Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի­՝ 3 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­­Զա­քա­րեան-­­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ ներ­կա­յու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեա­նի։­
­Ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի կա­թո­ղի­կէ հա­յոց վի­ճա­կա­ւոր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան, Կ­րօ­նա­կան ­դա­սը, Ազ­գա­յին թե­մա­կան ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­ներ, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­քին գոր­ծող խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մե­րը, թա­ղա­կա­նու­թեանց եւ տիկ­նանց մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, միու­թեանց Շրջա­նա­յին վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Հա­յաս­տան հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ա­տե­նա­պե­տը, «Ա­զատ Օր»ի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբա­գիր­նե­րը, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ի­րա­ւա­բանն ու փաս­տա­բա­նը։
­­Բաց­ման խօս­քին մէջ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար Ազ­գա­յին վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ա­պա կարճ զե­կոյց մը տո­ւաւ նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։
Ա­պա՝ խօս­քը տո­ւաւ Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, որ ը­սաւ թէ Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը, ներ­քին ի­մաս­տով, կը փոր­ձէ լա­ւա­գոյն ձե­ւով հա­մադ­րել ազ­գա­յին կեան­քին ա­ռըն­չո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը, գոր­ծակ­ցա­կան կա­պեր պա­հե­լով թա­ղա­կա­նու­թեանց հետ։
­Անդ­րա­դար­ձաւ բո­լո­րին կող­մէ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի, ներ­դաշ­նակ գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­ներ են գա­ղու­թը աշ­խոյժ ըն­թաց­քին մէջ պա­հե­լու հա­մար։ ­Հել­լէն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մօտ պատ­շաճ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ յու­նա­հայ գա­ղու­թը։ ­­Մաղ­թեց, որ նոր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րար­հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի տի­րէ գա­ղու­թի բո­լոր մար­մին­նե­րուն եւ կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ, լա­ւա­գոյն ձե­ւով հե­տապն­դե­լու եւ յա­ջողց­նե­լու հա­մար տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը։
Իր օ­րո­ւան պատ­գա­մին մէջ, ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ը­սաւ թէ, իւ­րա­քան­չիւրս ան­հա­տա­բար եւ միու­թիւն­նե­րը գոր­ծակ­ցա­բար, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան զգա­ցում­նե­րով՝ փոր­ձենք մեր ներդ­րու­մով սա­տա­րել գա­ղու­թի, հա­յու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի ծա­ռա­յե­լու բարձր նպա­տա­կին։
­­Նախ­քան ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրու­մը, Ազ­գա­յին­ ­Վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած էր յու­շա­տախ­տա­կով պա­տո­ւել եւ հրա­պա­րա­կաւ շնոր­հա­ւո­րել յու­նա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րէն մէ­կը՝ յօ­րի­նող ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նը, որ իր վեր­ջին կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն մէկն է ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի քայ­լեր­գի մը յօ­րի­նու­մը։ ­Յու­շա­տախ­տա­կը յանձ­նեց ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րե­լով պրն. ­Չա­լը­քեա­նին եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­լով ա­նոր։
­Հա­ւա­քոյ­թի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Սր­բա­զան հայ­րը օրհ­նեց գա­թան եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը բաժ­նեց կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ուր ներ­կա­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նա­բար զրու­ցե­լու զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։