Յունաստան սուգի մէջ է։ Աթէնքի արեւմուտքը տարածուող շրջաններու մէջ մոլեգնած անտառային հրդեհները ծանրագոյն հարուած հասցուցին ե՛ւ մարդկային կեանքի եւ ինչքերու։
Երկուշաբթի՝ 23 Յուլիսի կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ Ատիկէի Քինէթա, Մաթի, Քոքինօ Լիմանաքի եւ Ռաֆինա շրջաններէն ներս ահաւոր հրդեհներ բռնկեցան:
Զօրաւոր հովը, որ գրեթէ ամբողջ օրը ուժգնութեամբ կը փչէր, պատճառ դարձաւ, որ հրդեհները տարածուին սարսափելի արագութեամբ, ինչի հետեւանքով շատ մեծ տարածութեամբ անտառային շրջաններ այրեցան, ու կրակը հասաւ բնակելի տուներուն: Մաթի եւ Քոքինօ Լիմանաքի շրջաններուն մէջ հարիւրաւոր մարդիկ չկրցան փախչիլ կրակէն եւ իրենց տուներուն, ինքնաշարժներուն կամ ճաշարաններու մէջ այրեցան ու մահացան:
Շատեր ազատեցան, որովհետեւ ծովային ոստիկանութեան կողմէ նաւերով զիրենք փոխադրեցին ապահով տեղեր:
Շատեր ծովի ճամբով ուզեցին փախչիլ, բայց խեղդուեցան:
Յունաստանի հանրային հեռուստատեսութիւնը կատարուածը «ազգային ողբերգութիւն» անուանեց:
Իրավիճակը անվերահսկելի դարձաւ աղէտեալ շրջաններուն մէջ, ուր յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն: Տասնեակ շինութիւններ «կուլ տուած» կրակի դէմ պայքարեցան հարիւրաւոր հրշէջներ եւ ջրցան ուղղաթիռներ:
Մարդոց փրկելու համար կիրարկուեցան Յունաստանի ռազմածովային ուժերուն նաւերը, որոնք հարիւրաւոր մարդոց տարհանեցին: Ոստիկանութիւնը շարունակ զանգեր ստացաւ կորսուած մարդոց մասին։
Մօտաւորապէս 1500 տուներ ու 300 ինքնաշարժներ այրեցան: Պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ զոհերու թիւը կ’անցնի 75ը: Հիւանդանոցներուն մէջ մեծ թիւով վիրաւորներ կան, որոնց միջեւ փոքրիկներ եւս: Կայ նաեւ անյայտներու մեծ թիւ մը: Ընտանիքներ կը փնտռեն իրենց անդամները:
Վարչապետ Ցիփրաս յայտարարեց, թէ Յունաստան կը գտնուի եռօրեայ սուգի մէջ: Կառավարութիւնը որոշեց 20 միլիոն եւրօ յատկացնել տուժածներու ընտանիքներուն:
Տուժած շրջաններուն մէջ հիւրանոցները իրենց սենեակները կը տրամադրեն անվըճար, ինչպէս նաեւ զանազան հաստատութիւններ սկսան ուտեստեղէն, հագուստներ, դեղօրայք հաւաքել: Հիւանդանոցները արեան կարիք ունին եւ կոչ կ՚ուղղեն ժողովուրդին փութալու՝ արիւն տալու:
«Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում» մաղթանքով՝ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Յունաստանի վարչապետ Ցիփրասին:
Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին: Ցաւակցական հեռագրին մէջ ան մասնաւորապէս ըսաւ.- «Խոր ցաւով տեղեկացայ Աթէնքի մերձակայքին մէջ բռնկուած լայնամասշտաբ հրդեհներու մասին, որոնք տասնեակ մարդկային զոհերու, վիրաւորներու եւ ահռելի աւերածութիւններու պատճառ դարձան:
Այս ծանր պահին խորին վշտակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, զոհուածներու հարազատներուն եւ Յունաստանի բարեկամ ժողովուրդին՝ մաղթելով ուժ ու ոգիի արիութիւն՝ յաղթահարելու ահաւոր աղէտի հետեւանքները: Վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում»:
Իր կողմէ՝ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանը, կապի մէջ մտնելով Ատիկէի մարզպետարանի ընդհանուր քարտուղարին հետ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ու նաեւ ստացաւ տեղեկութիւնը, թէ հրդեհի պատճառով՝ զոհերուն մէջ հայերու մասին առ այժմ որեւէ տուեալ չկայ:
Աթէնքի արեւմուտքը տարածուող շրջանները զոհ՝ անտառային ահաւոր հրդեհներու
Աթէնքի արեւմուտքը տարածուող շրջանները զոհ՝ անտառային ահաւոր հրդեհներու Աւելի քան 75 մեռեալ, հարիւրաւոր վիրաւորներ եւ նիւթական ծանր կորուստներ