Այսօր երեկոյեան, Աթէնքի մէջ պիտի կատարուի բացումը Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու խորհրդաժողովին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. Համագումարին։
Զոյգ համագումարներուն պիտի մասնակցին մօտ 120 երիտասարդներ եւ վարչական պատասխանատուներ։
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու խորհրդաժողով
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողքին գործող երիտասարդական հարցերու գրասենեակի կազմակերպութեամբ կայանալիք խորհրդաժաղովին, որ պիտի գումարուի 10էն մինչեւ 12 Մայիս, պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեանց անդամներ, որոնց պիտի միանան նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան անդամները։
Խորհրդաժողովը պիտի քննէ զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու յարմարութիւններու օգտագործումը Հայ Դատի եւ Արցախի ճանաչումի աշխատանքներուն մէջ։ Նաեւ՝ պիտի քննուի հայ մամուլին դերը, Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան դերակատարութիւնը Հայ Դատի եւ Արցախի պայքարի ծաւալման մէջ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան մեծ թիւով աշխատանքային զբաղումներ եւ գործնական առաջարկներու խմբային հաւաքներ, որոնք կը միտին երիտասարդներու մօտ զարգացնելու տեղեկատուական մարզէն ներս իրենց կարողութիւնները՝ ի սպաս Հայ Դատի աշխատանքներուն։
Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են խօսելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ այլ գործիչ ընկերներ, որոնց ներկայացնելիք նիւթերուն վրայ մասնակիցները առիթը պիտի ունենան կատարելու քննարկումներ եւ զրոյցներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. համագումար
Առաջին անգամ ըլլալով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 10 եւ 11 Մայիսին, կը գումարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական համագումարը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռքի 18 գաղութներէ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։ Համագումարը պիտի զբաղի միութեան 100ամեակէն ետք, երիտասարդական պատկերացումով՝ մարզական, սկաուտական եւ կազմակերպական հզօրացման ծրագիրներով։ Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննէ ազգային ինքնութեան պահպանման առաջադրանքները Սփիւռքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հայաստանի եւ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ զանազան քարոզչական աշխատանքներ՝ հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու համար միութեան մէջ։ Ժողովէն բխած առաջարկներու եւ պատկերացումներու բանաձեւերը պիտի փոխանցուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 12րդ Ընդհանուր Ժողովին առ ի քննութիւն։ Համագումարի աւարտին պիտի ընտրուին 3 մասնակիցներ, որոնք խորհրդակցական ձայնով պիտի մասնակցին միութեան Պատգամաւորական 12րդ Ընդհ. Ժողովին:
Երկու համագումարներուն մասնակցողները առիթը պիտի ունենան այցելելու հայկական ակումբները եւ մօտէն պիտի ծանօթանան միութենական եւ ակմբային կեանքին։
Շաբաթ՝ 11 Մայիս 2019ի երեկոյեան, «Զաւարեան» կեդրոնի դաշտասրահէն ներս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդր. Վարչութիւնը, միասնաբար, կը կազմակերպեն ժողովրդային ճաշկերոյթ, Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած «Nour Band» նուագախումբի մասնակցութեամբ։