­Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան մէջ «­Հին յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թիւ­նը` ման­կա­կան աչ­քե­րով» խո­րագի­րով ցու­ցա­հան­դէս-մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հայ եւ յոյն ե­րե­խա­նե­րու 80 նկար­ներ։ ­
Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկա­րիչ, մի­ջո­ցառ­ումի կազ­մա­կեր­պիչ Ան­նա ­Յա­րու­թիւ­նեան նշեց, որ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար հին յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թիւ­նը ոչ միայն հե­տաքրքիր պատ­մու­թիւն­նե­րու շա­րան է, այլ նաեւ ներշն­չան­քի ա­ռատ աղ­բիւր՝ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հա­մար։
«­Ժիւ­րին 80 նկար­նե­րից ընտ­րել է 40 լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ’ու­ղար­կո­ւեն ­Յու­նաս­տան՝ Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լիս։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը կը տրա­մադ­րի մեզ սրահ ցու­ցա­հան­դէս կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Այն­տեղ մեզ կը միա­նան նաեւ հայ հա­մայն­քի ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնց ար­դէն իսկ ա­ռա­ջադ­րանք ենք տո­ւել ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Մրցոյ­թին կ’ընտ­րենք լա­ւա­գոյն 20 նկար­նե­րը եւ հե­ղի­նակ­նե­րին կը շնոր­հենք դիպ­լոմ­ներ, մե­դալ­ներ եւ յա­տուկ մրցա­նակ­ներ», «Ար­մենփրես»-ի հետ զրոյ­ցին ը­սաւ ­Յա­րու­թիւ­նեան։
­Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկա­րի­չը նշեց, որ ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցած են հայ եւ յոյն ե­րե­խա­ներ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զե­րու ա­րո­ւես­տի դպրոց­նե­րէն՝ Ե­րե­ւա­նէն, ­Գիւմ­րիէն, ­Դի­լի­ջա­նէն, Ս­պի­տա­կէն, ­Վա­նա­ձո­րէն, ­Նո­յեմ­բե­րեա­նէն եւ այլն։
«­Թե­ման ու­սու­ցո­ղա­կան է, եւ ե­րե­խա­նե­րը շատ խո­րը ու­սում­նա­սի­րել են յու­նա­կան առասպելները։ ­Բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը փայ­լուն ձե­ւով կա­րո­ղա­ցել են այդ ամ­բող­ջը ու նկա­րել», ը­սաւ ­Յա­րու­թիւ­նեան։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պան Է­վակե­լոս Թուր­նա­կիս նշեց, որ հայ եւ յոյն ե­րե­խա­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն հին յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան նկատ­մամբ։
«Այս մի­ջո­ցա­ռու­մը կը խորհր­դան­շէ ե­րե­խա­նե­րու սէ­րը հին յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան նկատ­մամբ։ ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Յու­նաս­տա­նը պատ­մու­թեան, կրօ­նի, մշա­կոյ­թի ընդ­հա­նուր կա­պեր ու­նին։ ­Դա­րե­րու խոր­քէն ե­կող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին մին­չեւ օրս», եզ­րա­փա­կեց ­Թուր­նա­կիս։