­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, 3 ­Մա­յի­սի կ­.ե. ժա­մը 4ի դրու­թեամբ, վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րեց ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նը: ­Թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւի ա­ռա­ւել քան մէկ եր­րոր­դին կող­մէ: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեն Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի հան­րա­յին կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն: ­Յի­շեց­նենք, որ 1 ­Մա­յի­սի յա­տուկ նիս­տին, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը վար­չա­պետ չընտ­րեց, իսկ «ԱԺ կա­նո­նա­կարգ» ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան օ­րէն­քին հա­մա­ձայն՝ վար­չա­պետ չընտրուե­լու պա­րա­գա­յին քո­ւէար­կու­թե­նէն եօ­թը օր ետք կ­՛ի­րա­կա­նա­ցուի վար­չա­պե­տի նոր ընտ­րու­թիւն, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւի առ­նո­ւազն մէկ եր­րոր­դին ա­ռա­ջադ­րած վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու­նե­րը: