Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձին առիթով, Ուրբաթ՝ 28 Մայիսին, Աթէնքի կեդրոնական «Օմոնիա»ի հրապարակի տպաւորիչ շատրուանը եւ ջրաւազանը պիտի լուսազարդուին հայկական Եռագոյնի՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն գոյներով, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայաստանի անկախութեան փառապանծ հռչակումին։ Աննախընթաց այս լուսաւորումը կարելի եղաւ իրագործել Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոեանիսի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի գործակցութեամբ։ Քաղաքապետը անմիջապէս ընդառաջեց Հայ դատի յանձնախումբի փափաքին, յարգելով հայ ժողովուրդի մեծ յաղթանակի խորհուրդը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Աթէնքի «Օմոնիա» կեդրոնական հրապարակը կը լուսազարդուի հայկական գոյներով