­Ազ­գա­յին «­Քա­րէն Եփ­փէ» ­Ճե­մա­րա­նին մէջ մեկ­նար­կը յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նի, ­Նոր ­Գիւ­ղի եւ ­Հա­լէ­պի բո­լոր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն

Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րը պատ­մա­կան օր էր ­Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին «­Քա­րէն Եփ­փէ» ­Ճե­մա­րա­նին եւ ամ­բողջ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար:

­Կի­րա­կի՝ 1 ­Յու­նո­ւար 2017ին, ­Ճե­մա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ հա­ւա­քո­ւած էին հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ, ճե­մա­րա­նա­կան­ներ` վերս­տին ապ­րե­լու ճե­մա­րա­նի նա­խա­պա­տե­րազ­մեան շէ­նու­թիւ­նը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի փո­ղե­րա­խում­բը հնչե­ցուց ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր՝ թնդաց­նե­լով հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր պա­տե­րազ­մա­կան բա­խում­նա­յին գօ­տիի մէջ յայտ­նո­ւած ու թնդա­նօթ­նե­րու եւ հրթիռ­նե­րու թի­րախ դար­ձած, սա­կայն կան­գուն մնա­ցած ­Ճե­մա­րանն ու ­Նոր ­Գիւ­ղը:

Այ­նու­հե­տեւ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Բե­րիոյ հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ ­Պատ­կան ­Մարմ­նին, ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ­Ժի­րայր ­Րէի­սեա­նի, Ազգ. ­Վար­չու­թեան, ­Ճե­մա­րա­նի Տ­նօ­րէ­նու­թեան եւ Խ­նա­մա­կա­լու­թեան՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նի տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւո­րու­մը, իբ­րեւ խորհր­դա­նիշ մեր կեան­քի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ու գա­ղու­թի վե­րա­կանգ­նու­մին:

­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն ­Յա­կոբ ­Քի­լէ­ճեան նախ շնոր­հա­ւո­րեց ճե­մա­րա­նա­կան­ներն ու ողջ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը՝ ­Ճե­մա­րա­նի վե­րա­բաց­ման հա­մար ու նոր տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րը մեկ­նար­կը յայ­տա­րա­րեց ­Ճե­մա­րա­նի, ­Նոր ­Գիւ­ղի եւ ­Հա­լէ­պի բո­լոր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

«Այ­սօր, ­Ճե­մա­րա­նի մէջ կը սկսինք մեր նոր տա­րին: ­Պի­տի սկսինք ու շա­րու­նա­կենք մեր վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը, իսկ ­Ճե­մա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը այս տա­րո­ւան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը պի­տի ստա­նան ա՛յս բե­մէն»,- ը­սաւ տնօ­րէ­նը:

Ա­պա, ­Բե­րիոյ թե­մի ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նոր­դը, ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղե­լով իր խօս­քը, խնդրեց վա­ռած մո­մե­րը բարձ­րաց­նել ու մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գել յի­շա­տա­կը մեր բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն:

Սր­բա­զան հայ­րը ը­սաւ.- «Այն­պէս, ինչ­պէս ­Սու­րիոյ հո­ղը օ­ծո­ւե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու ա­րեամբ, մեր ազ­գի ըն­տիր զա­ւակ­նե­րը Ազգ. ­Քա­րէն Եփ­փէ ­Ճե­մա­րա­նին մէջ եւս ի­րենց ա­րեան եւ քրտին­քի ճա­նա­պար­հով այս օ­րը պար­գե­ւե­ցին մե­զի: ­Փա՜ռք ի­րենց»: Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րին ­Նոր ­Տա­րին ու ը­սաւ, թէ գա­լիք տա­րի­նե­րու մեր յաղ­թա­կան եր­թին, լոյ­սի ճա­նա­պար­հին ա­ռա­ջին օրն է սա. օ­րը՝ մեր յաղ­թա­նա­կին եւ ար­դար դա­տին, մեր շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան, մեր ազ­գա­յին, հա­ւա­քա­կան ի­տէալ­նե­րու եւ իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման: Այս եր­կին­քին տակ մութ եւ ե­րեկտ­րա­կա­նու­թե­նէ զուրկ այս տա­րած­քը ձեր ներ­կա­յու­թեամբ կը լու­սա­ւո­րո­ւի: ­Փա՜ռք ու պա­տիւ քեզ հա­յու­թիւն: ­Թող ապ­րի՛ հա­յու­թիւ­նը, ապ­րի՛ սու­րիա­կան հայ­րե­նի­քը, ապ­րի՛ ­Հա­յաս­տա­նը, ապ­րի՛ Ար­ցա­խը եւ ապ­րի՛ ­Հա­լէ­պը:

Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ւե­տեց նաեւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին յա­ռա­ջի­կայ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 4 ­Յու­նո­ւա­րին ­Հա­լէպ ժա­մա­նու­մը՝ իբ­րեւ զօ­րակ­ցու­թիւն հա­լէ­պա­հա­յու­թեան։

­Ճե­մա­րա­նէն ներս ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռա­ջին այս օ­րը իր ա­ւար­տին հա­սաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ: