Ալեքսանդր Երիցեան (1841-1902)

Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեան (1841-1902). ­Պատ­մա­բա­նի, հնա­գէ­տի եւ ըն­կե­րա­բա­նի մե­ծար­ժէք վաս­տա­կը Ն.

0
1064

21 ­Փետ­րո­ւա­րին, 116 տա­րի ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ մտքի ե­րախ­տա­ւոր մշակ­նե­րէն Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեան։ Եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ 61 տա­րե­կա­նին, մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ար­ժա­նա­ւոր հայ պատ­մա­բա­նը, հնա­գէտն ու ըն­կե­րա­բա­նը՝ ա­նա­ւարտ ձգե­լով տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին իր հա­ւա­քած եւ մշա­կած ար­խի­ւա­յին նիւ­թերն ու քննա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ա­ւանդ յանձ­նե­լու գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը։
­Թիֆ­լի­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան հա­րա­զատ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ե­ղաւ ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան շար­քա­յին պաշ­տօ­նեայ ­Դա­ւիթ Ե­րի­ցեա­նի որ­դի Ա­լեք­սանդ­րը։ Ծ­նող­քը ­Սա­նա­հին գիւ­ղէն էին եւ հաս­տա­տո­ւած ­Թիֆ­լիս, ուր եւ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Ա­լեք­սանդր 24 ­Հոկ­տեմ­բեր 1841ին։ Ըն­տա­նի­քին նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րը եւ ի ծնէ Ա­լեք­սանդ­րի ու­նե­ցած սրտի ա­րա­տի հի­ւան­դու­թիւ­նը խան­գա­րե­ցին բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու ա­նոր ցան­կու­թիւ­նը։ ­Բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նի եւ ­Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան գիմ­նա­զիա­յի ջամ­բած կրթու­թեամբ, բայց ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ ինք­նա­զար­գաց­ման ան­խոնջ մղու­մով՝ կրցաւ յաղ­թա­հա­րել մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թե­նէ զրկո­ւե­լու բա­ցը։ ­Դար­ձաւ հայ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան ար­դի դպրո­ցի ռահ­վի­րա­նե­րէն մէ­կը՝ հո­գե­ւո­րա­կան պատ­մա­բա­նա­սէր­նե­րու դա­սա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէն ան­դին անց­նե­լով եւ իր կա­րե­ւոր տե­ղը գրա­ւե­լով գի­տաքն­նա­կան ուղ­ղու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու շար­քին։
Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեա­նի գի­տա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան զար­գաց­ման մե­ծա­պէս օգ­նեց նաեւ իր կազ­մա­ւոր­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը՝ 19րդ ­դա­րու եր­րորդ քա­ռոր­դը, որ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ա­րեւ­մուտ­քէն մին­չեւ ­Ռու­սաս­տան եւ ­Թուր­քիա ա­զա­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րու յաղ­թար­շա­ւով։
­Թէեւ Ա. Ե­րի­ցեան ա­ւան­դա­պաշտ եւ պահ­պա­նո­ղա­կան մտա­ծո­ղու­թեան տէր մարդ էր, բայց միա­ժա­մա­նակ ա­զա­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րը հո­գե­հա­րա­զատ գտաւ եւ իւ­րո­վի հա­մադ­րեց ա­ւան­դա­կանն ու նո­րա­րա­րա­կա­նը։
­Մինչ մէկ կող­մէ դէմ էր հայ գիւղն ու ընդ­հան­րա­պէս հայ հա­սա­րա­կու­թեան ա­ւան­դա­կան հիւ­սո­ւած­քը ու­ծաց­ման տա­նող օ­տա­րա­մուտ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն, միւս կող­մէ սա­կայն նաեւ բաց եւ ըն­կա­լու­նակ միտք էր այն բո­լոր բա­րե­կար­գում­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք ի վի­ճա­կի էին լու­ծե­լու հայ ժո­ղո­վու­րթին դի­մագ­րա­ւած ըն­կե­րա­յին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը՝ մշա­կե­լի հո­ղե­րու ըն­դար­ձակ­ման, ո­ռոգ­ման եւ ար­գա­սա­ւոր­ման ա­պա­հո­վու­մէն մին­չեւ կրթա­կան ցան­ցի ընդ­լայ­նու­մը եւ սե­րունդ­նե­րու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը։
­Հա­կա­ռակ իր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կի կաշ­կան­դում­նե­րուն, Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեան ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն նե­տո­ւե­ցաւ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան աս­պա­րէզ։ 1866ին հիմ­նեց «­Վա­ճա­ռա­կան» թեր­թը՝ Գ. ­Տէր-Ա­ղեք­սանդ­րեա­նի հետ գոր­ծակ­ցա­բար։ ­Կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լին՝ ինչ­պէս «Կ­ռունկ ­Հա­յոց Աշ­խար­հի», «­Մե­ղու ­Հա­յաս­տա­նի», «Ար­ձա­գանգ», «­Մուրճ», «­Փորձ» եւ ռու­սա­լե­զու «­Կաւ­կազ»։
1877-1878ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, յա­տուկ գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ռու­սա­կան յաղ­թա­կան բա­նա­կի հա­յազ­գի զօ­րա­վար­ներ ­Լո­րիս-­Մե­լի­քո­վի եւ Բ. ­Շել­կով­նի­կո­վի կող­քին։ Իսկ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան պե­տա­կան կա­լո­ւա­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ։ Իր այդ հան­գա­ման­քով ոչ միայն գոր­ծօն դեր ու­նե­ցաւ Անդր­կով­կա­սի ժո­ղովր­դագ­րա­կան եւ ազ­գագ­րա­կան քար­տէ­սի ման­րա­մասն պատ­րաս­տու­թեան մէջ (­Ղա­զա­խի շրջա­նը յանձ­նո­ւե­ցաւ ա­նոր), այ­լեւ մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու պա­հեստ­նե­րուն եւ մաս կազ­մեց հնա­գի­տա­կան թէ հե­տա­զօ­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բե­րու։
­Յատ­կա­պէս ար­շա­ւա­խում­բե­րու հետ մնա­յուն շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րը յոգ­նե­ցու­ցին եւ ա­րա­գա­ցու­ցին Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին քայ­քա­յու­մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով 1886ին հրա­ժա­րե­ցաւ պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէն, մնաց տուն եւ իր կեան­քի մնա­ցեալ 15-16 տա­րի­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րեց գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի։
­Թէեւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կողմ­նո­րո­շու­մով Ալ. Ե­րի­ցեան միշտ հե­ռու մնաց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թե­նէ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին խմո­րո­ւող կու­սակ­ցա­կան շար­ժում­նե­րէն, բայց հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հան­դէս ե­կաւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման թափ տա­լու դիր­քե­րէն՝ խիստ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կե­լով ոչ միայն եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց գաղ­թա­րա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, այ­լեւ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան նեղ-ազ­գայ­նա­կան վե­րա­բե­րու­մը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ։
­Հայ մե­ծա­նուն գիտ­նա­կան՝ լե­զո­ւա­գէտ ու պատ­մա­բան Ս­տե­փա­նոս ­Մալ­խա­սեան, որ Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեա­նի գոր­ծին ու ար­ժէ­քին հիա­ցող­նե­րէն էր, դի­տել կու տայ, որ մին­չեւ 1886 Ե­րի­ցեա­նի հրա­տա­րա­կած յօ­դո­ւած­նե­րը եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը պար­զա­պէս նա­խեր­գանքն էին այ­նու­հե­տեւ ա­նոր ա­ւար­տած ու հա­յե­րէ­նով թէ ռու­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կած աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րուն։ Իբ­րեւ հնա­գէ­տի՝ Ալ. Ե­րի­ցեա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը կը նկա­տո­ւի պրոն­զէ եր­կու դա­րաշր­ջան­նե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը Անդր­կով­կա­սի մէջ։
Իբ­րեւ ազ­գագ­րա­գէտ՝ Ե­րի­ցեան մե­ծար­ժէք նիւ­թեր հա­ւա­քած, մշա­կած ու հրա­տա­րա­կու­թեան յանձ­նած է Անդր­կով­կա­սի տար­բեր ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան կազ­մա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ։
Իսկ իբ­րեւ հայ պատ­մա­բա­նի եւ ըն­կե­րա­բա­նի Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծը կը հան­դի­սա­նայ 1895-1896 թո­ւա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած «Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը եւ ­Կով­կա­սի ­Հայք XIX դա­րում» երկ­հա­տոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը։
­Բա­նա­գէտ­նե­րու ընդ­հա­նուր հա­մո­զումն է, որ անհրա­ժեշտ չա­փով ու­սում­նա­սի­րո­ւած եւ ար­ժե­ւո­րո­ւած չեն կեանքն ու գոր­ծը 21 ­Փետ­րո­ւար 1902ին մա­հա­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­ւոր այս պատ­մա­բա­նին, հնա­գէ­տին եւ ըն­կե­րա­բա­նին։ Ան ու­նե­ցաւ միայն մէկ որ­դի՝ ­Գա­րե­գին Ե­րի­ցեան, որ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ ա­ւար­տած մշա­կոյ­թի հռչա­կա­ւոր գոր­ծիչ մը ե­ղաւ։
Իր 26 ­Փետ­րո­ւար 1902ի հա­մա­րով, այդ ժա­մա­նա­կի ա­րե­ւե­լա­հայ մե­ծա­գոյն օ­րա­թեր­թը հան­դի­սա­ցող «Մ­շակ»ը կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձած է 24 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած Ա­լեք­սանդր Ե­րի­ցեա­նի ազ­գա­յին ու պե­տա­կան շու­քով յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։ ­Ժա­մա­նա­կի հայ, վրա­ցի, ռուս եւ թա­թար հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քեր ներ­կայ գտնո­ւած են ա­նոր թաղ­ման, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ ան­ձամբ դամ­բա­նա­կան խօ­սած է։ Ալ. Ե­րի­ցեա­նի մար­մի­նը իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ ­Խո­ջե­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, ­Րա­ֆիի եւ ­Ծե­րեն­ցի դամ­բա­րան­նե­րէն ոչ շատ հե­ռու։ ­Հայ մտքի եւ բա­նա­սի­րու­թեան մե­ծա­վաս­տակ ե­րախ­տա­ւո­րին նո­ւի­րո­ւած իր մե­նագ­րու­թեան մէջ, Ս. Ս. ­Հա­մա­մեան հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ Ալ. Ե­րի­ցեա­նի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կին մա­սին.
«Ե­րի­ցեա­նը հաս­կա­ցաւ ­Թուր­քիա­յի կա­ռա­վա­րող շրջա­նակ­նե­րի հա­յե­րի նկատ­մամբ տա­րած կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան էու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն քննա­դա­տեց այն օ­րէնք­նե­րը, ո­րոնք կեղծ հա­ւա­սա­րու­թիւն էին քա­րո­զում քրիս­տո­նեա­նե­րի եւ մահ­մե­դա­կան­նե­րի մէջ։ ­Պատ­մա­բա­նը գրում էր.- «­Չորս հա­րիւր տա­րո­ւայ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը մի րո­պէի մէջ չեն վե­րա­ցո­ւի, չորս հա­րիւր տա­րո­ւայ խո­ցե­րը մի ժա­մուայ մէջ ան­կա­րե­լի է բժշկել:
«Քն­նա­դա­տե­լով ­Չամ­չեա­նին այն բա­նի հա­մար, թէ «նրա գրած պատ­մու­թիւ­նը տի­րող ան­ձանց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րի պատ­մու­թիւն է, բայց ո՛չ ազ­գի ներ­քին կե­նաց», Ե­րի­ցեա­նը տար­բե­րո­ւեց ի­րեն նա­խոր­դած պատ­մա­բան­նե­րից նաեւ նրա­նով, որ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­րեց հայ հա­սա­րա­կու­թեան «ներ­քին կե­նաց» վրայ:
«­Նա ա­ռա­ջի­նը ցոյց տո­ւեց ­Ղա­զա­խի եւ ­Բոր­չա­լո­ւի գա­ւառ­նե­րում գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հո­ղա­տի­րու­թեան պատ­կե­րը, գիւ­ղա­ցիու­թեան սա­կա­ւա­հո­ղու­թիւ­նը, նրա ճնշումն ու հարս­տա­հա­րու­մը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի ու կա­լո­ւա­ծա­տէր­նե­րի կող­մից։ ­Պատ­մա­բա­նը ար­ձա­նագ­րեց գիւ­ղատն­տե­սու­թեան յե­տամ­նա­ցու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւամբ նկա­տեց, որ այդ յե­տամ­նա­ցու­թեան պատ­ճառ­նե­րից մէկն էլ հան­դի­սա­նում է գիւ­ղա­ցի­նե­րի սա­կա­ւա­հո­ղու­թիւնն ու նրանց հար­կա­յին ծան­րա­բեռ­նուա­ծու­թիւ­նը»։
«Ե­րի­ցեա­նը գրեց մի շարք աշ­խա­տու­թիւն­ներ նաեւ հայ դպրո­ցի մա­սին։ ­Նա դպրո­ցը հա­մա­րում Էր ժո­ղովր­դի մտա­ւոր զար­գաց­ման ջեր­մա­չափ, լու­սա­ւո­րու­թեան տա­ճար, հա­սա­րա­կու­թեան դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ կրթու­թեան լա­ւա­գոյն օ­ջախ ե­ւայլն։ ­Նա գտնում Էր, որ դպրոց­նե­րում պէտք Է աշ­խա­տեն բարձ­րո­րակ ու­սու­ցիչ­ներ, իսկ դա­սա­ւան­դու­մը տա­րուի խե­լա­ցի ծրագ­րով։
«Ի տար­բե­րու­թիւն Մ. Մս­րեա­նի սխո­լաս­տիկ (գրքու­նակ) ու­սուց­ման, Ե­րի­ցեա­նը ու­սու­ցիչ­նե­րից պա­հան­ջում Էր.- «Էն­պէս սո­վո­րեց­րէք, որ ա­շա­կերտն ու­սում­նա­րանն ա­ւար­տե­լուց յե­տոյ, ու­սում­նա­րա­նում չթող­նի իր բո­լոր սո­վո­րա­ծը ու աշ­խար­հումն նո­րից հար­կադ­րո­ւած չլի­նի սո­վո­րե­լու կեան­քին հար­կա­ւոր բա­ներ, Էն­պէս ա­րէք, որ նրանց ա­մէն ա­ռար­կայ սո­վո­րեց­նե­լիս, մեր կեան­քին յար­մա­րեց­նէր, որ ա­մէն ա­ռար­կայ նրան ճիշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տայ աշ­խար­հի մա­սին եւ ա­մէն մէկ գի­տու­թիւն լի­նի կեան­քի հա­մար օգ­տա­ւէտ եւ ոչ թէ գի­տու­թիւ­նը սո­վո­րել միայն գի­տե­նա­լու հա­մար»։