Ժագ Տամատեան

«­Հաս­նինք ­Սա­սուն, մտնինք ­Վան, ­Մուշ, Ա­լաշ­կերտ, Ար­տա­հան…»։
Ան­շուշտ այս սի­րո­ւած հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գը կապ չու­նի «Ա­լաշ­կերտ» պատ­մա­կան ա­նու­նը կրող ոտ­նագն­դա­կի խում­բին հետ։ ­Սա­կայն, իր խաղ­ցող­նե­րը նա­խա­ւար­տա­կան մրցում­նե­րուն պայ­քա­րե­ցան իբ­րեւ «կտրիճ­ներ» եւ Ա­լաշ­կեր­տը դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին խում­բը, որ պի­տի ներ­կա­յա­նայ եւ­րո­պա­կան բա­ժա­կի մը խմբակ­նե­րու հանգ­րո­ւա­նի մը, նո­րաս­տեղծ «Europa Conference League»-ին։
Ա­լաշ­կերտ խում­բին պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի 1990-ին, ­Գե­ղար­քու­նի­քի ­Մար­տու­նի քա­ղա­քէն։ ­Վե­րած­նունդ կը ստա­նայ 2011-ին, տե­ղա­փո­խո­ւե­լով Ե­րե­ւան, ­Շեն­գա­վիթ։ «­Դե­ղին­ներ»-ը կը գոր­ծա­ծեն «­Նա­յի­րի» դաշ­տը, որ 2013-էն նոյն­պէս կը ստա­նայ «Ա­լաշ­կերտ» վե­րա­նո­ւա­նու­մը եւ 2015-ին կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի, ու­նե­նա­լով հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու 6850 հան­դի­սա­տես։ ­Ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը ստանձ­նէ խում­բին հիմ­նա­դի­րը՝ ­Բագ­րատ ­Նա­ւո­յեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան գոր­ծա­կալ։
Ա­լաշ­կերտ ա­նո­ւա­նու­մը մե­զի կը յի­շեց­նէ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի հա­մա­նուն գա­ւա­ռը՝ նշո­ւած ու­րար­տա­կան սե­պա­գիր­նե­րուն մէջ։ ­Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, 2-րդ ­դա­րուն Ք. ե. ­Վա­ղարշ Ա. Ար­շա­կու­նի թա­գա­ւո­րի օ­րով՝ շրջա­նին մէջ կը կա­ռու­ցո­ւի ­Վա­ղար­շա­կերտ քա­ղա­քը, որ ա­պա կը կո­չո­ւի Ա­լաշ­կերտ։ ­Միջ­նա­դա­րին ու­նե­ցած է մին­չեւ 10.000 բնա­կիչ, իսկ ջար­դե­րու ժա­մա­նակ­նե­րուն, 1895-1915, 2.000՝ կէ­սը հա­յեր։ ­Շա­տեր գաղ­թե­ցին Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տան, հաս­տա­տո­ւե­լով Ար­մա­ւիր։
Ա­լաշ­կեր­տի ոտ­նագն­դա­կի կազ­մը, ա­ռա­ջին իսկ ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն, կը ցու­ցա­բե­րէ բարձր մա­կար­դակ եւ ար­հես­տա­վար­ժա­կան գոր­ծե­լա­կերպ ու տա­նե­լով տպա­ւո­րիչ յաղ­թա­նակ­ներ, շու­տով կը բարձ­րա­նայ 1-ին դա­սա­կար­գին։ 2013-14 թո­ւա­կա­նին՝ կը զբա­ղեց­նէ 8-րդ ­դիր­քը ու յա­ջորդ տա­րեշրջա­նին՝ 4-րդը ա­պա­հո­վե­լով իր ներ­կա­յու­թիւ­նը Europa League բա­ժա­կին։
2015-ի ­Յո­ւի­լի­սին տե­ղի կ­’ու­նե­նայ Ա­լաշ­կեր­տի ա­ռա­ջին եւ­րո­պա­կան խա­ղը, շոտ­լան­տա­կան «­Սենդ ­Ճոն­սոն»-ի դէմ, «­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան»-ի ա­նո­ւան դաշ­տէն ներս։ ­Հայ­կա­կան կազ­մը, ­Միհ­րան ­Մա­նա­սեա­նի կօ­լին շնոր­հիւ կը յաղ­թէ 1-0 եւ վեր­ջա­պէս կը յա­ջո­ղի յա­ռա­ջա­նալ յա­ջորդ հանք­րո­ւա­նին։ ­Սա­կայն Ալ­մա­թիին մէջ պար­տո­ւե­ցաւ «3-0»-ով։ Այս­պէս՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ 2-1 հա­շի­ւով յաղ­թա­նա­կը ան­բա­ւա­րար դար­ձաւ։
Ա­լաշ­կերտ նոյն տա­րեշր­ջա­նին կը պսա­կո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ա­խո­յեան։ ­Յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը կրկնո­ւի եր­կու յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն եւ 2020-21-ին։
Այս ա­մառ՝ Champions League-ի հա­մար խա­ղե­րը սկսան Ո­ւել­սէն, ­Քո­մազ ­Նո­մատս խում­բին դէմ 2-2 հա­շի­ւով։ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ կօլ խփե­լով ա­ւե­լա­ցած ժա­մա­նա­կին Ա­լաշ­կեր­տը յա­ռա­ջա­ցաւ։ 2-րդ ­հանք­րո­ւա­նին՝ հա­կա­ռա­կորդ խումբն էր ­Մոլ­տո­վիոյ ­Շե­րի­ֆը, Ի­բերտ­նիս­տե­րիա ինք­նա­վար շրջա­նէն։ Եր­կու պար­տու­թիւն­նե­րով, 0-1 Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ 3-1 ­Թի­րաս­փո­լին մէջ, Ա­լաշ­կեր­տը զի­ջեց Europa League բա­ժա­կին։ ­Շե­րի­ֆը այժմ պի­տի ներ­կա­յա­նայ Champions League-ի խմբակ­նե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար՝ հայ­կա­կան խում­բը կը հան­դի­պի ­Քայ­րաթ Ալ­մա­թիին։ Կ’ը­սո­ւի որ «վրէ­ժը պնակ մըն է որ պաղ կ’ու­տո­ւի»։ ­Թեժ մրցում­նե­րէ ետք, ոչ ո­քի հա­շի­ւով ­Քա­զաքս­տա­նին մէջ եւ 3-2 յաղ­թա­նա­կով Ե­րե­ւա­նին մէջ Ա­լաշ­կեր­տը յա­ռա­ջա­ցաւ։
­Վեր­ջին հա­կա­ռա­կորդն էր ­Շոտ­լան­տիա­յի ա­խո­յեան ­Րէյն­ճերս, Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նաու­ժեղ ու պատ­մա­կան խում­բե­րէն մէ­կը։ Ա­լաշ­կերտ ցու­ցա­բե­րեց ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, պար­տո­ւե­լով 1-0 հա­շի­ւով Կ­լաս­կօու, իսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­շի­ւը չբա­ցո­ւե­ցաւ։
Conference League բա­ժա­կին հա­մար,Ա­լաշ­կեր­տին հետ պի­տի մրցակ­ցին աւստ­րիա­կան ­Լասկ ­Լինծ, իս­րա­յէ­լա­կան ­Մա­քա­պի ­Թել Ա­վիվ եւ ֆին­լան­տա­կան ­Հել­սին­քի խում­բե­րը։ Այս մա­կար­դա­կին՝ խա­ղե­րը միշտ դժո­ւար են։
Ա­լաշ­կեր­տը հա­սաւ այս յա­ջո­ղու­թեամբ ռու­սա­հայ Ա­լեք­սանտր Գ­րի­գո­րեան մար­զի­չի գլխա­ւո­րու­թեամբ, իր կազ­մին ու­նե­նա­լով հայ եւ բազ­մա­թիւ օ­տա­րերկ­րեայ խա­ղա­ցող­ներ՝ ­Ռու­սաս­տա­նէն, Պ­րա­զի­լիա­յէն, Ափ­րի­կեան եր­կիր­նե­րէ ե­ւ այլն։ ­Շատ օ­տար­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ե­րե­ւոյ­թը այ­լեւս շատ սո­վո­րա­կան է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, մա­նա­ւանդ եւ­րո­պա­կան խում­բե­րուն։
­Մեր ­Հայ­րե­նի­քին ար­տա­քին պատ­կե­րը վեր­ջերս շատ վնա­սո­ւած կը թուի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին եւ հան­րու­թեան առ­ջեւ։ ­Զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին մար­զա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ու­րա­խու­թիւն կը ներշն­չեն հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ա­լաշ­կեր­տի շնոր­հիւ Եւ­րո­պա­ցի­նե­րը պի­տի տես­նեն Ե­ռա­գոյ­նը ու պի­տի լսեն Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քի մը ա­նու­նը։