­Յու­նիս 10ի ­Կի­րա­կի ե­րե­կոն մեր գա­ղու­թին եւ յատ­կա­պէս նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լի պի­տի մնայ իբ­րեւ ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան, հպար­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան յի­շար­ժան, ան­մո­ռա­նա­լի թո­ւա­կան­նե­րէն մէ­կը։
­Բի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րո­նի հան­դի­սու­թեանց մեծ սրա­հը բա­ռին բուն եւ լա­ւա­գոյն ի­մաս­տով նեղ ե­կաւ պար­փա­կե­լու խուռ­նե­րամ շար­քե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին, յատ­կա­պէս մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ո­րոնք ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-7էն սկսեալ փու­թա­ցած էին ներ­կայ գտնո­ւե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին։
­Պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց կար­գին յի­շա­տա­կե­լի էր ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Բի­րէա­յի քա­ղա­քա­պետ Եան­նիս ­Մո­րա­լի­սի։ Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը յար­գե­ցին եւ հո­վա­նա­ւո­րե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նը, զի­նո­ւո­րա­կան կցոր­դը եւ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, գա­ղու­թի հայ­կա­կան ե­րեք յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րը, եւ շրջաններու հոգեւոր հովիւներըշ յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ միու­թեանց վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Ներկայ էին նաեւ Ռ.Ա.Կ.ի Յունաստանի մարմնոյ ներկայացուցիչները։
­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան եւ յու­նա­հայ ե­րեք յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­յա­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րուն կող­մէ պե­տա­կան եւ ազ­գա­յին դրօշ­նե­րու սրահ մուտ­քի եւ բե­մի վրայ տե­ղա­ւոր­ման յու­զա­խառն ա­րա­րո­ղու­թեամբ՝ յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ ամ­բողջ սրա­հի ներ­կա­նե­րուն յոտն­կայս հան­դի­սա­տե­սու­թեամբ։
­Հա­րիւ­րա­մեա­կի հան­դի­սա­ւոր բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ող­ջու­նեց հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ հե­րո­սա­կան հայ ժո­ղո­վուր­դի անձ­նա­զոհ զա­ւակ­նե­րուն խի­զա­խու­թեամբ եւ մար­տու­նա­կու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մը եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Ընկ. Է­քի­զեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ վեց դա­րե­րու գե­րու­թե­նէ ետք հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սե­փա­կան ու­ժե­րով, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի մէջ, ոչ միայն պար­տու­թեան մատ­նեց թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան հա­յոց բնաջն­ջու­մը «ամ­բող­ջաց­նե­լու» մո­լուց­քով վեր­ջին գրո­հը, այ­լեւ՝ շտկեց ող­նա­շարն ու մէջ­քը մեր սե­րունդ­նե­րուն՝ վե­րա­կանգ­նե­լով հայ­րե­նի­քի կո­րու­սեալ ան­կա­խու­թիւնն ու կոր­ծա­նեալ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։
­Կեդ­րո­նա­նա­լով ­Մա­յիս 28ի պատ­մա­կերտ խոր­հուր­դին եւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ յանձ­նո­ւած պատ­գա­մին ու դա­սե­րուն վրայ՝ ընկ. Է­քի­զեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա հա­րիւր տա­րիէ ի վեր, նաեւ ու մա­նա­ւանդ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ նո­ւա­ճո­ւած քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան վե­րա­փո­խու­թեամբ՝ կը պայ­քա­րի յա­նուն ժո­ղովր­դա­վար կար­գե­րու ար­մա­տա­ւո­րու­մին, իշ­խա­նու­թեանց հա­շո­ւե­տու վար­քա­գի­ծի հաս­տատ­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­զա­տու­թեանց եւ ի­րա­ւունք­նե­րու նո­ւի­րա­գոր­ծու­մին։ Ա­ւե­լի՛ն. հայ ժո­ղո­վուր­դը հաս­տա­տա­քայլ կ­þուղ­ղո­ւի դէ­պի հա­սա­րա­կա­կան կա­յու­նու­թիւն, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցում եւ բար­գա­ւա­ճում, հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հզօ­րա­ցում, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րում եւ հա­յաշ­խար­հի ողջ տա­րած­քին՝ մին­չեւ սփիւռ­քի ա­մէ­նէն հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, հա­յոց սե­րունդ­նե­րու հա­յա­պահ­պա­նումն ու ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու յանձ­նա­ռու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մը։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դի­սա­կան­նե­րուն իր պատ­գա­մը ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­տէյ ­Չար­չօղ­լեան, որ օ­րո­ւան խոր­հուր­դը խտա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կա­նու­թեան հրա­շա­զօր կա­րո­ղա­կա­նու­թեան մէջ՝ շեշ­տե­լով, որ երբ ազ­գո­վին ու միա­ցեալ շար­քե­րով կը դի­մագ­րա­ւենք թշնա­մի հա­րո­ւած­նե­րը, կամ՝ երբ միաս­նա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­զօր ո­գիով տէր կը կանգ­նինք հայ­րե­նի մեր հո­ղին, ազ­գա­յին ու մարդ­կա­յին մեր անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն, այդ ա­տեն չկայ ուժ մը, որ կա­րե­նայ ընկ­ճել մեզ։ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մին ա­ռաջ­նոր­դած ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դը մէկ միա­ձոյլ ճա­կատ եւ բռունցք դար­ձաւ թշնա­միին դէմ՝ մէկ­դի նե­տո­ւե­ցան կու­սակ­ցա­կան, դա­ւա­նա­կան թէ քա­ղա­քա­կան բո­լոր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ բո­լո­րով՝ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րով թէ հո­գե­ւո­րա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րով, մտա­ւո­րա­կան ու­ժե­րով թէ պարզ ժո­ղո­վուր­դով՝ ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան ու­ղիէն քա­լե­ցինք ազ­գո­վին եւ շրջե­ցինք պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը։
­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը միեւ­նոյն լու­սար­ձա­կին տակ ար­ժե­ւոր­ման են­թար­կեց հա­յոց հայ­րե­նի­քի, պե­տա­կա­նու­թեան եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ներ­կան յու­զող դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Պրն. ­Չար­չօղ­լեան շեշ­տեց, որ այ­սօր եւս հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է մեր ժո­ղո­վուր­դին միաս­նա­կան ու­ժե­րով եւ ընդ­հան­րա­կան տես­լա­կա­նով յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը եւ հա­յա­պահ­պան­ման մար­տը։ Ինչ­պէս հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, նոյն­պէս եւ այ­սօր մենք կը հա­ւա­տանք հա­յոց միաս­նա­կա­նու­թեան հրա­շա­զօր ու­ժին, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք ու­ղի հար­թել ծով ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւած հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ամ­րագ­րու­մին եւ հզօ­րա­ցու­մին առ­ջեւ՝ ազ­գա­յին հպար­տու­թիւ­նը ան­խո­ցե­լի պա­հե­լով ապ­րող եւ գա­լիք մեր սե­րունդ­նե­րուն մէջ։
­Հան­դի­սու­թեան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր Ֆ­րան­սա­յէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­գիր ըն­կեր ­Յա­կոբ ­Պա­լեան, որ իր խօս­քի սկզբնա­ւո­րու­թեան ընդգ­ծեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թի­նը ա­ռիթ է ներ­կա­նե­րուն հետ ան­կեղծ ու սրտբաց զրոյ­ցի՝ ինք­նաքն­նար­կում կա­տա­րե­լու եւ անդ­րա­դառ­նա­լու այն հրա­մա­յա­կան­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ո­րոնց առ­ջեւ կանգ­նած ենք ազ­գո­վին, յատ­կա­պէս սփիւռ­քեան ա­փե­րու վրայ։
Ա­ռա­ջին հեր­թին ակ­նար­կե­լով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին շուրջ եր­կու ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն՝ ընկ. ­Պա­լեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց օ­րո­ւան պատ­գա­մին հա­մար ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այն խորհր­դա­ծու­թիւ­նը, թէ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն դուր­սէն դի­տե­լով եւ խելք տա­լով՝ մենք ի վի­ճա­կի չենք ներ­գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու մեր հայ­րե­նի­քին ու պե­տա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ըն­թաց­քին մէջ. պէտք է ներ­կա­յու­թի՛ւն ըլ­լանք, որ­պէս­զի կա­րե­նանք մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել դէպ­քե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն, մա­նա­ւանդ որ մեծ յե­ղաշր­ջում­նե­րը յա­ճախ կը յան­գին մեծ յու­սա­խա­բու­թեանց…
Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը ա­պա խորհր­դա­ծու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց եւ ըստ էու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան այն բո­լոր խնդիր­նե­րուն, ո­րոնք կը տագ­նա­պեց­նեն մեր ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր եւ ո­րոնց ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կում­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել եւ հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծում­ներ գտնել։
— Այդ շար­քին ընկ. ­Պա­լեան ծան­րա­ցաւ այն ի­րո­ղու­թեան վրայ, որ հայ­րե­նի հո­ղէն դուրս ապ­րո­ւած հայ մար­դոց կեան­քը ըստ էու­թեան եւ վեր­ջին հա­շո­ւով պար­զա­պէս գաղ­թա­կա­նու­թիւն է, օ­տա­րի տան մէջ ծա­ռայ ըլ­լա­լու եւ զուտ քա­ղա­քա­վա­րու­թեան սի­րոյն հիւր կո­չո­ւե­լու կամ նկա­տո­ւե­լու ինք­նա­խա­բէու­թիւն է, զոր պէտք է յաղ­թա­հա­րել՝ լիար­ժէք հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լով եւ, այդ ճամ­բով, տէր կանգ­նե­լով հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ նո­ւա­ճո­ւած հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին ա­զատ պե­տա­կա­նու­թեան։
— ­Հա­յե­րէն լե­զուն, հայ մշա­կոյթն ու հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը ան­փո­խա­րի­նե­լի զէն­քերն ու գրա­ւա­կանն են հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման, հա­յե­ցի դի­մա­գի­ծի պայ­ծա­ռա­կերտ­ման եւ ժա­մա­նա­կի ան­խու­սա­փե­լի մա­շու­մին եւ օ­տար­ման դէմ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան։ ­Մեր տու­նե­րէն պէտք է սկսի եւ մեր կեան­քին մէջ ընդ­հան­րա­նայ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թեան վա­յելքն ու հայ մխա­կոյ­թով ու գրա­կա­նու­թեամբ, հայ­կա­կան ա­րո­ւես­տով եւ հա­յե­րէն հարս­տու­թեամբ հպար­տա­նա­լու հա­ւա­քա­կան ապ­րու­մը, ա­ռանց ո­րուն ան­դունդ ի վար գլո­րե­լու սպառ­նա­կան վտան­գը ան­կա­սե­լի կը դառ­նայ։
— Ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն, ա­ւանդ­նե­րուն եւ նոյ­նինքն մեր ազ­գի մե­ծե­րուն պատ­գամ­նե­րով եւ ժա­ռանգ թո­ղած մտքե­րով կրնանք գտնել ազ­գա­յին մեր կեն­սու­նա­կու­թեան եւ հա­յե­ցի եան­քին ի­րաւ բա­նա­լի­նե­րը։ ­Մեր մե­ծե­րուն շի­րիմ­նե­րը ոչ միայն դադ­րած են ուխ­տա­վայր ըլ­լա­լէ, այ­լեւ մոռ­ցած ենք ա­նոնց ո՞ւր գտնո­ւիլ ան­գամ, մինչ­դեռ իր հայ­րե­րուն եւ նախ­նի­նե­րուն գե­րեզ­ման­նե­րը լա­ւա­գոյն յու­շա­րար­ներն են իր ազգն ու հայ­րե­նի­քը պաշ­տող եւ ա­նոնց­մով հպար­տա­ցող ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի։
­Բա­նա­խօ­սու­թեան յա­ջոր­դեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ա­նու­նով ըն­կեր Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նի ար­տա­սա­նած ու­ղեր­ձը, որ նո­րա­հաս մեր սե­րուն­դին հա­ւա­քա­կան ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման շունչն ու ո­գին փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն՝ հպար­տու­թեամբ հա­մա­կե­լով սրա­հը։ ­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը վճռած են տէր կանգ­նիլ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մով եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեր­տու­մով հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ մեր ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րուն պատ­մու­թեան եւ մեզ բո­լո­րիս կտա­կած ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան, հպար­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ա­ւան­դին։
Այ­նու­հե­տեւ՝ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, որ խիտ եւ ո­գեշն­չող ճա­ռով մը խան­դա­վա­ռեց ներ­կա­նե­րը եւ բո­լո­րի մտքին ու հո­գիին մէջ վառ պա­հո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի ա­ւան­դը վե­րա­նո­րո­գեց նո­րո­վի բո­ցա­վա­ռու­թեամբ։ ­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ կեդ­րո­նա­նա­լով «ի՞նչ ե­ղաւ», «ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ» եւ «ի՞նչ պէտք է ը­նենք ներ­կա­յիս» հար­ցադ­րում­նե­րով խտա­ցած խորհր­դա­ծու­թեանց վրայ, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին շեշ­տեց, որ ե­ղա­ծը հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ հպար­տու­թեան վե­րա­կանգ­նումն էր ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւած մեծ յաղ­թա­նա­կով։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով հե­րո­սա­կան կռիւ մղեց, այ­լեւ կե­նաց-մա­հու պա­տե­րազմ մղեց՝ ինչ­պէս որ մէ­կու­կէս հա­զա­րա­մեակ ա­ռաջ ­Վար­դա­նանք մղած էին յա­նուն Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ան­կախ ու ա­զատ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին։ Եւ ե­ղաւ այն, որ ­Վար­դա­նանց կող­քին եւ զու­գա­հեռ՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րո­ւո­գիով՝ ­Մա­յիս 28ի յաղ­թա­նա­կը ազ­գա­յին ո­գե­ւոր­ման անս­պառ աղ­բիւր եւ ան­պար­տե­լի ինք­նավս­տա­հու­թեան մղիչ ուժ դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, որ քսա­նե­րորդ դա­րը սկսաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մով եւ փա­կեց՝ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մով ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն։
Անդ­րա­դառ­նա­լով եւ պա­տաս­խա­նե­լով երկ­րորդ հար­ցադ­րու­մին՝ ­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պոս ե­ղա­ծը բա­ցատ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի սե­փա­կան ու­ժե­րուն հա­ւա­տա­լու եւ ինք­նավս­տա­հօ­րէն մէկ ու միա­ցեալ բռունցք դառ­նա­լու հա­յոց մար­տու­նա­կու­թեամբ եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը իր թան­կա­գին ա­րեան գնով նո­ւա­ճեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ հիմ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը. ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ յաղ­թե­լէ եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ուղ­ղու­թեամբ գրո­հի ձեռ­նար­կե­լէ եւ թրքա­կան զօր­քը հոն­կէ ալ ետ մղե­լու ար­շա­ւին ձեռ­նար­կե­լէ ետք էր, միայն, որ հա­յոց յաղ­թա­կան ու­ժե­րը յա­ջո­ղե­ցան զի­նա­դուլ պար­տադ­րել նա­խա­յար­ձակ թրքա­կան զօր­քին։
­Վեր­ջա­պէս, բա­նա­ձե­ւե­լով օ­րո­ւան պատ­գա­մը՝ եր­րորդ հար­ցադ­րու­մէն ներշն­չո­ւած, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը յոր­դո­րեց ներ­կա­նե­րուն, որ ի­րենց աչ­քի լոյ­սին պէս գուր­գու­րան մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պայ­ծա­ռաց­ման վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­րիւ­րա­մեա­կի ա­ւան­դը բո­լո­րիս եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ցրո­ւած հա­մայն հա­յու­թեան կը պատ­գա­մէ, որ իր պատ­մու­թեան եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն ու ի­րա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նող, ա­նոնց սի­րոյն գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ սե­րունդ ու­նե­ցող ազգն ու հայ­րե­նի­քը չեն պար­տո­ւիր, ան­պայ­ման կը յաղ­թեն եւ ա­սոր մե­ծա­գոյն վկան այ­սօ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մե­ծա­գոյն խոր­հուրդն է՝ հա­յու ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը ամ­րապն­դող հե­րո­սա­պա­տու­մը ­Մա­յիս 28ին։
Օ­րո­ւան խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը խտաց­նող խօս­քե­րէն ետք գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը։
Ա­ռա­ջին հեր­թին «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ մա­յեսթ­րօ պրն. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի եւ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ տիկ. ­Վար­դե­նի Ս­պար­թա­լեա­նի, ներ­կա­յա­ցուց յա­ջոր­դա­բար «­Սար­դա­րա­պա­տի քա­ջեր»ը, ­Հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րէ ի մի բե­րո­ւած ծաղ­կե­փունջ մը եւ «­Մուշ»ը։ Երգ­չա­խում­բին փայ­լուն ե­լոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ներ­կա­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քին։
­Յա­ջոր­դեց ե­լոյ­թը «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նոր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րուն, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ պա­րու­սոյց պրն. Էտ­կար Է­կեա­նի։ ­Բե­մը լե­ցո­ւե­ցաւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի տա­րի­քա­յին ե­րեք խմբա­ւո­րում­նե­րու շնոր­հա­լի պա­րող­նե­րով, ո­րոնք աղ­ջիկ թէ տղաք յա­ջո­ղե­ցան իր բարձ­րա­կէ­տին հասց­նե­լու հան­դի­սու­թեան ստեղ­ծած ո­գե­ւո­րու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեան մթնո­լոր­տը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան 100ա­մեա­կի շքեղ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը փա­կո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած ազ­գա­յին եւ պե­տա­կան դրօ­շակ­նե­րու ել­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ։