Հինգշաբթի՝ 1 Մարտ 2018ի կ.ե. ժամը 3ին, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան դիւանը՝ ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան հանդիպում ունեցան Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնից նախարար Գոսթանտինոս Ղավրօղլուի հետ՝ վերջինիս նախարարութեան գրասենեակէն ներս։
Առաջին հերթին Ազգային Վարչութեան ատենապետը պրն. նախարարին ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ յայտնելով, որ Յունաստանի հայոց թեմին նորընտիր առաջնորդն է, որ անցեալին Թեսաղոնիկէի մէջ որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայելէ ետք՝ այժմ կը վերադառնայ Յունաստան, ստանձնելու թեմին առաջնորդական պատասխանատուութիւնը։ Շարունակելով՝ պրն. ատենապետը նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ պրն. նախարարին ներկայացուց Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներու համաձայն գործող Ազգային Իշխանութեանց վարչական դրութիւնը՝ շեշտելով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ժողովրդավար նկարագիրը, որ աշխարհական տարրին լայն եւ գործօն մասնակցութիւն կը վերապահէ համայնքի կեանքէն ներս։
Անդրադառնալով հանդիպման նպատակին՝ պրն. ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պրն.Նախարարին, որ ընդառաջելով Ազգային Վարչութեան դիմումներուն՝ իր աջակցութեամբ կարելի եղաւ հայկական վարժարաններու տասը ուսուցիչներու տասներկու ամսուան աշխատավարձի պետական վճարում ապահովել։
Ազգային Վարչութիւնը պրն. նախարարին փոխանցեց նաեւ գրաւոր հրաւէր՝ մասնակցելու Հ.Կ.Խաչի Ազգային «Զաւարեան» վարժարանի 90ամեակի յոբելինական հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ փափաք յայտնեց, որ այդ յոբելեանին առթիւ հրատարակուելիք յուշամատեանին մէջ նախարարը իր խօսքը տրամադրէ։ Այս դիմումներուն առընթեր՝ պրն. նախարարին ներկայացուեցաւ հայկական վարժարաններուն այցելութիւն տալու Ազգային Վարչութեան փափաքը։
Պրն. նախարարը իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ՝ յայտնելով, որ պոլսական իր արմատներուն բերումով՝ լաւ ծանօթ է հայերու եւ հայութեան։ Նաեւ՝ իր մեծ համարումը յայտնեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ժողովրդավար վարչական դրութեան նկատմամբ։ Ինչ կը վերաբերի Ազգային Վարչութեան կատարած դիմումներուն՝ յայտնեց, որ նախարարութիւնը իր կարելին կ’ընէ հայկական վարժարաններուն աջակցելու եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ յառաջիկային ներկայացուելիք ծրագիրներու աջակցութեան, եւ թէ՝ սիրով պիտի ընդառաջէ իրեն ներկայացուած հրաւէրներուն, իրենց ատենին։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց պրն նախարարին ընդունելութեան համար՝ յայտնելով, որ որպէս առաջնորդ Յունաստան ժամանելու առաջին օրերէն իսկ ծանօթ է նախարարի անձին եւ գործունէութեան՝ հայկական վարժարաններուն ի նպաստ ցուցաբերած աջակցութեանց ճամբով։ Նաեւ՝ յայտնելով իր գոհունակութիւնը, որ նախարարի անձնական օրինակով կրթանուէր անձնաւորութիւնը կը գլխաւորէ Յունաստանի կրթական եւ կրօնից նախարարութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթեց Յունաստանի համար կենսական նկատուող կրթական բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։
Ազգային Վարչութիւնը այցելեց կրթութեան եւ կրօնից նախարարին
Ազգային Վարչութիւնը այցելեց կրթութեան եւ կրօնից նախարարին