Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Դեկտեմբեր 5էն 8 պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը:
Ժողովին մասին կաթողիկոսարանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, թէ չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին պիտի նախագահէ Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ժողովին պիտի մասնակցին կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ թեմերէն ժամանած շուրջ 100 պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.- «Չորս օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու զեկուցումն ու քննարկումը: Ժողովի օրակարգերուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը: Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն եւ կաթողիկոսարանի առաքելութիւնը նոր թափով շարունակելու ծրագիրներու մշակում»:
Ազգային Ընդհանուր Ժողով
Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի գումարուի Դեկտեմբերի 5էն 8՝ Անթիլիասի մէջ