Կի­րա­կի՝ 10 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն, ու­րա­րա­կիր­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւղ­նե­րու 18 սկաուտ­ներ, ի­րենց տա­րազ­նե­րով, մուտք գոր­ծե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին եւ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան օ­րո­ւան ­Պա­տա­րա­գին։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուր­բը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց սկաուտ­նե­րուն եւ մաղ­թեց բա­րի կե­ցու­թիւն։ Ան յի­շեց այն օ­րե­րը, երբ ինք եւս ­Լի­բա­նա­նի մէջ ե­ղած էր սկաուտ եւ դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ սկաու­տի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ հնա­զան­դու­թեան մա­սին։ Ան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց եւ իր ու­րա­խու­թիւնն ու խնդակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց, ի­րենց փա­փա­քին՝ ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­լու եւ ­Պա­տա­րա­գին մաս­նա­կից դառ­նա­լու գի­տակ­ցու­թեան։ Ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուր­բի խնդրան­քին ըն­դա­ռաջ՝ սկաուտ­ներ փոքր սկաու­տա­կան կանչ մը ներ­կա­յա­ցու­ցին ներ­կա­նե­րուն։ Առ­նո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կի նկար մը։
­Յայտ­նենք, որ սկաուտ­նե­րը ե­րեք օ­րեր ան­ցու­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ զա­նա­զան տե­սա­կի պտոյտ­ներ եւ աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լով։ Ա­նոնք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ար­տօ­նու­թեամբ մնա­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս։