Ոտքի, ձախէն աջ՝ տիկին Նաթալի Գ. Լազեան, Շաւարշ Միսաքեան, Մելքոն Էպլիղաթեան եւ Գաբրիէլ Լազեան։ Նստած՝ տէր եւ տիկին Մուշեղ Աւետիսեան։ Մ. Էպլիղաթեան եւ Գ. Լազեան կը մնային Աթէնք։ Շ. Միսաքեան Աթէնք այցելած էր իբրեւ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ։ Իսկ Սասունցի Մուշեղը մինչեւ 1930 մնաց Աթէնք, աշխատեցաւ հոն իբրեւ անձնական օթոպիւսի մը շարժավարը եւ ապա փոխադրուեցաւ նախ Հալէպ եւ ապա Պէյրութ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը (1956)։ Նկարուած են 1927ի ամառը։