Ուր­բաթ՝ 13 ­­Դեկ­տեմ­բե­րին, Ա­թեն­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Սեւ ­­Ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան (Ս.Ծ.Տ.Հ.) կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան։ ­­Նա­խաա­րին ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ եւ ժո­ղո­վին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հ.Հ. ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ դես­պան ­­Ֆա­դէյ ­­Չար­չօղ­լեան։ ­­Հան­դի­պու­մին նա­խա­գա­հեց ­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­­Նի­քոս ­­Տեն­տիաս։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով յու­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան տակ՝ անց­նող վեց ա­միս­նե­րուն կազ­մա­կեր­պու­թեան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան իր ե­լոյ­թին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ս.Ծ.Տ.Հ.ի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդրա­հա­րոյց հար­ցե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցուց ­­Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը ա­նոնց լուծ­ման հա­մար։ Ան կոչ ը­րաւ կա­նո­նա­կար­գել կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ նա­խա­գա­հու­թիւն­նե­րու ստանձն­ման գոր­ծըն­թա­ցը, անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ կա­ռոյ­ցի օ­րա­կար­գա­յին այլ հար­ցե­րու՝ նե­րա­ռեալ կազ­մա­կեր­պու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բա­րե­լաւ­ման։
­­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րի տե­ղա­կա­լը մաս­նա­կից­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց ­­Հոկ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցած ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին տե­ղե­կա­տուա­կան 23րդ ­հա­մա­գու­մա­րի ծի­րէն ներս Ս.Ծ.Տ.Հ. բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­կից մի­ջո­ցառ­ման ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին եւ ընդգ­ծեց ­­Հա­յաս­տա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լու ներդ­նել իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը տե­ղե­կա­տո­ւա­կան եւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ո­լոր­տի զար­գաց­ման հա­մար՝ նպաս­տե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն։
­­Նա­խա­րա­րի տե­ղա­կա­լը նաեւ ընդգ­ծեց, որ ա­նըն­դու­նե­լի են Ս.Ծ.Տ.Հ. եւ ա­նոր առն­չո­ւող կա­ռոյց­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան առ­ճա­կատ­ման հար­թակ դարձ­նե­լու փոր­ձե­րը, ո­րոնք կը հա­կա­սեն  կա­նո­նադ­րու­թեան եւ կը խա­թա­րեն կազ­մա­կեր­պու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւնն ու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։
Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան յա­տուկ անդ­րա­դար­ձաւ ը­րաւ եւ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց այն ի­րո­ղու­թեան հա­մար, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­ռեւ­տու­րի խթան­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան մա­սին փաս­տա­թուղ­թը ար­դէն եր­կու տա­րիէ ա­ւե­լի «պա­տանդ» պա­հո­ւած է Ատրպէյ­ճա­նին կող­մէ, որ կը փոր­ձէ ա­նոր կցել ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րով իր հռչա­կա­գի­րը։ ­­Նա­խա­րա­րի տե­ղա­կա­լը յոյս յայտ­նեց, որ ի վեր­ջոյ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ խո­հե­մու­թիւ­նը պի­տի տի­րա­պե­տեն եւ Ատր­պէյ­ճան դուրս պի­տի հա­նէ ի­րա­ւա­կան հիմ­քե­րէ զուրկ այդ յա­ւե­լու­մը՝ թոյլ տա­լով կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար այդ­քան կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղ­թի ըն­դու­ն­ման։