Խմ­բագ­րա­կան «Ազ­դակ»ի

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` ե­զի­տի ժո­ղո­վուր­դին դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող, բա­րո­յա­կան անհրա­ժեշտ դիր­քո­րո­շու­մի ա­ռըն­թեր յստա­կօ­րէն ու­նի քա­ղա­քա­կան այժ­մէա­կան նշա­նա­կու­թիւն:
­Բա­րո­յա­կա­նը այն մղումն է այս պա­րա­գա­յին, որ նոյ­նինքն ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած ազ­գի պե­տու­թիւնն է, որ պարտք կը զգայ իր հե­տապն­դած ճա­նա­չում­նե­րու ար­շա­ւին նման ճանչ­նալ այլ ցե­ղաս­պա­նեալ ժո­ղո­վուր­դի մը ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ ան­կէ մեկ­նած դա­տա­պար­տել ե­ղա­ծը:
Այս­տեղ կայ կա­րե­ւոր այլ հան­գա­մանք եւս. ե­զի­տի ժո­ղո­վուր­դը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ու­նի ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճակ` իբ­րեւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ քա­ղա­քա­ցիու­թեամբ հա­յաս­տան­ցի եւ ազ­գու­թեամբ ե­զի­տի բնակ­չու­թիւ­նը մաս կը կազ­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դին: ­Պատ­մա­կան օ­րի­նակ­նե­րը պահ մը մէկ կողմ ձգե­լով յի­շենք միայն վեր­ջերս ազ­գու­թեամբ ե­զի­տի զի­նո­ւո­րին նա­հա­տա­կու­թիւ­նը Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին:
­Հի­մա կեդ­րո­նա­նանք քա­ղա­քա­կան ու­ղերձ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք տեղ գտած են Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին քո­ւէար­կած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: Այն­տեղ կայ յղում ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չու­թեամբ  Մ.Ա.Կ.ի հա­մա­պա­տաս­խան յօ­դո­ւած­նե­րուն, կա­նո­նա­կար­գա­յին սահ­մա­նում­նե­րուն, ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ  ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քով ամ­րագ­րո­ւած պե­տու­թիւն­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Ի դէպ, 2015ին յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման գծով Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի քո­ւէար­կած բա­նա­ձե­ւը եւս այս մա­սով հա­մա­հունչ էր ե­զի­տի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թեան: Այն­տեղ կը բա­ցա­կա­յէր ա­ւե­լի վա­րը նշե­լի բա­ժի­նը:
­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­պա կ­՛անց­նի ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման բա­ժին­նե­րուն, ո­րոնք միեւ­նոյն տո­ղե­րուն մէջ հա­մա­տե­ղո­ւած են: Այս­տեղ ար­դէն ուղ­ղա­կի ակ­նարկ կ­՛ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան տար­բեր բնոյ­թի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման փաս­տե­րուն եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման աշ­խար­հագ­րա­կան մի­ջա­վայ­րին: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը դա­տա­պար­տէ ա­հա­բեկ­չա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րը, ծայ­րա­յե­ղա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը եւ այդ բո­լո­րի ներշն­չանք­նե­րուն տակ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րը:
Այս բո­լո­րէն ետք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը կոչ կ­՛ուղ­ղէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան` մի­ջազ­գա­յին կա­ռու­ցա­կարգե­րու մի­ջո­ցով հե­տաքն­նե­լու կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, հե­տապն­դե­լու եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան են­թար­կե­լու մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րած ան­ձե­րը, ձեռ­նար­կե­լու մի­ջոց­ներ ե­զի­տի բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թիւնն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, ա­նոնց մար­դա­սի­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծադ­րե­լու բո­լոր հնա­րա­ւոր ջան­քե­րը ա­պա­գա­յին մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ նման խախ­տում­նե­րը կան­խե­լու, բա­ցա­ռե­լու եւ վե­րց­նե­լու հա­մար:
Մ­շա­կո­ւած բա­նա­ձեւ է նաեւ այս յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ տեղ գտած այն հա­տո­ւա­ծը, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը այս ա­ռի­թով իր հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Ի­րա­քի պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին: ­Ներ­կայ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ միայն Ի­րա­քի պե­տու­թեան կամ միայն Ի­րա­քի ժո­ղո­վուր­դին հա­մե­րաշ­խու­թիւն յայտ­նե­լը կրնար ո­րոշ մեկ­նա­բա­նու­թեան դուռ բա­նալ. յատ­կա­պէս ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ քիւրտ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը մաս կազ­մե­լով Ի­րա­քի ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր փու­լե­րու տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կոտ­նեայ դիր­քե­րու վրայ կը գտնո­ւի Ի­րա­քի պե­տու­թեան ճշդո­րո­շած մօ­տե­ցում­նե­րուն նկատ­մամբ:
Ե­զի­տի­նե­րու նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւած մարդ­կու­թեան դէմ ո­ճիր­նե­րը, հա­մաշ­խար­հա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու, հա­ղոր­դում­նե­րուն եւ քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցող հա­սա­րա­կա­կան դէմ­քե­րու թէ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կող­մէ նկա­տո­ւե­ցան իբ­րեւ ցե­ղա­յին զտում­ներ կամ ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­ներ: ­Տե­ղա­հա­նու­թիւն­ներն ու սպա­նու­թիւն­նե­րը կա­յա­ցան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բաց հա­մա­կար­գով եւ բազ­մա-ար­բա­նեա­կա­յին հե­ռար­ձա­կում­նե­րով յատ­կան­շո­ւած մթնո­լոր­տի մէջ:
­Մինչ եւ այժմ սա­կայն, պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւանն է միայն, որ իր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վով կը ճանչ­նայ, կը դա­տա­պար­տէ ե­զի­տի­նե­րուն դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն պատ­ժե­լիու­թիւն կը պա­հան­ջէ յան­ցա­գործ­նե­րուն նկատ­մամբ: