։ Ապա՝ ան երեք կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան պատգամը։ Սուրբին հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, մկրտութիւն կատարելը եւ արեամբ նահատակութիւնը։ Կարապետ կոչուած մեծ Սուրբը արդէն ժողովուրդին կը քարոզէր Յիսուսի գալստեան ու փրկագործական առաքելութեան մասին։ Սա կը նշանակէ, թէ ան խորապէս կը հաւատար Աստուծոյ գոյութեան ու զօրութեան։ Մկրտիչ անունը կրող մեծ Սուրբը արդէն Աստուծոյ անունով կը մկրտէր ժողովուրդը։ Եւ հասաւ գրուած ու սպասուած այն պահը, երբ մկրտեց նաեւ Յիսուսը։ Եւ նահատակ բարի Սուրբը իր կեանքն ու առաքելութիւնը աւարտեց գլխատուելով։
Ս. Յովհաննու Կարապետի կեանքն ու առաքելութիւնը ամբողջովին հիմնուեցաւ «Ի սէր Աստուծոյ» գաղափարին վրայ։ Քարոզի աւարտին, պատարագիչ քահանայ հայրը շրջանի հայութիւնը հրաւիրեց ու քաջալերեց Սուրբի օրինակով ներշնչուելու եւ Սուրբի օրհնութեամբ վերափոխուելու։ Ան հաստատեց, թէ Աստուծոյ տունը՝ եկեղեցին, ոեւէ հայու սեփականութիւնը չէ։
Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ոեւէ հայու քմահաճոյքին ենթակայ չէ։ Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, ներկայի ու ապագայի հիմնական մէկ մասնիկն է։
Աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնի առթիւ ջրօրհնէք եւ ապա հոգեհանգիստ՝ եկեղեցւոյ մէջ սպասարկած, այժմ հանգուցեալ հոգեւոր հովիւներու, դպրաց դասի եւ Թաղային Խորհուրդի անդամներու հոգիներուն համար։
Կէսօրուան ժամը 1։30ին, «Անկելոս» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթը։ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեան, խօսք առնելով, նախ շնորհաւորեց բոլորի նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօները ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ ժողովուրդի քաջալերանքին համար։ Ետքը բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան։ Ան տօնին առթիւ շնորհաւորեց տեղւոյն հայութիւնը եւ գնահատեց Թաղային Խորհուրդի կատարած աշխատանքը։
Խօսքերու աւարտին, Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան սովորութեան համաձայն օրհնեց գաթան եւ ներկաներուն փոխանցեց տօնական օրերու իր ջերմ բարեմաղթութիւնները։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, միօրեայ վարժարանի աշակերտներ, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհիներ տիկք. Արմինէ Մխիթարեանի եւ Սոֆիա Ամիրխանեանի, ներկայացուցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը։ Սկիզբը սակայն, Թաղային Խորհուրդի անունով, պրն. Գրիգոր Գուրպանեան ծակեփունջ մը նուիրեց միօրեայ վարժարանի նախկին ուսուցչուհի տիկ. Գոհար Մինասեանին, որպէս շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացում։ Տիկ. Մինասեան 22 երկար տարիներ մեր հայ պատանիներուն բծախնդրութեամբ դասաւանդեց հայերէն լեզու ու հայոց պատմութիւն։
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, Հայ Գթութեան Խաչի «Երեւան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Մարիամ Բետեւոտեան ընթերցեց Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան յղած, Ս. Յովհաննու Կարապետ տօնին առթիւ շնորհաւորական նամակը։ Ետքը միութիւնը կազմակերպեց վիճակահանութիւն։ Ապա՝ ներկաները հայերէն երգերով ու պարերով հաճելի ժամանակ մը անցուցին։
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ալեք.պոլիս, 17 Յունուար 2017