Մեծ յաջողութեամբ իրագործուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի մասնաճիւղի կողովագնդակի տարեկան փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Յունիս 2022-ին, Ֆիքսի «Առաքելեան-Կիւտէնեան» մարզադաշտին մէջ։
Ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ մեծ թիւով ծնողներ ու մարզասէրներ, որոնք եկած էին իրենց զաւակները քաջալերելու, միաժամանակ վայելելու կողովագնդակի խաղարկութեան մէջ մեր պատանիներու ջանքերը։
Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Արշա Սամուէլեան։ Ան նշեց, թէ վարչութիւնը յատուկ ուշադրութիւն տուած է փոքրիկ մարզիկներու արդի մարզումին, գործակցութիւն հաստատելով մասնագէտ մարզիչներու հետ, միաժամանակ իր նպատակն է հայապահպանման ծրագիրներով ներգրաւել հայ փոքրիկները ու երիտասարդները ու զանոնք մասնակից դարձնել ակմբային կեանքին։ Այս ուղղութեամբ վարչութիւնը նախաձեռնեց նաեւ թենիսի եւ փինկ-փօնկի մարզաձեւերը, որոնք տեղի կ՚ունենան ակումբէն ներս կանոնաւոր հերթականութեամբ եւ մարզիկներու խանդավառ մասնակցութեամբ։ Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքին։
Յաջորդաբար դաշտը լեցուեցաւ մեր փոքրիկ մարզիկներով, որոնք մրցեցան խանդավառութեամբ, միաժամանակ ներկաները վայելեցին մեր պատանիներու խաղերը։ Նշենք, թէ Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողովագնդակի ակադեմիոյ մէջ կը մարզուին 50-է աւելի պատանիներ։
Մրցումներու աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի վարչութիւնը պարգեւատրեց մասնաճիւղի տասնեակ տարիներու նուիրեալ անդամ եղբայր Կարպիս Ճանիկեանը՝ իր երկարամեայ գործունէութեան համար։ Յաջորդաբար, բաշխուեցան յատուկ մետալներ եւ նուէրներ, որոնք պատրաստուած էին վարչութեան կողմէ մեր մարզիկներուն համար։ Ելոյթը փակուեցաւ նուագով եւ խանդավառ ոգիով։
Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողովագնդակի փառատօնը առիթ մը եղաւ, որպէսզի ակումբի դաշտը յատկանշուի պատանեկան ոգեւորիչ ներկայութեամբ, միաժամանակ ծնղներուն եւ վարչականներուն համար գոհունակութիւն ստեղծող ելոյթ մըն էր իր ամբողջ յայտագիրով։

ԹՂԹԱԿԻՑ