Լի­բա­նա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւած ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի պատ­ճա­ռով, լի­բա­նա­նեան ժո­ղո­վուր­դը եւ ա­նոր կող­քին՝ լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թը սուր տագ­նա­պի մը առ­ջեւ կը գտնո­ւին։ Այս տագ­նա­պէս ան­մասն չի մնար նաեւ մա­մու­լը։
Այս պատ­ճա­ռով, «Ազ­դակ» կը դի­մէ ար­տա­սահ­մա­նի իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն՝ նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հա­մար թեր­թին։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք «Ազ­դակ»ի կո­չը։

* * *

­Յար­գե­լի՛ ըն­թեր­ցող,
­Լի­բա­նա­նեան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լիով խո­րա­ցու­ցին ֆի­նան­սատն­տե­սա­կան տագ­նա­պը, որ բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը դի­մագ­րա­ւէ եր­կի­րը։ ­Լի­բա­նա­նեան թեր­թե­րը, ո­րոնք ար­դէն կը կրէին այդ տագ­նա­պին հե­տե­ւանք­նե­րը, ծանր կա­ցու­թեան մատ­նո­ւած են։ Ազ­դո­ւած է թեր­թե­րու շու­կան՝ յա­ւե­լեալ բարդ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լով մա­մու­լի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Այս բո­լո­րէն ան­մասն չէ մնա­ցած նաեւ «Ազ­դակ»ը։
­Յատ­կա­պէս ճգնա­ժա­մա­յին այս օ­րե­րուն կը դի­մենք ձե­զի, որ ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րէք մեր-ձեր թեր­թին։ «Ազ­դակ» կա­րի­քը ու­նի իր իւ­րա­քան­չիւր ըն­թեր­ցո­ղի ներդ­րու­մին, նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան։ Տ­րո­ւած ըլ­լա­լով, որ եր­կի­րը ան­դա­մա­լու­ծո­ւած է եւ դրա­մա­տու­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ փակ, ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կրնաք կա­տա­րել «western union»ի կամ «moneygram»ի ճամ­բով։ Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գա­լէ եւ դրա­մա­տու­նե­րու բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­դար­ձէն ետք կը ծրագ­րենք «Ազ­դակ»ի կայ­քին վրայ առ­ցանց ուղ­ղա­կի նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան դրու­թիւն ստեղ­ծել։ ­Մինչ այդ, մեր ա­ռա­ջար­կած ձե­ւով կը սպա­սենք ձեր մաս­նակ­ցու­թեան։
­Նիւ­թա­կան իւ­րա­քան­չիւր կա­թիլ այս օ­րե­րուն կը թե­թեւց­նէ մեր թեր­թին դէմ ծա­ռա­ցած տագ­նա­պին բե­ռը։
«Western union»ի կամ «moneygram»ի ճամ­բով նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար նկա­տի ու­նե­նալ հե­տե­ւեալ հաս­ցէն՝
Hrayr Fermanian
Aztag
Bourdj Hamoud, Lebanon
Tel. +961 1 258526 եւ +961 3 648916

Այն եր­կիր­նե­րը, ուր առ ցանց կա­րե­լի է կա­տա­րել փո­խան­ցու­մը կրնան այ­ցե­լել «westernunion.com» կամ «moneygram.com» կայ­քե­րը։ ­Միա­ժա­մա­նակ «Ազ­դակ»ի հե­տե­ւեալ ե-նա­մա­կին գրել եւ ի­մաց­նել ու­ղար­կո­ւած գու­մա­րին մա­սին՝ mailto:info@aztagdaily.com
Դ­ժո­ւար պայ­ման­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար կ­՚ա­պա­ւի­նինք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։