­Հա­մա­ձայն ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան որոշումին, Եր­կու­շաբ­թի՝ 14 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, երկ­րի ամ­բողջ տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, նշա­նա­ւո­րե­լով նոր ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի մեկ­նար­կը։
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եւս կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Այս ան­գամ, վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ՝ թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ո­րոնք նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րո­ւած էին նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ, դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ժահ­րի տա­րա­ծու­մը ա­շա­կեր­տու­թեան մէջ։
­Ֆիք­սի մէջ, ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու փու­լե­րով։ Ջ­րօրհ­նէ­քին նա­խա­գա­հեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը։ ­Ներ­կայ էին նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, Հ.Կ. ­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան եւ Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ ­Փոլ ­Ֆա­րա­ճեան։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, «Ար­թին ­Գա­լուս­տեան» ման­կա­պար­տէ­զի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8:30ին վար­ժա­րա­նի բա­կին մէջ, ո­րուն յա­ջոր­դեց «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նի եւ «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի միա­ցեալ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­կում­բի մար­զա­դաշ­տին մէջ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր ար­տա­սա­նած խօս­քին ընդ­մէ­ջէն բա­րի վե­րա­մու­տի մաղ­թանք­ներ բաշ­խեց ա­շա­կեր­տու­թեան, դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն, նշե­լով ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ դպրո­ցէն ներս։ Ան դրո­ւա­տեց հա­յակր­թու­թեան մեր կեդ­րոն­նե­րը եւ ընդգ­ծեց, որ հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը կը մնայ մեր գո­յա­տեւ­ման գլխա­ւոր ազ­դակ­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն կառ­չած պէտք է մնալ եւ սա­տա­րել ա­մէն գնով։
­Գո­քի­նիոյ մէջ, վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րեք փու­լե­րով, ո­րոնք կա­տա­րո­ւե­ցան շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին կող­մէ։ ­Ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Ազ­նիւ Ա­ճէ­մեան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ ­Նո­րա Սլ­տը­րեան։
­Նա­խա­պէս, «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «Հ. Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մատ­ղաշ փոք­րիկ­նե­րու ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն յա­ջոր­դեց «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի եր­կու փու­լե­րով ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, հա­մա­նուն կեդ­րո­նի բա­կին մէջ։ ­Տէր հայ­րը իր օրհ­նու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց բո­լո­րին, բա­րի վե­րա­մուտ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն։ Եր­կու շրջան­նե­րուն մէջ ալ, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը խօսք ա­ռին, ի­րենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին, ա­պա ներ­կա­յա­ցու­ցին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յա­տուկ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը՝ դա­սա­պա­հե­րու ըն­թաց­քին եւ դպրո­ցա­կան կեան­քէն ներս թա­գա­վա­րա­կի դէմ որ­դեգ­րո­ւած կա­նոն­նե­րուն եւ զգու­շա­ւո­րու­թեան հա­մար։ Ն­շենք, որ այս տա­րի, պե­տա­կան կրթա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րու հրա­հանգ­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րը ներ­կայ չգտնուե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ մնա­ցին շէն­քե­րէն դուրս, խճո­ղու­մի ա­ռաջ­քը առ­նե­լու նպա­տա­կով։
­Վե­րա­մու­տին ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր» իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը փո­խան­ցէ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան, տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն եւ մեր հա­յոր­դի­նե­րու ծնող­նե­րուն, ա­նոնց մաղ­թե­լով բա­րի ու­սում­նա­կան երթ, ինչ­պէս նաեւ հա­յե­ցի կրթու­թեան, հայ­կա­կան ու ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան ար­գա­սա­բեր տա­րի մը։