­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­նունն ու մշա­կու­թա­յին տա­ղան­դը հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չու­մի եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նաց­նող ազ­գա­յին մեր մե­ծու­թիւն­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նի Ա­լան ­Յով­հան­նէս, ո­րու ծննդեան 107րդ ­տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտ 8ի այս օ­րը։
­Թէեւ ա­ռա­ւե­լա­բար ա­մե­րի­կեան ե­րաժշ­տու­թեան դափ­նե­կիր մը ե­ղաւ Ա­լան ­Յով­հան­նէս, բայց աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման չճանչ­ցաւ ա­նոր ա­րո­ւես­տը, որ ծայ­րա­գոյն ա­րեւ­մուտ­քէն մին­չեւ ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւելք բարձր հռչա­կի ար­ժա­նա­ցուց հա­յոց ե­րաժշտա­կան տա­ղան­դը։
Ինչ­պէս որ The Boston Globe թեր­թի ե­րաժշ­տա­կան քննա­դատ Richard Buell ա­ռի­թով մը վկա­յած է, Ա­լան ­Յով­հան­նէս «թէեւ հռչա­կո­ւած է իբ­րեւ կար­ծա­տի­պը ինք­նա­գի­տա­կից ­Հայ Եր­գա­հա­նի, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը հա­մա­ձու­լէ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը։ Իսկ այն, որ իր ա­րո­ւես­տին մէջ ա­մէ­նէն ա­մե­րի­կեանն է՝ մշա­կումն է տե­սակ մը տա­րաշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թեան։ Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ե­րաժշ­տու­թեան մթնո­լոր­տը փսփսուք է՝ պատ­կա­ռազ­դու, խորհր­դա­ւոր եւ կա­րօ­տա­բաղձ»։
­Պա­տա­հա­բար չէ, հե­տե­ւա­բար, որ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սը հռչա­կե­ցին «միւս­նե­րէն ա­ռաջ կանգ­նած ե­րա­ժիշ­տը», Անգ­լիոյ մէջ ան գնա­հա­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «­Խա­ղաղ Ա­մե­րի­կա­ցին», իսկ Հնդ­կաս­տա­նի ու ­Ճա­փո­նի մէջ զինք մե­ծա­րե­ցին իբ­րեւ «Ո­րո­նող ­Հայ»ը։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Յով­հան­նէս ­Չաք­մաք­ճեան՝ Ա­լան ­Յով­հան­նէս ծնած էր ­Պոս­թը­նի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն Somervilleի մէջ, 8 ­Մարտ 1911ին։ Որ­դին էր Ա­տա­նա ծնած, Մ. ­Նա­հանգ­ներ ու­սա­նե­լու գա­ցած եւ Tufts Collegeի մէջ քի­միա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս դար­ձած ­Յա­րու­թիւն ­Յով­հան­նէ­սի ­Չաք­մաք­ճեա­նի։ ­Մայ­րը սկով­տա­կան ծա­գու­մով ա­մե­րի­կու­հի մըն էր՝ Madeleine Scott։ ­Հայ­րը բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու, նաեւ՝ հա­յե­րէն-անգ­լե­րէն ա­ռա­ջին բա­ռա­րան­նե­րէն մէ­կուն հե­ղի­նակն էր, որ եր­կար տա­րի­ներ ե­ղաւ ­Պոս­թըն հրա­տա­րա­կո­ւող Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք»ի գլխա­ւոր խմբա­գի­րը: Իսկ մայ­րը, մին­չեւ 1931 թո­ւին իր մա­հը, շա­րու­նակ ընդ­դի­մա­ցած էր զաւ­կին հայ մեծց­նե­լու ­Յա­րու­թիւն ­Չաք­մաք­ճեա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն։ ­Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ Ա­լան ­Յով­հան­նէս, մօր ճնշու­մին եւ ազ­դե­ցու­թեան տակ, վաղ տա­րի­քի իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պար­տադ­րա­բար ստո­րագ­րած էր Ա­լան Ս­քաթ ­Վան­նէս։ Այդ էր պատ­ճա­ռը, որ ­Մին­չեւ 1930ա­կան­նե­րը եւ մօր մա­հը ստեղ­ծած իր գոր­ծե­րը Ա­լան Ս­քաթ ­Վան­նէս ո­րո­շեց փճաց­նել եւ ի՛նք պատ­մած է, որ օ­րե­րով իր նո­թա­նե­րը այ­րեց։ Ո­րո­շեց իր հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լու­թեան լիար­ժէք տէր կանգ­նիլ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին մեծ հօր ­Յով­հան­նէս ա­նու­նը ընտ­րե­լով իբ­րեւ ազ­գա­նուն։ Այդ մա­սին նաեւ ա­ռի­թով մը խոս­տո­վա­նած է, որ ըն­տա­նե­կան «­Չաք­մաք­ճեան» ազ­գա­նու­նը չընտ­րեց, ո­րով­հե­տեւ շրջա­պա­տին մէջ ոչ ոք ի վի­ճա­կի էր ճիշդ ար­տա­սա­նե­լու «զի­նա­գործ» բա­ռին թրքա­ցու­մով կնքո­ւած իր հա­րա­զատ ազ­գա­նու­նը։
Այս ա­ռու­մով միայն ծա­գու­մով հայ մը չե­ղաւ Ա­լան ­Յով­հան­նէս, այլ թէ՛ իր կեան­քով, թէ՛ իր ստեղ­ծած ա­ւե­լի քան 70 սիմ­ֆո­նիք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու 200 յօ­րի­նում­նե­րով՝ հա­ւա­տա­ւոր եւ հա­ւա­տա­րիմ մշա­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան իր ժա­ռան­գու­թեան։ Ե­ղաւ մա­նա­ւանդ հա­ւա­սա­րա­պէս ե՛ւ հայ, ե՛ւ ա­մե­րի­կա­ցի՝ սփիւռ­քա­հա­յու կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թեան յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն դառ­նա­լով։
Եւ «ա­մե­րի­կա­հայ»ու իր այդ կազ­մա­ւո­րու­մով ու հա­մադ­րու­թեամբ՝ Ա­լան ­Յով­հան­նէս բնաւ ան­տար­բեր չգտնո­ւե­ցաւ ինչ­պէս աշ­խար­հի, նոյն­պէս եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րին նկատ­մամբ, մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ եւ դիր­քո­րո­շո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան մեծ վե­րի­վայ­րում­նե­րու հան­դէպ ու նո­ւա­ճեց ար­ժա­նա­ւոր քա­ղա­քա­ցիի իր մնա­յուն տե­ղը 20րդ ­դա­րու ա­մե­րի­կեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ա­մե­րի­կա­հայ «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սին տրո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ, տա­կա­ւին 1971ին, մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշ­տը կա­տա­րեց մեր­կա­ցու­մը ա­մե­րի­կեան մե­ծա­պե­տա­կան մո­լո­րան­քին՝ ինչ­պէս այդ օ­րե­րուն, նաեւ մեր ժա­մա­նա­կ­նե­րուն հա­մար ու­ղի լու­սա­ւո­րող հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով.
«­Թե­ւա­կո­խած ենք շատ վտան­գա­ւոր հանգ­րո­ւան մը։ Ինք­նա­կոր­ծան­ման վտան­գին առ­ջեւ ենք, ինչ որ մեծ վա­խով կը հա­մա­կէ զիս։ ­Հին սե­րուն­դը անխղ­ճօ­րէն կը կա­ռա­վա­րէ ու կ­’իշ­խէ։ Եւ ու­նիմ այն զգա­ցու­մը, որ ա­տի­կա մեծ սպառ­նա­լիք մըն է մեր քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար։ Հս­կա­յա­կան ըն­կե­րու­թեանց եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց ա­գա­հու­թիւ­նը կը հա­կակշ­ռէ կեան­քը տե­սակ մը վայ­րա­գու­թեամբ։ ­Կա­ցու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­ցած է, ո­րոշ ի­մաս­տով, ո­րով­հե­տեւ բնա­կան գի­տու­թիւ­նը մեզ տո­ւած է ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի մա­հա­ցու զէն­քեր եւ մարդ­կա­յին ո­գին կոր­ծա­նած է շատ մը պա­րա­գա­նե­րու… Ուս­տի՝ ի՜նչ օ­գուտ, որ ու­նինք աշ­խար­հի ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր եր­կի­րը, երբ կոր­ծա­նած է հո­գին։ Ա­նօ­գո՜ւտ է»։
Ա. ­Յով­հան­նէս հա­զիւ 7 տա­րե­կան էր, երբ ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ե­րաժշ­տու­թիւն կար­դա­լու եւ 14 տա­րե­կա­նին ար­դէն սիմ­ֆո­նիք գոր­ծեր կը յօ­րի­նէր։ ­Բայց ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին ի՛նք վկա­յած է, ծնող­քը դէմ էին ե­րաժշ­տու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լու իր բուռն ցան­կու­թեան։ «­Հե­տե­ւա­բար ստի­պո­ւած էի ե­րաժշ­տա­կան իմ յօ­րի­նում­ներս գրե­լու գի­շեր­նե­րը, գաղտ­նի, բաղ­նի­քի մէջ, եւ յե­տոյ զա­նոնք պա­հե­լու, որ­պէս­զի ծնողքս չտես­նէ»,- խոս­տո­վա­նած է մեծ ե­րա­ժիշ­տը։ Ար­լինկ­թըն ­Գո­լէ­ճի ա­շա­կերտ էր, երբ ար­դէն գրեց իր ա­ռա­ջին եր­կու օ­փե­րա­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Գո­լէ­ճի սիմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բին կող­մէ։ Եր­գա­հա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լու իր ո­րո­շու­մին մէջ, այդ տա­րի­նե­րուն, մեծ ե­ղաւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ­Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ իր ծա­նօ­թա­ցու­մին։ 1929ին, ա­ւար­տե­լով միջ­նա­կարգ դպրո­ցը` ան ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց ­Նիու Ինկ­լէն­տի Ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ։ Այդ շրջա­նին գրեց «Ա­րե­ւա­ծագ» սիմ­ֆո­նին, ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ Samuel Endicottի մրցա­նա­կին:
Ա. ­Յով­հան­նէս ապ­րե­ցաւ ինք­նա­ճա­նաչ­ման ան­վերջ պրպտում­նե­րու մէջ: Ինք­նա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, երբ իբ­րեւ եր­գե­հո­նա­հար սկսաւ ծա­ռա­յել Ո­ւո­թըր­թաու­նի հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Չ­նա­յած բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դին եւ մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ի­րեն շնոր­հո­ւող մրցա­նակ­նե­րուն՝ Ա. ­Յով­հան­նէս Ա­մե­րի­կա­յի տա­րած­քին շա­րու­նակ ըն­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ օ­տար եւ վտա­րան­դի: ­Շատ ան­գամ, յա­նուն հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցի, նո­ւա­գեց ճա­շա­րան­նե­րու եւ պան­դոկ­նե­րու մէջ, նո­ւա­գակ­ցե­ցաւ ե­րա­ժիշտ­նե­րու եւ եր­գիչ­նե­րու: ­Պոս­թը­նի մէջ մտեր­մա­ցաւ միս­թիք նկա­րիչ, ազ­գու­թեամբ յոյն ­Հեր­մոն տի ­Ճիո­վան­նիին հետ, ո­րուն հե­տա­գա­յին հա­մա­րեց իր «հո­գե­ւոր ու­սու­ցի­չը»։ ­Ճիո­վան­նի խոր­հուրդ տո­ւած է ­Յով­հան­նէ­սին՝ փնտռել ու գտնել իր հայ­կա­կան հա­րա­զատ հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ ողջ կեան­քին ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր ար­մատ­նե­րուն:
Այդ­պէս ալ ըն­թա­ցաւ Ա. ­Յով­հան­նէ­սի կեան­քը այ­նու­հե­տեւ եւ ցա­ւօք, նաեւ այդ գա­ղա­փար­նե­րու ներշն­չու­մով էր, որ մօր մա­հէն ետք Ա. ­Յով­հան­նէս այ­րեց մինչ այդ գրած իր հա­րիւ­րա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, այդ շար­քին՝ 2 օ­փե­րա­ներ, 7 սիմ­ֆո­նի­ներ: ­Միայն 50 տա­րի ետք, մեկ­նա­բա­նե­լով իր այդ ա­րար­քը, Ա. ­Յով­հան­նէս ի­րեն յա­տուկ ժպի­տով պի­տի «ար­դա­րա­նար»՝ ը­սե­լով, թէ «պար­զա­պէս ես ­Պոս­թը­նէն կը տե­ղա­փո­խո­ւէի ­Նիւ Եորք, ա­ւե­լի փոքր բնա­կա­րան մը, եւ պէտք էր ձեր­բա­զա­տո­ւէի ո­րոշ ա­ւե­լորդ բե­ռէ»…
1940ա­կան­նե­րուն, Ա. ­Յով­հան­նէ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մէջ սկսաւ հայ­կա­կան շրջա­նը: ­Հիմ­նեց նո­ւա­գա­խումբ, ղե­կա­վա­րեց զայն, նո­ւա­գեց իր հայ­կա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութ­յուն­նե­րը:
Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն դար­ձա­կէտ մը ե­ղաւ, նոյն­պէս, ա­նոր ծա­նօ­թա­ցու­մը հայ ե­րա­ժիշտ Ե­նովք ­Տէր-­Յա­կո­բեա­նի հետ, որ հայ­կա­կան եւ ա­րե­ւե­լեան նո­ւա­գա­րան­նե­րու օգ­տա­գործ­ման հմուտ էր եւ Ա­լա­նի առ­ջեւ լայն բա­ցաւ ոչ միայն հայ­կա­կան, քրտա­կան, պարս­կա­կան ու ա­րա­բա­կան, այ­լեւ՝ հնդկա­կան, չի­նա­կան եւ ճա­փո­նա­կան ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու եւ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեանց ա­նեզր աշ­խար­հը։
1946ին, երբ ­Պոս­թը­նի Ե­րաժշ­տա­նո­ցին դա­սա­խօս էր, տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի մղու­մով ստեղ­ծեց իր «Էջ­միա­ծին» օ­փե­րան։ 1952ին ան փո­խադ­րուե­ցաւ ­Նիւ Եորք, ուր միա­ցաւ «Ա­մե­րի­կա­յի ­Ձայն»ի խմբագ­րու­թեան՝ ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նե­լով։ ­Շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ շուրջ կէս դար իր տի­րա­կան դրոշ­մը դրաւ ա­մե­րի­կեան ե­րաժշ­տա­կան կեան­քին վրայ՝ յատ­կա­պէս ա­րե­ւե­լեան ու ա­րեւմ­տեան ե­րաժշտու­թիւն­նե­րը ինք­նու­րոյն հա­մադ­րու­թեամբ մշա­կե­լու իր մեծ տա­ղան­դով։
1950ա­կան­նե­րուն ան Ա­մե­րի­կա­յի տա­րած­քին ար­դէն մեծ հռչակ ու­նէր իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ, ղե­կա­վար ու դաշ­նա­կա­հար։ ­Հան­րա­յայտ ե­րա­ժիշտ­նե­րու կող­մէ պար­բե­րա­բար ար­ժա­նա­ցաւ մե­ծա­թիւ պա­տո­ւէր­նե­րու: Ա­նոր շնոր­հո­ւե­ցան ա­կա­դե­մա­կան բարձր տիտ­ղոս­ներ եւ տար­բեր հե­ղի­նա­կա­ւոր հաս­տա­տու­թեանց կող­մէ՝ ­Պա­տո­ւոյ ­Դոկ­տո­րի կո­չում­ներ:
1960-70ա­կան­նե­րը ե­ղան Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ տա­րած­ման փա­ռա­հեղ յաղ­թար­շա­ւի շրջան մը: Ան հռչա­կո­ւե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ա­մե­նա­շատ ձայ­նագ­րո­ւած ե­րա­ժիշ­տը: 1977ին, ե­րաժշ­տա­կան իր նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­մար, Գ­րա­կա­նութեան եւ Ա­րո­ւես­տի Ա­մե­րի­կեան Ա­կա­դե­միան զինք ընտ­րեց «­Պա­տո­ւոյ Ան­դամ»:
70-80 տա­րե­կան իր հա­սա­կին ալ Ա. ­Յով­հան­նէս շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել՝ ա­ւար­տե­լով շուրջ 80 ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն, այդ շար­քին՝ 20 սիմ­ֆո­նիա: 85 տա­րե­կա­նին ան տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէր ստե­ղծա­գոր­ծել։
1991ին, Ա­մե­րի­կա­հա­յոց Ա­րե­ւե­լեան ­Թե­մի ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը եւ Ա­մե­րի­կա­յի Ե­րա­ժիշտ­նե­րու ­Նո­ւա­գա­խում­բը միաս­նա­բար, ­Քար­նէ­կի ­Հո­լի մէջ, մեծ շու­քով նշե­ցին Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ծննդեան 80ա­մեա­կը, կա­լա հա­մեր­գին 80ա­մեայ ­Մա­յեսթ­րոն ղե­կա­վա­րեց իր նոր` Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին նո­ւի­րո­ւած «Ար­ցախ» սիմ­ֆո­նիա­յին հա­մաշ­խար­հա­յին փրե­միե­րան։
Ա­լան ­Յով­հան­նէս (­Չաք­մաք­ճեան) վախ­ճա­նե­ցաւ 21 ­Յու­նիս 2000ին, յետ ծանր հի­ւան­դու­թեան։
­Հայ մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշ­տը իր կար­գին ա­մուս­նա­ցած էր օ­տա­րի՝ ծա­նօթ սոփ­րա­նօ ­Հի­նա­քօ ­Ֆու­ճիա­րա­յի հետ։ Ու­նե­ցան դուստր մը։ ­Մայր ու դուստր, միա­սին, հպար­տու­թեամբ տէր կանգ­նե­ցան ի­րենց ա­մուս­նոյն եւ հօր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան՝ 2004ին ձեռ­նա­մուխ ըլ­լա­լով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ­Տուն-­Թան­գա­րա­նի ստեղ­ծու­մին։
Ա՛յդ էր կտա­կը Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի, որ իր կեն­դա­նու­թեան միայն մէկ ան­գամ՝ 1965ին բախ­տը ու­նե­ցած էր հայ­րե­նիք այ­ցե­լե­լու եւ «իր սիր­տը լեռ­նե­րում թող­նե­լու»…
Ի­րա­ւամբ Ա­լան ­Յով­հան­նէս կը հան­դի­սա­նայ 20րդ ­դա­րու ա­մե­նա­բե­ղուն ե­րա­ժիշտ­նե­րէն մէ­կը, ա­նոր թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւ­նը կ­’ընդգր­կէ 67 հա­մա­րա­կա­լո­ւած սիմ­ֆո­նի­ներ (պահ­պա­նո­ւած ձե­ռագ­րե­րուն մէջ ա­նոնց թի­ւը կ­’անց­նի 70ը) եւ 434 այ­լա­զան գոր­ծեր:
Ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը միա­հա­մուռ բարձր գնա­հա­տա­կա­նի կ­’ար­ժա­նաց­նեն Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ա­րո­ւես­տը. «­Յով­հան­նէ­սը ե­րաժշ­տու­թիւն գրող մե­քե­նայ է… (իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը) վեր­ջին 30 տա­րի­նե­րուն ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րով ստեղ­ծո­ւած լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րէն են ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին»,- գրած է ­Նիւ Եոր­քի ­Ֆիլ­հար­մո­նիք ­Նո­ւա­գախ­ւոմ­բի գլխա­ւոր ղե­կա­վար Անդ­րէ ­Քոս­թե­լեա­նէց:
Ա­լան ­Յով­հան­նէ­սի ե­րաժշ­տու­թեան տրո­ւած են բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տա­կան­ներ.
— «Ե­րաժշ­տու­թիւն` բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դա­ւոր, ինք­նա­տիպ, զօ­րեղ ու առ­նա­կան»։
— «­Յով­հան­նէս կը փնտռէ մե­ղե­դիին ա­զա­տագ­րու­մը»։
— «Ի՜նչ ու­րա­խա­լի թե­թե­ւա­ցում է լսել ժա­մա­նա­կա­կից եր­գա­հան մը, որ ը­սե­լիք ու­նի եւ գե­ղեց­կօ­րէն կ­’ար­տա­յայ­տէ իր այդ ը­սե­լի­քը»: