­­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 31 ­­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30ին, «­­Զա­ւա­րեան» ­­Կեդ­րո­նի «­­Զա­քա­րեան-­­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի հա­ւա­քոյ­թը։
Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ հա­ւա­քոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, Հ.Հ. դես­պան պրն. ­­Ֆա­դէյ ­­Չար­չօղ­լեան ու դես­պա­նու­թեան մօտ ռազ­մա­կան կցոր­դը։
­­Ներ­կայ էին ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վո­ւա­պետ ­­Վե­րա­պա­տուե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, Կ­րօ­նա­կան ­­Դա­սը, միու­թեանց, թա­ղա­կա­նու­թեանց եւ տիկ­նանց մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ազգ. ­­Վար­չու­թեան կող­քին գոր­ծող խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը, Ազ­գա­յին թե­մա­կան ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­ներ եւ Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան կազ­մին մէջ գոր­ծած վաս­տա­կա­ւոր­ներ։
­­Բաց­ման խօս­քին մէջ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­­Գո­լա­նեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով նոր տա­րին եւ մաղ­թե­լով, որ գա­ղու­թի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ա­մէն մէ­կը իր գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տին մէջ, լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քի հասց­նէ տա­րած աշ­խա­տան­քը։
Ան նշեց, որ Ազգ. ­­Վար­չու­թիւ­նը հա­զիւ վեց ամ­սո­ւան նստաշր­ջան մը բո­լո­րած է եւ ան­դուլ աշ­խա­տանք կը տա­նի ի­րեն վստա­հո­ւած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յա­ջող ար­դիւն­քի հասց­նե­լու բո­լոր մար­զե­րէն ներս։
­­Նո­րըն­տիր թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը՝ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, գոր­ծուն ներ­կա­յու­թիւն է ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­պա­տէն ներս։ Ազգ. ­­Վար­չու­թիւ­նը, ներ­քին ի­մաս­տով, կը փոր­ձէ լա­ւա­գոյն ձե­ւով հա­մադ­րել ազ­գա­յին կեան­քին ա­ռըն­չո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը, սերտ յա­րա­բե­րա­կան եւ գոր­ծակ­ցա­կան կա­պեր պա­հե­լով թա­ղա­կա­նու­թեանց հետ։
­­Հել­լէն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մօտ պատ­շաճ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ յու­նա­հայ գա­ղու­թը։ ­­Նոյն­պէս ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ ­­Հա­յաս­տան-սփիւռք վե­ցե­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։
­­Նոյն­պէս՝ եր­կու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ Ան­թի­լիա­սի մէջ գու­մա­րո­ւած ­­Կի­լի­կիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Ժո­ղո­վին։
­­Մաղ­թեց, որ նոր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րար­հաս­կա­ցո­ղու­թեան, փոխ-ըմբռն­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի տի­րէ գա­ղու­թի բո­լոր մար­մին­նե­րուն եւ կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ, լա­ւա­գոյն ձե­ւով ար­գա­սա­ւո­րե­լու հա­մար տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը։
Ա­պա՝ խօս­քը տո­ւաւ Ազգ. ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Պօ­ղոս ­­Չո­լա­քեա­նի, որ տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ ընդ­հա­նուր զե­կոյց մը ներ­կա­յա­ցուց։
Ան նախ շեշ­տեց Սր­բա­զան ­­Հօր ներ­կա­յու­թիւ­նը ու գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գին, որ կը տի­րէ Ազգ. ­­Վար­չու­թեան կազ­մէն ներս։ Ա­պա՝ անդ­րա­դար­ձաւ Ազգ. ­­Վար­չու­թեան եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած խոր­հուրդ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։
Ազգ. ­­Վար­չո­թեան գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն ե­ղած է Հ. Կ. ­­Խա­չի ­­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի շէն­քա­յին կա­ռոյ­ցի նո­րո­գու­թիւ­նը, որ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի քան 50 տա­րո­ւան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր մա­շում­ներ։ ­­Նո­րո­գու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ շնոր­հիւ բա­րե­րար Ար­թին ­­Գա­լուս­տեա­նի մե­ծա­գու­մար կտա­կին։ ­­Յար­գե­լով իր յի­շա­տա­կը՝ Հ. Կ. ­­Խա­չի հետ խորհր­դակ­ցա­բար՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ ­­Ֆիք­սի շրջա­նի ման­կա­պար­տէ­զը ա­նո­ւա­նել «Ար­թին ­­Գա­լուս­տեան»։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ա­նո­ւա­նա­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն։
Սր­բա­զան ­­Հայ­րը եւ Ազգ. ­­Վար­չու­թիւ­նը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­­Հիւ­սի­սա­յին ­­Յու­նաս­տա­նի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­­Սէ­րէ­սի, ­­Գո­մո­թի­նիի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ, ­­Տի­տի­մո­թի­խո­յի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, ո­րոնց ըն­թաց­քին ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ կա­պի մէջ մտնե­լու տեղ­ւոյն թա­ղա­կա­նու­թեանց եւ ազ­գա­յին­նե­րուն հետ եւ, եր­կու առ­իթով, միջ-թա­ղա­յին ժո­ղով հրա­ւի­րե­լու՝ մօ­տէն ի­րա­զեկ դառ­նա­լով շրջա­նի հար­ցե­րուն։
Ընդ­հան­րա­պէս կա­նո­նա­ւոր հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ կը պա­հո­ւի շրջան­նե­րու թա­ղա­կա­նու­թեանց հետ, հեր­թա­բար տե­ղեակ ըլ­լա­լու հա­մար ա­նոնց հար­ցե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծում­ներ տա­լով։
Սր­բա­զան ­­Հայ­րը ներ­կա­յու­թիւն է Ա­թէն­քի շրջա­նի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս՝ նա­խա­գա­հե­լով եւ ըստ պա­հան­ջի պա­տա­րա­գե­լով եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով։
Տն­տե­սա­կան ­­Խոր­հուր­դը երկ­րի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մա­յին շրջան մը դի­մագ­րա­ւե­լով՝ կը փոր­ձէ հա­ւա­սա­րակշ­ռել թե­մի նիւ­թա­կան վի­ճա­կը։
­­Կա­լո­ւա­ծա­յին ­­Խոր­հուր­դը իր կար­գին հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի լծո­ւած է՝ լա­ւա­գոյն ձե­ւով մա­տա­կա­րա­րե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար ազ­գա­յին կա­լո­ւած­նե­րը։
Ու­սում­նա­կան ­­Խոր­հուր­դը կը գոր­ծէ հա­մա­խոր­հուրդ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն՝ հո­գա­լով վար­ժա­րան­նե­րու կա­րիք­նե­րը, գոր­ծակ­ցա­բար Տն­տե­սա­կան եւ ­­Կա­լո­ւա­ծա­յին ­­Խոր­հուրդ­նե­րուն հետ, ա­նոնց ա­ռըն­չո­ւող հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ։
Ու­սում­նա­կան տա­րես­կիզ­բէն վար­ժա­րան­նե­րը կը գոր­ծեն կա­նո­նա­ւոր ձե­ւով եւ լրիւ անձ­նա­կազ­մով։
­­Վեր­ջին ստա­ցո­ւած լու­րը կրթու­թեան եւ կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թե­նէն մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ, որ վերջ­նա­կան ո­րո­շում առ­նո­ւած է ներ­կայ տա­րեշրջա­նի հա­մար.- ­­Վար­ժա­րան­նե­րու տա­սը հայ ու­սու­ցիչ­նե­րը պի­տի վճա­րո­ւին յու­նա­կան պե­տու­թեան կող­մէ՝ 12 ամ­սո­ւան հա­մար։ Առ­նո­ւած ո­րո­շու­մը ար­դիւնք է տա­րո­ւած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի եւ յա­ջոր­դա­կան յա­րա­բե­րա­կան կա­պե­րու, նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան սպա­սար­կու­թեանց հետ։ ­­Հար­ցի նկատ­մամբ, ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ գոր­ծակ­ցե­լով հմուտ փաս­տա­բա­նի հետ, գրա­ւոր ու փաս­տե­րու եւ օ­րէնք­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մեր պա­հանջ­նե­րը կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թիւն, ինչ որ մե­ծա­պէս սա­տա­րեց ստա­ցո­ւած դրա­կան ար­դիւն­քին։
Ազգ. ­­Վար­չու­թիւ­նը եւ Կ­րօ­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը միա­ցեալ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած են հա­սա­րա­կաց հար­ցե­րու քննարկ­ման հա­մար։ Այս­պէ՛ս, օ­րա­կար­գի հարց դար­ձան ծու­խե­րու ցան­կե­րը յստա­կաց­նե­լու, ընդ­հան­րա­պէս ազ­գա­յին­նե­րու լրիւ ցանկ մը ու­նե­նա­լու պա­րա­գան­նե­րը՝ այս ուղ­ղու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լով նաեւ յու­նա­կան վի­ճա­կագ­րա­կան սպա­սար­կու­թե­նէն (ΕΘΝΙΚΗ ΣΤΑΤΙΣΤΙΚΗ ΥΠΗΡΕΣΙΑ).
­­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին խօ­սո­ւե­ցան նաեւ խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­պա խօս­քը տրո­ւե­ցաւ Հ. Հ. դես­պա­նին, որ մաղ­թանք­նե­րէն ան­դին անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւն-Ազգ. ­­Վար­չու­թիւն ան­մի­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ մատ­նան­շե­լով, որ ա­նի­կա կը գտնո­ւի լա­ւա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ։
Իր օ­րո­ւան պատ­գա­մին մէջ, ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը անդ­րա­դար­ձաւ բո­լո­րին կող­մէ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քին ու տրա­մադ­րե­լիու­թեան, ներ­դաշ­նակ գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, հա­մա­գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շար­ժի պա­հանջ­քին, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­ներ են գա­ղու­թը աշ­խոյժ ըն­թաց­քին մէջ պա­հե­լու նպա­տա­կին հա­մար։
Իւ­րա­քան­չիւրս ան­հա­տա­բար եւ միու­թիւն­նե­րը գոր­ծակ­ցա­բար, ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան զգա­ցում­նե­րով՝ փոր­ձենք մեր ներդ­րու­մով սա­տա­րել գա­ղու­թի, հա­յու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի ծա­ռա­յե­լու բարձր նպա­տա­կին։
­­Նախ­քան ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրու­մը, Ազգ. ­­Վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած էր յու­շա­տախ­տա­կով պա­տո­ւել եւ հրա­պա­րա­կաւ շնոր­հա­ւո­րել յու­նա­հայ գա­ղու­թի ար­ժա­նի զա­ւակ­նե­րէն մէ­կը՝ Ա­րա ­­Ճա­նի­կեա­նը, որ ­­Քո­լոմ­պիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­­Զիու-­­Զի­ցու մար­զա­ձե­ւի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յեա­նու­թեան մրցում­նե­րուն ոս­կեայ շքան­շա­նը նո­ւա­ճեց՝ ­­Յու­նաս­տա­նին եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թին հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ ներշն­չե­լով։
­­Յու­շա­տախ­տա­կը յանձ­նեց ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­­Հայ­րը՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով հա­յազ­գի մար­զի­կը եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­լով ա­նոր։
­­Հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րո­ւած էր եւ ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, որ ա­ւար­տին խօսք առ­նե­լով՝ յայտ­նեց, թէ ու­րախ եւ հպարտ է, որ կը գտնո­ւի հա­րա­զատ մի­ջա­վայ­րի մէջ — հա­կա­ռակ որ հա­յե­րէն լե­զուն չի խօ­սիր, սա­կայն զգա­ցում­նե­րով եւ ապ­րու­մով հայ կը զգայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, դե­րա­սա­նու­հին մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ թա­տե­րա­կան ներկա­յա­ցու­մի վե­րա­ծեց «Ան­ժէլ ­­Գուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» իր մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ եւ ­­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի ե­րաժշ­տա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։
­­Մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ լայն ար­ձա­գան­գի եւ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ հա­յու­հիի մը կեան­քը, տա­ռա­պանք­նե­րը եւ ապ­րում­նե­րը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Իզ­մի­րի կո­տո­րա­ծի ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ ­­Յու­նաս­տան հաս­տատ­ման պայ­ման­նե­րը նկա­րագ­րող ներ­կա­յա­ցու­մը։
­­Հա­ւա­քոյ­թի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Սր­բա­զան ­­Հայ­րը մաղ­թանք­նե­րով օրհ­նեց գա­թան եւ Ազգ. ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը բաժ­նեց կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ուր ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ներ­կա­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նա­բար զրու­ցե­լու զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։
Թղ­թա­կից