Հինգ­շաբ­թի, 18 Մա­յիս 2017-ին, սկիզբ ա­ռաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի 6րդ ­գու­մար­ման ա­ռա­ջին նիս­տը:
­Նո­րըն­տիր խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին նիս­տին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ե­րի­ցա­գոյն պատ­գա­մա­ւո­րը` ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ցու­ցա­կով ընտ­րո­ւած` ազ­գու­թեամբ քիւրտ Կ­նեազ ­Հա­սա­նո­վը: Ա­պա՝ օրհ­նու­թեան խօսք ուղ­ղեց Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս 6րդ ­գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին ու­ղերձ յղեց նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան իր ու­ղեր­ձին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ զա­նա­զան նիւ­թե­րու, ա­ւե­լի քան մէկ ժամ տե­ւած իր ե­լոյ­թով նա­խա­գա­հը խօ­սե­ցաւ  խորհր­դա­րա­նի դե­րի բարձ­րաց­ման, երկ­րի կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը փո­խե­լու մի­ջո­ցով յե­տընտ­րա­կան ճգնա­ժա­մե­րը վե­րաց­նե­լու, ընդ­դի­մու­թեան դե­րի բարձ­րաց­ման, փտա­ծու­թեան, «ներ­քին թշնա­մի»ի` ա­նար­դա­րու­թեան  դէմ պայ­քա­րի, մին­չեւ 2040 թո­ւա­կա­նը ընդգր­կող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի տնտե­սա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րու, նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին մա­սին:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան նախ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը` «ա­զատ, թա­փան­ցիկ եւ բարձր գնա­հա­տա­կա­նի ար­ժա­նա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար», յոր­դո­րե­լով նաեւ մոռ­նալ նա­խընտ­րա­կան փու­լին ի­րար հաս­ցէին հնչած մե­ղադ­րանք­նե­րը: ­Նա­խա­գա­հը ը­սաւ, թէ խորհր­դա­րա­նէն կ­՛ակն­կա­լէ լսել սուր, քննա­դա­տա­կան, բայց հիմ­նա­ւո­րո­ւած ե­լոյթ­ներ: Ա­պա՝ խօ­սե­ցաւ, իր բնո­րո­շու­մով, սխալ ե­րե­ւոյ­թի մը մա­սին: «Առ­կայ է ըն­կա­լում մը, որ ընդ­դի­մա­դիր պատ­գա­մա­ւո­րը, որ կողմ քո­ւէար­կած է իշ­խա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան, այ­լեւս ընդ­դի­մու­թիւն չէ, կամ ա­ւե­լի վատ` ծա­խո­ւած է: Այս տրա­մա­բա­նու­թիւնն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը լաւ բա­նի չեն հասց­ներ»,- նշեց նա­խա­գա­հը:
«­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կա­րե­լիու­թիւն տո­ւաւ խու­սա­փելու յե­տընտ­րա­կան ճգնա­ժա­մե­րէ», նշեց նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան` ա­ւելց­նե­լով, այս օ­րե­րուն յա­ճախ ի­րեն հարց կու տան, թէ ար­դեօք գո՞հ է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րէն: «Իբ­րեւ ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, ես գոհ եմ մեր կու­սակ­ցու­թեան ար­ձա­նագ­րած ար­դիւնք­նե­րէն»,- ը­սաւ ան:

***
Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան գաղտ­նի քո­ւէար­կու­թեան 105 պատ­գա­մա­ւո­րէն մաս­նակ­ցած է 100ը: ­Քո­ւէա­տու­փին մէջ առ­կայ 100  քո­ւէա­թեր­թի­կէն ո­րե­ւէ մէ­կը ան­վա­ւեր  չէ ճանչ­ցո­ւած,- յայ­տա­րա­րած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի հա­շո­ւիչ յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Մե­լի­քեան:
Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ձայ­նե­րը բաշ­խո­ւած են հե­տե­ւեալ ձե­ւով. Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան` կողմ 88, դէմ 12, Էտ­մոն ­Մա­րու­քեան` 12 կողմ, 88 դէմ: «Այս­պի­սով, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ կ­՛ընտ­րո­ւի Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան: ­Կը շնոր­հա­ւո­րենք»,ռ ը­սած է ­Գա­գիկ ­Մե­լի­քեան: