ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Սփիւռքի գոյառման հետ սկիզբ առած է նաեւ անոր հայեցի դիմագիծի պահպանման խնդիրը: Այլասերող ու կլանող միջավայրերու մէջ՝ հայապահպանումի ճիգը այսօր ալ կը մնայ սփիւռքահայութեան գոյութենական մեծագոյն տագնապը: Այս տագնապի լուծման հիմնական բանալիներէն մին, եթէ ոչ ամենահիմնականը՝ դեռ եւս կը նկատուի հայ դպրոցը: Այս իմաստով, շատ բան ըսուած ու գրուած է, բազմապիսի ճառեր հնչած ու Մաշտոցեան ներբող հիւսուած:
Իսկ ի՞նչ է գետնի վրայ տիրող իրականութիւնը այսօր: Մեր կրթական հաստատութիւնները բաւարա՞ր են դիմակայելու աշխարհացրիւ մեր համայնքներու հայապահպանման մարտահրաւէրները: Կարելի՞ է համադրել այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ համահայկական ճիգով՝ որոնել լուծումներ: Կա՞ն արդեօք այլընտրանքային ուղիներ, որոնք կ’ընձեռեն այս դարու մանկավարժական մօտեցումներն ու արհեստագիտական միջոցները, որոնք ի զօրու են փակելու Սփիւռքի կրթական բացերը: Այս եւ նման հարցերով է, որ ճամբայ կ’ելլէ այս համառօտ զեկոյցը:
Ինչպէս նշեցինք, շատ մելան հոսած է հայ դպրոցի առաքելութեան մասին, հայապահպանման մէջ՝ հայ լեզուի ունեցած անփոխարինելի դերին մասին, շատ անգամ ցաւ-սիրտ ու երբեմն ալ զգացական զեղումներով լի առաջարկութիւններ եղած:
Մէկդի ձգելով այս գծով կրկնուած հնամաշ լոզունգներն ու թեւաւոր խօսքերը՝ պահ մը կանգ առնենք զուտ քանակական բնոյթի ազդակներու վրայ ու, ատկէ մեկնած, լուծման կարկինը լայն բանանք: Այսինքն՝ փորձենք հասարակ յայտարարի բերել մեզ բոլորս յուզող խնդիրները ու անոնց հեռանկարային լուծման ուրուագիծը կազմել համահայկական հարթակի վրայ:
Եթէ իսկապէս լուրջ ենք հայ դպրոցի առանցքային դերակատարութեան մասին մեր յայտարարութիւններուն մէջ, ապա ամէն բանէ առաջ սկսիլ է պէտք գետնի վրայ տիրող իրադրութենէն:
Նման հակիրճ զեկոյցի մը սահմաններուն մէջ, փոխան երկարաշունչ վերլուծումներու, կը ձգենք, որ իրողութիւնները իրե’նք խօսին եւ կը շարունակենք՝ վերոնշեալ հարցադրումներուն վրայ նորերը աւելցնելով: Խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ հարցերուն.-
1) Եթէ մեկնինք այն տուեալէն, որ հայութեան երկու երրորդը կ’ապրի արտերկրի մէջ ու մօտաւոր թիւը կը կազմէ 7 միլիոն մարդ, ապա մտածելու ենք այդ թիւին մէջ մանկապարտէզէն երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգեր յաճախող հայ աշակերտութեան համեմատութեան մասին: Նշուած թիւի ստուգուած հիմքերը քիչ են թէեւ, բայց պահ մը ընդունինք զայն իբրեւ կարելի մեկնակէտ: Ընդգծենք նաեւ, որ ըստ հետազօտական փորձառական մօտեցման՝ որեւէ հաւաքականութեան մը մանկապարտէզէն երկորդական յաճախող աշակերտութեան թիւը կը կազմէ անոր ընդհանուր թիւին մօտաւորապէս 16 առ հարիւրը: Այսինքն՝ մենք տեսականօրէն գործ ունինք 1 միլիոնէ աւելի աշակերտի հետ:
Քանի՞ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ կան այս թիւին դիմաց՝ նոր սերունդին մօտ հայեցիութիւնն ու հայ լեզուն կենդանի պահելու եւ ամրապնդելու: Այլապէս ասած՝ գաղութէ գաղութ՝ մեր աշակերտական զանգուածին ո՞ր տոկոսին կը հասնինք սպասարկելու:
2) Ամէնօրեայ այդ վարժարաններէն քանի՞ն նախակրթարանի մակարդակով է, քանի՞ն՝ միջնակարգ եւ քանի՞ն՝ երկրորդական բարձրագոյն ուսման:
3) Տեսականէն անդին անցնելու համար, ի վերջոյ ի՞նչ է հայ աշակերտութեան ճշգրիտ թիւը, շրջան առ շրջան՝ առանձնաբար եւ ապա ընդհանուր:
4) Ի՞նչ է տուեալ շրջանի/երկրի կրթական պետական ծրագրի ազդեցութիւնը վարժարաններու հայկական ծրագիրին վրայ:
5) Վարժարաններու շաբաթական ընդհանուր դասաժամերու գումարին բաղդատած՝ քանի՞ ժամը յատկացուած է հայկական նիւթերուն:
6) Քանի՞ միօրեայ վարժարաններ ունի Սփիւռքը: Անոնց աշակերտութեան ու դասաժամերու թիւերը ի՞նչ են՝ առանձնաբար թէ ընդհանուր:
7) Որո՞նք են միօրեայ վարժարաններու ծրագիրներու բաղադրիչ նիւթերն ու առաջնահերթութիւնները: Բաւարա՞ր կը համարուին անոնք՝ հայեցիութեան նուազագոյն հիմքը ստեղծելու:
Նմանօրինակ հարցադրումները կրնան շատ մասնագիտական թուիլ. սակայն անոնց պատասխաններու հանրագումարն է, որ հիմք պէտք է ծառայէ մեր ընելիքներու ցանկին: Պատասխաններ՝ որոնք փաստագրուած են ու որոշակի, ինչպէս նաեւ՝ համահունչ են մեր դարու համահայկական պահանջներուն ու առաջադրանքներուն:
Ցաւօք, բացի Լիբանանէն, ցարդ չեն կատարուած այս պատասխանները գոյացնող տուեալներու հաւաքն ու անհրաժեշտ հետազօտութիւնները: Հետեւաբար՝ գործին սկիզբը ծայր կ’առնէ այս կէտէն – նախ եւ առաջ՝ հաւաքագրել Սփիւռքի կրթական ոլորտի բոլոր տուեալներն ու թիւերը, ա՛յդ հիմքի վրայ ալ մշակելու մեր ընելիքներու պատկերացումը:
Ետդարձ մը կատարելով այս հարցադրումներէն առաջինին ու ամէնէն հիմնականին՝ թէ քանի՞ կրթական օճախներ ունինք, որոնք կը բաւարարեն մեր կարիքներն ու թարգմանը կը հանդիսանան հայապահպանման մեր հրամայականներուն, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք ներկան արտացոլող քանի մը օրինակներ, որոնց թիւերը մեկնաբանութեան չեն կարօտիր:
— Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը, ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, կը հասնի 6000ի, ի դիմաց 50.000 այլ հայ աշակերտներու, որոնք օտար կրթական հաստատութիւններու մէջ կ’ուսանին: Իսկ ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատուի շուրջ 1.500.000ով, իսկ ափէ ափ ամէնօրեայ դպրոցներու թիւը՝ 26 է միայն:
— Ֆրանսայութեան թիւը կը տարուբերի 400.000էն 500.000ի միջեւ: Հոն կը գործեն 7 ամէնօրեայ վարժարաններ, որոնցմէ 5ը՝ նախակրթարան, մէկը՝ միջնակարգ եւ միայն մէկ երկրորդական՝ որ Մարսէյի «Համազգայինի ճեմարան»ն է: Փարիզ կը գտնուին անոնցմէ 4ը, մէկական հատ ալ՝ Լիոն,Նիս եւ Մարսէյլ: Հայ աշակերտութեան կը տրուի 60.000ի համրանք, որոնցմէ շուրջ 1500ը միայն կը յաճախէ հայկական վերոգրեալ վարժարանները:
— Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հայ համայնքները կը հասնին 3էն 4 միլիոնի, ծանրութեան կեդրոն ունենալով՝ Ռուսաստանը:
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով՝ Ռուսիոյ (Ռ.Դ.) տարածքին կը գործեն 200 միօրեայ (քիչ պարագաներու՝ երկօրեայ) կրթօճախներ, Ուքրանիա՝ 37, Ուզպեքիստան՝ 2, Ղազախստան՝ 9, Պելոռուսիա՝ 2, Մոլտովա՝ 1: Ամէնօրեայ վարժարաններ գոյութիւն չունին: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Ռ.Դ. հայութեան թիւը 2,5 միլիոնով կը գնահատուի, Ուքրանիա՝ 450.000, Ուզպեքիստան՝ 80.000, Ղազախստան՝ 70.000, Պելոռուսիա՝ 30էն 36.000 եւ Մոլտովա՝ 12.000:
— Պոլիս. ըստ մեր ունեցած տուեալներուն՝ հոն կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ (ոչ բոլորը երկրորդական կարգերով), որոնք կը համախմբեն 3083 աշակերտներ: Պոսահայութեան մօտաւոր համրանքը կը տարուբերի՝ 60.000էն 70,000ի միջեւ:
Մեր տուած օրինակները ամբողջական չեն: Սակայն այս թիւերն ու համեմատութիւնները, նմոյշներու փորձարկման (sampling) առումով՝ բաւականին բան կ’ըսեն Սփիւռքի կրթական համակարգերու կարողականութեան եւ արդիւնքներուն մասին: Յստակ է, որ այս կրթօճախներու ցանցը կրնայ սպասարկել 7 միլիոնանոց բազմաճիւղ ու բազմաբնոյթ Սփիւռքի համայնքներու ուսանողութեան մէկ կոտորակին միայն: Իսկ մնացեալ ջախջախիչ մեծամասնութի՞ւնը…
Այս տուեալներով՝ լաւագոյն պարագային կրնանք միայն պատկերացնել հայախօս ու հայեցի դիմագծով կորիզներու կազմութիւնը, մէկ գաղութէն միւսը: Նոյնիսկ եթէ մակարդի դեր ալ կատարեն անոնք, իրենց շուրջ որոշ տեւողութեամբ կրնան ծիրել մասնաժամ հայերու արբանեակ օղակներ, որոնցմէ դուրս, ուշ կամ կանուխ՝ մօտեցող համայքն է: Այս մատնանշումները բնա’ւ չեն միտիր յետ-Եղեռնեան ու յետ-Խորհրդային Սփիւռքի ստեղծած կրթական կառոյցներու դերը նսեմացնելու: Անցնող հարիւրամեակի ընթացքին միայն՝ թափուած է վիթխարի ճիգ, մեծ զոհողութեանց գնով հիմնուած են կրթական օճախներ, որոնց տուած արդիւնքը ինքնի՛ն՝ հայախօս ու հայաշունչ ովասիսներն են Սփիւռքի մէջ: Կարճ ասած՝ ցարդ կտրուած ճանապարհին իրագործումները ակնյայտ են: Կը մնայ այժմ քայլ առնել դէպի յաջորդ հանգրուանը: Ա՛յն՝ որ կ’առնենք համընդհանուր լարումով: Ա՛յն՝ որ կ’առնենք պետական ծրագրումով, կեանքի կոչելով ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ ընդգրկուած հայապահպանութեան յատուկ ուղենիշները: Վերջապէս, տեսլականի մը հետամուտ ու հեռանկարային ա՛յն քայլը՝ որ համահունչ է 21րդ դարու կշռոյթին ու խարսխուած է անոր ընձեռած արհեստագիտական ամէնէն առաջատար միջոցներուն վրայ:
Այս խորապատկերին վրայ ալ՝ հոս ներկայացուած առաջարկը՝ մէկ է։
— Պարզաբանենք ու եզրակացնենք.
Անցնող երեք տասնամեակներուն, կրթական ոլորտի զարգացումներու ծիրին մէջ՝ ականատեսը եղանք արագընթաց փոխակերպման մը, որ մինչեւ օրս իր արձագանգը կը տարածէ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ: Ելեկտրոնիկ արհեստագիտութեան դասարան մուտքով՝ ուսումնական մարզի բոլոր շերտերուն, բայց մանաւանդ մանկապատանեկան տարիքի շերտին համար բացուեցաւ նոր դարագլուխ: Այս անկիւնադարձը կը շարունակէ ընդլայնել իր ազդեցութեան գօտին ու թափանցել աւանդական դպրոցի մեթոտներուն մէջ: Ոչ հեռաւոր ապագային՝ փոփոխութեան այս ալիքը պիտի դառնայ համատարած նորմը, բնականոն ընթացի՛կը: Տուն-դպրոց տարածութիւնը, դասարաններու պատերը, մանկավարժական կարծրատիպները՝ բոլո՛րը պիտի անհետանան, տեղ տալու համար ելետրոնիկ-վիրտուալ կրթութեան:
Ասկէ մեկնած՝ եթէ ծանր ու թեթեւ ընենք Սփիւռքի կրթական կարիքները գոհացնող զանազան լուծումներու տարբերակները, հայկական վիրտուալ վարժարանի մը կամ վարժարաններու ստեղծումի պատեհութիւնը ամենամեծ կարելիութիւնը կը ներկայացնէ հասանելի ըլլալու ամէնուրե՛ք: Այս հարթութեան վրայ գործող դպրոցները կամ դպրոցը ուսումնարա՛ն պէտք է ըլլան բառի՛ն ամենաբովանդա՛կ առումով: Այսինքն՝ կարկտաններ ու կիսամիջոցներ հրամցնող նախաձեռնութիւններ ըլլալէ հեռու պէտք է ըլլան: Քարեղէն վարժարաններու կարգերուն նման՝ հայեցի ծրագիրը պէտք է սկսիլ մանկապարտէզէն ու անոր հետեւող աշակերտը հասցնել մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան: Այս ո՛չ միայն պիտի զանցէ աշխարհագրական սահմանները եւ սահմանափակումները, այլեւ՝ լուծման բանալին կրնայ դառնալ վերը մատնանշուած սփիւռքեան դպրոցներու անբաւարարութեան կամ չգոյութեան խնդրին: Նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ ոմանց մեծածախս ու անիրականանալի թուիլ, սակայն բոլոր այլընտրանքներէն ամէնէն իրագործելին ու յարաբերաբար ամէնէն խնայողականը ա՛յս մէկն է ու անգամ մը, որ իր հունը գտնէ՝ մատչելի կ’ըլլայ բիւրաւոր աշակերտներու: Հրամայական է, սակայն, որ այսպիսի յեղափոխի՛չ ծրագիր մը կանգնած ըլլայ մանկավարժական եւ լեզուագիտական բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը վրայ: Մէկ խօսքով՝ մէջտեղ բերուի մասնագիտական եւ ոչ թէ սիրողական ճիգերով:
Ելեկտրոնիկ կամ համացանցային ոլորտին յենած կրթական համակարգի մը նախափորձերն ու հումքը արդէն կան — արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով (օր.՝ dasatu.ru, Appleի «Learn Armenian» ծրագիր, «Նայիրի» բառարան, Կիւլպէնկեան հիմնարկի «Արեւիկ» եռամակարդակ ծրագիրը, Համազգայինի «Լալան ու Արան» app.ը եւլն): Այս ձեռնարկութիւններէն կարելի է նոյնիսկ առանձնացնել Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Armenian Virtual College»ի կայքէջը՝ իբրեւ նախատիպ վիրտուալ կրթարանի մը:
Այս բոլորը ճիշտ ուղղութեամբ առնուած քայլերու նուազագոյնն են սակայն, ու ամբողջականօրէն չեն գոհացներ Սփիւռքի հրատապ կարիքները: Այս իմաստով, կարելի է ըսել, որ բաւականին լայն է մեզ ու մեր ժամանակներուն յարի՛ր հայեցի կրթութեան համակարգի մը միջեւ գտնուող վիհը:
Մեզի կը մնայ անյապաղ անցնիլ մե՛ր անկիւնադարձային փոփոխութեան փուլին եւ ստեղծել այն բոլոր մանկավարժական ուղիներն ու միջոցները, որոնք համապարփակօրէն կը պատասխանեն Սփիւռքի հայեցի կրթութեան ժամանակակից պահանջքներուն ու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն: Աշխարհի տարածութիւնները կրճատող համացանցային արհեստագիտութիւնը՝ նոյնը կրճատումը ըրած է նաեւ հայկական Սփիւռքի հեռաւորութիւններուն համար: Նո՛յնն ու աւելին կրնայ ընել նաեւ հայեցի դաստիարակութեան յօրանջող վիհին համար ալ, փոքրացնելով բաժանման բացը, մօտեցնելով նորարար լուծումներու ծայրամասը:
Ժամանակն է առնելու քայլը եւ կատարելու այս արմատական ոստումը՝ հիմը դնելու համար հայկական թուայնացած կրթական ծրագրին ու վիրտուալ վարժարանին:
— Կրկնութեան գնով ըսենք, որ նոյնինքն այս հարցադրումները կը կարօտին մանրազնին հետազօտական աշխատանքի, որպէսզի կարելի դառնայ չափորոշել ուսումնական որոշակի մեր կարելիութիւնները եւ այդ հիմամբ՝ մեր ընելիքը ճշդե՛լ: