Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի (Վալ տէ Մարնի շրջան) քաղաքապետական խորհուրդը, Յունիս 30ին, որոշում կայացուցած է բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրելու Բերձոր (Արցախի Հանրապետութիւն) քաղաքի հետ: Բարեկամութեան այս հռչակագիրը 9րդն է արցախեան եւ ֆրանսական համայնքներու միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներու շարքին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխ-նախագահ Ռընէ Ռուքէ, որ նաեւ երկար տարիներ զբաղցուցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Ալֆորվիլի ներկայ քաղաքապետ Լիւգ Գարուունասի, ինչպէս նաեւ՝ Բերձորի քաղաքապետին: «Ինծի համար մեծապէս ուրախալի է հռչակագիրի ստորագրման որոշման մասին լուրը, որ կը խորհրդանշէ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած աւելի քան 2 տանսամեայ մեր յարաբերութիւնները»,- նշած է Ռընէ Ռուքէ: Ալֆորվիլի քաղաքապետ, նոյնպէս Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւգ Գարուունաս՝ անդրադառնալով հռչակագիրին կողմէ հետապնդուող նպատակներուն, նշած է.- «Փաստաթուղթը թոյլ կու տայ համատեղ ուժերով զարգացնելու Արցախի շրջանները` հնարաւորութիւն տալով տեղի բնակիչներուն իրենց հողին վրայ կերտելու սեփական ապագան»:
Ֆրանսայի Ա.Ժ.ի նորընտիր պատգամաւոր-քաղաքապետը ընդգծած է, որ «հռչակագիրը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խոշոր ծաւալներու հասցնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համատեղ ծրագիրները»: Բերձոր քաղաքը (նախապէս Լաչին) կը գտնուի Արցախէն Հայաստան անցակէտին վրայ:
Ալֆորվիլ — Բերձոր
Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքն ու Արցախի Բերձորը բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրած են