Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեան (Մելիք-Փաշայեւ, 1905-1964)

Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեան (Մելիք-Փաշայեւ, 1905-1964). ­Խորհր­դա­յին ե­րաժշ­տա­կան բե­մի հա­յազ­գի վար­պե­տը Ն.

0
1193

10 ­Հոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 112 տա­րի ա­ռաջ, հա­յոց հի­նա­ւուրց ոս­տան ­Շու­շիի մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան տոհ­մէն ա­րու զա­ւակ մը, որ կնքո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդր ա­նու­նով եւ, իր ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վա­րի բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով, հա­յազ­գի փայլ­քով զար­դա­րեց քսա­նե­րորդ դա­րու ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տի երկ­նա­կա­մա­րը։
Ա­ռա­ւե­լա­բար Ա. ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեւ ա­նու­նով հռչա­կո­ւե­ցաւ 1953ին, ­Խորհր­դա­յին ­Ձիւն­հա­լի ու Խ­րուշ­չո­վեան իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, ­Մոս­կո­ւա­յի աշ­խար­հահռ­չակ Օ­փե­րա­յին Մեծ Թատ­րո­նին ­(Պոլ­շոյ) գլխա­ւոր ղե­կա­վա­րի պա­տո­ւան­դա­նին բարձ­րա­ցած հա­յազ­գի ե­րա­ժիշ­տը։ ­Խորհր­դա­յին եւ ա­րեւմ­տեան ե­րաժշ­տա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ, ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան մե­ծար­ժէք ներդ­րում ու­նե­ցաւ խորհր­դա­յին օ­փե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան այդ բե­մը վե­րա­նո­րո­գե­լու գոր­ծին մէջ՝ ­Պոլ­շո­յի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը թար­մաց­նե­լով եւ հարս­տաց­նե­լով թէ՛ ա­րեւմ­տեան վար­պետ­նե­րու ան­մահ գոր­ծե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մով, թէ՛ վար­չա­կար­գին կող­մէ ան­տե­սո­ւած խորհր­դա­յին բարձ­րո­րակ ե­րա­ժիշտ­նե­րու գոր­ծե­րուն առ­ջեւ բեմ բա­նա­լով։
Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան մա­նուկ տա­րի­քէն ապ­րե­ցաւ եւ ու­սա­նե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ, որ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին իր փառ­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին կը գտնո­ւէր՝ իբ­րեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին գլխա­ւոր օ­ճա­խը։ ­Հա­ւա­նա­բար այդ պատ­ճա­ռով, նաեւ, խորհր­դա­յին աղ­բիւր­նե­րու մէջ Ա. ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ իբ­րեւ վրա­ցի ե­րա­ժիշտ ու խմբա­վար՝ ­Թիֆ­լի­սը նշե­լով իբ­րեւ ա­նոր ծննդա­վայ­րը։
Ա. ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վա­րի իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տեց ­Թիֆ­լի­սի Ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ, ­Նի­քո­լայ ­Չե­րեփ­նի­նի շուն­չին տակ։ 1921ին միա­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի Օ­փե­րա­յին՝ իբ­րեւ օգ­նա­կան ղե­կա­վար, մին­չեւ որ 1924ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ղե­կա­վար։
­Յա­ւե­լեալ մաս­նա­գի­տաց­ման հե­տե­ւե­լու հրա­ւէր ստա­ցաւ ­Լե­նինկ­րա­տի Ե­րաժշ­տա­նո­ցէն, ուր Ա­լեք­սանդր ­Կոու­քի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ, 1928էն մին­չեւ 1930, կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր տա­ղան­դը։ 1930ին վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի Օ­փե­րա­յին գլխա­ւոր ղե­կա­վար։
­Բայց միայն մէկ տա­րի մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ եւ 1931ին մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, ­Պոլ­շո­յի Օ­փե­րա­յին իբ­րեւ ղե­կա­վար միա­նա­լու հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով։ ­Պոլ­շո­յի իր մուտ­քը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Վեր­տիի «Այ­տա» գոր­ծին ներ­կա­յա­ցու­մով, որ իր գոր­ծած մեծ տպա­ւո­րու­թեամբ՝ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վե­րել­քի ու­ղին բա­ցաւ հա­յազ­գի ե­րա­ժիշ­տին առ­ջեւ։
Ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ­Պոլ­շո­յի ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լէ ետք, 1953ին բա­ցո­ւե­ցաւ Ա. ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նի կեան­քին աս­տե­ղա­յին պա­հը, երբ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը յան­կարծ պաշ­տօ­նա­զուրկ ը­րաւ ­Պոլ­շո­յի օ­փե­րա­յի թատ­րո­նին մե­ծա­վաս­տակ գլխա­ւոր ղե­կա­վա­րը՝ ­Նի­քո­լայ ­Կո­լո­վա­նո­վը։ ­Խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կա­նե­րուն բնո­րոշ վար­չա­կան չոր ու կտրուկ ո­ճով՝ ­Կո­լո­վա­նով տուն ղրկո­ւե­ցաւ եւ ­Պոլ­շո­յի գլխա­ւոր ղե­կա­վա­րի հե­ղի­նա­կա­ւոր դիր­քը յանձ­նո­ւե­ցաւ հա­յազ­գի բարձ­րա­տա­ղանդ ե­րա­ժիշ­տին։
Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան լիո­վին ար­ժե­ցուց ինք­զինք։ Գլ­խա­ւոր ղե­կա­վա­րի իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ, ոչ միայն թար­մա­ցուց ու հարս­տա­ցուց ­Պոլ­շո­յի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը, այ­լեւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով մի­ջազ­գա­յին բարձ­րո­րակ պատ­րաս­տու­թեան մա­կար­դա­կին հաս­ցուց ի­րեն վստա­հո­ւած ե­րա­ժիշտ­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թիւ­նը։
Ա­րեւմ­տեան ե­րաժշ­տա­գէտ­նե­րը կը վկա­յեն, որ 1950ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, երբ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան փո­խա­նա­կում­նե­րը թափ ա­ռին ու եւ­րո­պա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ ղե­կա­վար­ներ ե­լոյթ­նե­րու հա­մար հրա­ւի­րո­ւե­ցան ­Պոլ­շո­յի օ­փե­րա­յին թատ­րոն, ընդ­հան­րա­պէս բո­լորն ալ ապ­շե­ցան ի տես տե­ղա­կան ու­ժե­րուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ պատ­րաս­տու­թեան, որ ար­գա­սիքն էր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն եւ մե­ծա­տա­ղանդ ղե­կա­վա­րու­թեան։
­Հա­յազ­գի ե­րաժշ­տա­կան մեծ ղե­կա­վա­րը մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ իր փառ­քը նո­ւա­ճեց 1961ին, երբ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա, որ­պէս­զի Օ­փե­րա­յի Ար­քա­յա­կան ­Տան մէջ (­Քո­վենթ ­Կար­տըն) ղե­կա­վա­րէ «Ս­փե­տե­սի ­Թա­գու­հին»։ Ա­րուես­տի բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դի ցու­ցադ­րու­թեան օր մը ե­ղաւ ա­տի­կա եւ Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նին տեղն ու փառ­քը նո­ւի­րա­գոր­ծեց իբ­րեւ քսա­նե­րորդ դա­րու ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րէն մէ­կը։
­Բայց ինչ­պէս որ պա­տա­հած էր ­Պոլ­շո­յի օ­փե­րա­յին թատ­րո­նին գլխա­ւոր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած իր նա­խորդ­նե­րու պա­րա­գա­յին, Ա. ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեւ իր կար­գին 1962ին, ա­ռա­ւօտ մը, ըստ սո­վո­րա­կա­նին գնաց ­Պոլ­շո­յի Օ­փե­րա­յի իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կը եւ շէն­քի մուտ­քին նկա­տեց, որ գլխա­ւոր ղե­կա­վա­րի իր ա­նու­նը հա­նո­ւած էր գո­վազ­դո­ւած յայ­տա­գիր­նե­րու ցան­կէն։
Այդ­քան չո­րու­թեամբ եւ պար­զու­թեամբ վերջ գտաւ հա­յազ­գի մեծ ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վա­րին փայ­լուն աս­պա­րէ­զը։
Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան եր­կար չապ­րե­ցաւ այ­նու­հե­տեւ։ ­Վախ­ճա­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ, 1964ի ­Յու­նիս 18ին։
Իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած հա­կիրճ այս վկա­յու­թիւ­նը կ­þար­ժէ եզ­րա­փա­կել այն նշու­մով, որ Ա. ­Մե­լիք¬­Փա­շա­յեան միշտ իր կա­պե­րը պա­հեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան հետ եւ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ հա­յազ­գի ար­ժէք­նե­րու առ­ջեւ մոս­կո­վեան բե­մը բա­նա­լու մար­զին մէջ։
Անկրկ­նե­լի ­Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի ա­րո­ւես­տին ա­ռա­ջին գնա­հա­տող­նե­րէն ե­ղաւ եւ ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նի կը պատ­կա­նի այն վկա­յու­թիւ­նը, թէ՝
«­Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի եր­գը ա­րո­ւես­տի ժպիտն է, զար­դա­րում է կեան­քը։ ­Մեծ երգ­չու­հու ա­նու­նը բո­լոր հա­յե­րի մէջ մշտա­պէս ա­ռա­ջաց­նում է մեծ հպար­տու­թեան եւ հիաց­մուն­քի զգա­ցո­ղու­թիւն»։
­Հա­յազ­գի մե­ծար­ժէք ա­րո­ւես­տա­գէ­տը թէեւ եր­կար չապ­րե­ցաւ, բայց ե­րաժշ­տա­կան բե­մի ղե­կա­վար­ման գոր­ծին մէջ ստեղ­ծեց իր ա­ւան­դը, որ խորհր­դա­յին օ­փե­րան ա­ռաջ­նոր­դեց բար­ձուն­քի։ Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեան նաեւ իր յետ­նորդ­նե­րուն կտա­կեց սե­փա­կան կեան­քով ու գոր­ծով նուի­րա­գոր­ծո­ւած պատ­գա­մը՝
«­Մին­չեւ վերջ տրո­ւել թատ­րո­նին, սո­վո­րել ա­նընդ­հատ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւել մշտա­պէս. կար­ծում եմ՝ այս­պէս պէտք է ապ­րի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծի իւ­րա­քան­չիւր ազ­նիւ ա­րո­ւես­տա­գէտ, որ նուի­րո­ւել է թա­տե­րա­րո­ւես­տին»։