Առաջնորդուիլ բազմամակարդակ
եւ բազմաշերտ օրակարգով
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ծիրին մէջ, նիստ մը յատկացուած էր սփիւռքի վերակազմակերպման, հայկական ինքնութեան ամրապնդման եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան:
Այդ նիստի ընթացքին, ժողովի հրաւիրեալներէն Միհրան Քիւրտօղլեան ներկայացուց հետեւեալ զեկոյցը.
Վեհափառ տէր, յարգելի ժողովականներ,
Սերունդին «ազգային ինքնութիւնը» մտատանջող օրակարգին նուիրուած Պիքֆայայի խորհրդաժողովին՝ վեհափառ հօր ներկայացուցած ներածականը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-սփիւռք վերջին համագումարին երկու նախադասութիւններու մէջ խտացուցած նորին սրբազնութեան նշանակալից «հայրենիքը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի» շշմեցնող ահազանգը բիրտ մարտահրաւէր մըն է, որ օրահրամանի շեշտով կը դրուի ազգի ղեկավարութեան սեղանին:
1980ական թուականներէն կը զգացուէր արդէն, որ մեր միջոցները՝ մամուլ, կրթարան, ակումբ եւ այլ աշխուժութիւններ անբաւարար են այլեւս՝ հայօճախներու ազգային դիմագիծը պահելու, սերունդին ինքնութեան մշակումին մէջ ազդու դեր ունենալու տեսակէտէն: Բայց նախորդող տասնամեակէն սկսած ցուցական-ուժական պայքարի միջազգային արձագանգը կերպով մը կը նպաստէր, որ սերունդը քաղաքականանայ, յանձնառու դառնայ, իբրեւ հայ ինքզի՚նք հաստատէ…:
Ցեղասպանութեան 70ամեակէն ետք մեր կարելիութիւնները զօրաշարժեցինք Հայ Դատի պայքարին համար եւ չմտածեցինք, թէ սփիւռքացումը հանգրուանում է, մնայուն է, որ ունի, պէ՚տք է ունենար իր առաջնահերթութիւնները, եւ այդ առաջնահերթութեանց առաջին գիծին վրայ կարեւոր տեղը պիտի գրաւէր սերունդին ազգային ինքնութիւնը պահելու մտահոգութիւնը: Այդ օրերուն, սփիւռքի մնայուն հանգամանքը ընդունիլը շատերու համար նոյնիսկ թապու կը համարուէր, մինչեւ որ Հայաստանի վերանկախացումը մեզ դրաւ չոր իրականութեան առջեւ, թէ այո՚, սփիւռքը կազմուած է պարտադրաբար, բայց իրարու յաջորդող սերունդներէ ետք, հիմա անիկա դարձած է ապրելու ընտրավայր…:
Համառօտակի այս հաստատումէն ետք, շատ հպանցիկ ակնարկ մը ՝ հայօճախներուն տրամադրած միջոցներուն վրայ, որոնք միտուած են սերունդին ազգային ինքնութիւնը մշակելու գործին: Իբրեւ նմոյշ, նկատի առնենք երեք թեմեր միայն, որոնք երկու կաթողիկոսութեանց հովանին ունին: Եթէ տարածուինք ամբողջ սփիւռքին վրայ, անյոյս ըլլալու աստիճան անմխիթար վիճակի մը առջեւ պիտի գտնուինք:
— Ամերիկա. միայն մէկ քաղաքի՝ Կլենտէյլի մէջ ամերիկեան-հանրային դպրոցներու աշակերտներու ընդհանուր թիւը շուրջ 30.000 է, որոնց մէկ երրորդը՝ 10.000ը հայորդիներ են, մինչ Ամերիկայի երկու թեմերն ու ափերը նկատի առնելով` մեր վարժարաններու աշակերտներուն ընդհանուր թիւը 8000 է…: Ա.Մ.Ն.ի մէջ ունինք եկեղեցիներ, թերթեր, ակումբներ, հեռատեսիլի շաբաթական քանի մը ժամուան հաղորդումներ: Ասոնց շուրջ բոլորուածներուն համար եթէ հիմք առնենք մեր վարժարաններուն աշակերտներու թիւը, եւ եթէ շռայլ ըլլանք՝ լաւագոյն պարագային կ՚ունենանք 200.000, 300.000: Հայութեան թիւը կ՚ենթադրուի 1.500.000էն աւելի:
— Գանատա. երկու թեմերու մէջ կայ շուրջ 2000 աշակերտ: Միեւնոյն շռայլ հաշիւով՝ ազգային կառոյցներու շուրջ բոլորուածները նկատենք 30.000, մինչ հայութեան թիւը կ՚ենթադրուի 80.000-100.000:
— Յունաստան. աշակերտներու թիւ 250-300: Մեր կառոյցներուն շուրջ բոլորուածները, ներառեալ հայաստանցիներ, առաւելագոյնը՝ 10.000: Հայութեան թիւը կ՚ենթադրուի 45-50 հազար:
Տակաւին չենք անդրադառնար խառն ամուսնութիւններու, որոնց մօտաւոր թիւին մասին նուազագոյն գաղափարն իսկ չունինք…:
Թերեւս տարբեր է պարագան Կիպրոսի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ ու Լիբանանի, բայց այս ընթացքով կը կասկածիմ, թէ անոնք ալ պիտի չըլլան դժբախտ թեկնածուները վերիններու ճակատագրին…:
Ընդունինք նաեւ, որ ներկայացուած այս տախտակը աղօտ պատկերացումն իսկ չի տար հայերէնի նահանջին, որ ահագնացող համեմատութիւններու հասած է: Մեր կառոյցներուն շուրջ բոլորուածները հայերէնը չեն գործածեր ոչ միայն առօրեայ-ընտանեկան յարաբերութեանց մէջ, այլ յաճախ նաեւ ժողովներու ընթացքին: Նոյնիսկ այն ժողովներուն մէջ, որոնք իբրեւ թէ կոչուած են հայերէնի պահպանութեան, լեզուին փրկութեան: Ալ ո՜ւր մնաց, որ նորահաս սերունդը հայերէն բարբառի: Կրնա՞նք շրջել կացութիւնը: Պատասխան չունեմ: Բայց կ՚ենթադրեմ, թէ պիտի համաձայնիք, որ հայերէնի չգործածութիւնը պէտք չէ փակուղի դառնայ մեզի եւ սերունդին համար: Ըստ ամենայնի մերժելի է նաեւ անճրկած կամակորութիւնը, շուարումը: Հաւանաբար, հայը հա՚յ պահելու դասական մեր մտայնութիւնն է, որ կամակոր դարձուցած է մեզ եւ սփիւռքը հասցուցած այն պատկերին, որուն առջեւ ենք ներկայիս: Ամէն պարագայի, հարցումը կճող է.
Ինչո՞ւ ինկանք մաշումի այս ճամբուն մէջ, հակառակ Վեհափառի հաստատումին՝ «սփիւռքը անսահման կարողութիւններու շտեմարան» ըլլալուն:
Պատճառները շատ են անշուշտ ու բազմաբնոյթ՝ բոլորիս ծանօթ: Մեր կարողութիւններէն վեր է բոլոր պատճառները յաղթահարելը: Բայց եկէ՚ք կենանք երկու կէտերու վրայ, որոնք մեր կարողութիւններու շրջագիծին մէջ կ՚իյնան, բայց թերացած ենք այդ մարզերուն մէջ:
Ա.- Վերջին տարիներուն, շուրջ 2 տասնամեակի կտրուածքով դիտելի է, որ սփիւռքը կորսնցուցած է իր քաղաքական ջիղը, որու հետեւանքովն ալ թուլցած է իր կազմակերպուածութիւնը եւ յանձնուած՝ անտարբերութեան: Գիտենք, որ անտարբերութիւնը աւելի ահաւոր վտանգ է, քան թշնամին: Աւելի մեծ չարիք է, քան նոյնիսկ դաւաճանութիւնը, որ վերջին հաշուով թշնամի ուժը քիչ-շատ կ՚աւելցնէ: Մինչ անտարբերութիւնը սեփական ուժդ կը կրծէ, կը կրծէ, մինչեւ որ հիւծիս ամբողջութեամբ:
Բ.- Անտեսեցինք համացանցի, internetի, social mediaի ( facebook, e-mail, twitter եւ այլն) ուժը: Չարիք համարեցինք համաշխարհայնացումը եւ անիկա նկատեցինք մեր տկարութիւններուն պատճառը, փոխանակ անդրարառնալու, որ կրնար եւ ազդու զէնք ըլլալ համաշխարհայնացումը՝ մեզի պէս աշխարհով մէկ ցրուած, համաշխարհայնացած ազգի համար:
Եւ այսօր ի՞նչ կը հաստատենք: Կը հաստատենք, որ համացանցը, ափի բջիջայինը ամէնօրեայ կեանքն է երիտասարդին ու միջին սերունդին, որոնք մեր հետապնդած թիրախներն են այս պարագային:
Համացանցի ուժէն օգտուելու համար պիտի գանք միեւնոյն առանցքին, այսինքն՝ կազմակերպուածութեան եւ քաղաքական ջիղի զարթնումին:
Ի՞նչ կ՚առաջարկուի.
— Նախ՝ համոզուինք, որ գոյութիւն ունենալէ պիտի չդադրի սփիւռքը: Եթէ կայ հակառակ թեզի հիմնաւորում, լսելը հետաքրքրական պիտի ըլլայ…
— Մինչեւ հիմա կը շարունակենք բաւարարուիլ մեր ձեռնարկած միջոցառումներով, որ ազգայիններ կամ գաղութահայ զանգուածներ մեզի գան, որպէսզի մեր ձայնը լսեն, մեր նպատակներուն տեղեկանան: Մինչդեռ արհեստագիտութիւնը (թեքնոլոժին) դասաւորած է այնպէս, որ ամէն ինչ՝ լուր, տեղեկութիւն, գրականութիւն, բառագիտութիւն, քաղաքական վերլուծում, գիտութիւն, նամակ թէ քարոզչութիւն կու գայ մեր ափին մէջ, բջիջայինի, սելիւլէրի մէջ, իսկ մենք բացակայ ենք հոն, չկանք: Ահա գործիքը, որ հայածին սերունդին ազգային ինքնազգացողութիւնը պիտի փորձէ արթնցնել: Կրնա՞նք հայօճախներու մէջ ստեղծել կազմակերպ մեքանիզմներ, որ կեդրոնացնեն ի-մէյլներու հասցէներ, բջիջայիններու թիւեր եւ յաճախակի «յարձակումներով» սերունդին փոխանցեն կարճ ու ամփոփ՝ պատմական նշանակալից եղելութիւններ եւ մեր ազգի արժէքային համակարգը կաթիլ առ կաթիլ ու մասնագիտական նրբութեամբ փոխանցեն սերունդին, ինչպէս օրինակ՝ հայուն կառչածութիւնը՝ ազատութեան, անկախութեան, իրաւունքի ու արդարութեան գաղափարներուն, ժողովրդավարութեան, հայուն ձեռներէց ոգին ու աշխատունակութիւնը, դժուարութեանց դիմանալու հայուն տոկունութիւնը, ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, որ անցեալին պատահածը ներկայ դարձնելն է մտքերու մէջ, մեր պահանջատիրութիւնը, եւ իբրեւ քաղաքական հանգանակ ու իրաւունք՝ միացեալ Հայաստանի տեսլականը…:
Գիտենք, որ հայօճախները ձեւաւորած են գործող ու ինքնատիպ հաստատութիւններ, որոնց շուրջ բոլորուած հայ հասարակութիւնը ունի իր աւանդական գործելաձեւը , հաւատամքն ու մտայնութիւնը, կարգախօսներու կառչածութիւնը, որոնք կը դժուարացնեն նո՚րը, նորին որդեգրո՚ւմը, նոր մտայնութի՚ւնը: Գիտենք, դիւրին չէ թօթափել տիրող այն մտայնութիւնը, որ հայախօսութեամբ կը պայմանաւորէ հայապահպանումը: Բայց հիմա, պայմանները չոքած են մեր վրայ եւ մեզի կը պարտադրեն, դատապարտած են մեզ, որ շրջանցենք լեզուն, հայերէնը:
Ազգային շատ միաւորներ կան, որոնք կը խօսին միեւնոյն լեզուն, սակայն չեն պատկանիր նոյն ազգին, ինչպէս արաբախօսներն են, ֆրանսախօսները, գերմաներէն խօսողներ, սպանախօսներ, անգլերէնը գործածողներ: Կարեւորը այն է, թէ ենթական իր գործածած լեզուով ի՞նչ արժէքներու, ո՞ր ազգի պատմութեան ու տագնապներուն եւ հայրենիքին հետ կը յարաբերի, ապագայի ի՞նչ տեսլական կը հետապնդէ: Ասոնք են, որ ինքնազգացողութիւն, հայրենասիրութիւն կը զարգացնեն: Պէտք է ըսել նաեւ ու ընդգծել, որ հայրենասիրութիւնը վերացական իմացութիւն մը չէ, այլ կ՚արտայայտուի հայրենիքի հանդէպ յանձնառութեամբ, անոր դիմագրաւած խնդիրները ի՚րը ընելով, անոնց հանդէպ դիրքաւորուելով, անոնցմով տագնապելով ու տագնապեցնելով: Միայն այս ձեւերով է, որ սերունդը կը կառչի ու կառչած կը մնայ հայրենիքին եւ ոչ թէ բեմերէն արտասանուած հռետորական կարգախօսներով, որոնք լաւագոյն պարագային տուեալ պահուն տպաւորութիւն կը գործեն, բայց շուտով, պահին հետ անոնց թողած ազդեցութիւնը կ՚անցնի:
Սերունդին հոգիներն ու մտքերը հայրենասիրութեամբ կը դրոշմուին՝ յանուն հայրենիքի ձեռնարկուած արարքներով, այդ արարքներուն մասնակից դառնալով ու դարձնելով զինք: կենդանի գործով: Տեսականին ու գործնականին, այսինքն՝ թէորիին ու բրակտիտայի միասնութեան ըմբռնումը գործարկելով, խօսքը գործի ընդմէջէն արտայայտելով: Կործանարար է կրաւորականութիւնը, թէ՝ «ինչո՞ւս պէտքն է, թէ ինչ կը պատահի Հայաստանի մէջ, հոն պատահածները այնտեղ ապրողներուն խնդիրներն են…»: Այս մտայնութեամբ, աշխարհագրականօրէն բաժան-բաժան մեր ազգը բաժան-բաժան կ՚ըլլայ նաեւ հոգեպէս, ինչ որ անվերականգնելի կը դարձնէ ազգին միասնութիւնը: Սփիւռքը նաե՚ւ այս վտանգին առջեւն է՝ ըստ զեկուցողիս:
Յարգելի ժողովականներ,
Իմ ներկայացուցած այս թեզս թող չտայ այն տպաւորութիւնը, որ առաջարկուած միջոցով գտնուած պիտի ըլլայ սերունդին ազգային ինքնազգացողութիւնը խթանելու մոգական լուծումը: Ո՚չ անշուշտ: Այդ խաբկանքէն հեռու:
Ներկայացուածը պարզապէս մտածումի ճիգ մըն է եւ առաջարկ՝ հաւատալով, որ ատիկա առաւելագո՚յն կարելին է, կը կրկնեմ, մաշումի ներկայ փուլին մէջ, առաւելագո՚յն կարելին է եւ այդ կարելիին սահմաններուն մէջ թերեւս նուազագոյն ձեռքբերումներ կարենանք ունենալ… Ընդհանուրին մէջ, առաջարկուածը բազմամակարդակ ու բազմաշերտ օրակարգով առաջնորդուելու հրամայականն է:
Առաջին՝ հաւատա՚լ ու ըստ այնմ գործել, որ հայերէ՚նը, հայերէնի ուսուցո՚ւմը կեանքի չափ կարեւոր է: Սեփական աչքի լոյսի պէս պահել հայկական դպրոցները, այն անխախտ համոզումով, որ անոնց ուժեղացումն ու բազմացումը կ՚ամրապնդեն մեր ինքնապաշտպանութիւնը, մտահան չընելով երբեք, որ հայօճախներու գործող բոլոր կառոյցներու նիւթական կարիքները հոգացողը ու բարոյապէս անոնց շուրջ բոլորուած նուիրեալները հայկական դպրոցներու շրջանաւարտներն են մեծաւ մասամբ: Հայախօսներն են, որ ազգով ու ազգայինով կը տագնապին եւ այսպիսի բովանդակութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպեն, ո՚չ օտարախօսները:
Երկրորդ՝ միաժամանակ աչքաթող չընել, օրակարգէ դուրս չձգել հարիւրաւոր հազարներ հաշուող սերունդը, որ օտարախօս է, բայց մե՚րն է եւ որուն հայկական ինքնութիւնը խթանելը ազգային-միութենական-կուսակցական մարմիններուն ճիտին փակած է, անոնց անյետաձգելի գործն է: Հայախօսութեան կառչած մնալու ողջունելի յամառութիւնը փակուղի չդարձնել սերունդին համար:
Երրորդ՝ «սփիւռքի մաշում»ին առաջքն առնելու ընդհանուր շրջածիրին մէջ , հայրենաթող հայերը գրկելն ու զանոնք հայօճախներու կեանքին ու աշխուժութիւններուն մասնակից դարձնելը մեր կառոյցներուն անառարկելի ՊԱ՚ՐՏՔՆ է, միաժամանակ ՊԷՏՔ մը՝ նորեկ այդ հայերով ներարկուիլը, թարմանալը:
Չորրորդ՝ օրախնդիր դարձնել անհրաժեշտութիւնը ամէն հայօճախ օժտելու հայկական ընկերային մետիայով (Armenian social media), որուն միջոցով եւ մասնագիտական նրբերանգներով կարելի պիտի ըլլայ տեղական լեզուով յարաբերիլ օտարախօս սերունդին հետ:
Սեղանի մնայուն խնդիր է հայեցի դաստիարակութիւնը, որուն հիմնական զէնքը հայերէնն է անկասկած, քանի անով է, որ սերունդը պիտի ընկալէ եւ իւրացնէ ազգի արժէքային համակարգը: Սակայն սերունդին մեծամասնութիւնը զրկուած է այդ զէնքէն: Զայն չզրկենք նաեւ միւսէն՝ ազգի տեսլականներէն ու արժէքային համակարգէն…:
Ահաւասիկ բազմամակարդակ օրակարգէն նշանակալից չորս շերտեր, զորս վերակազմակերպուելու շրջագծին մէջ կարելի է առաջադրել իբրեւ չէլէնճ-մարտահրաւէր…:
Անթիլիաս, 7 Դեկտեմբեր 2017
ՆՈԹ.- Ուրիշ բացատրութեան կարիքն ունի Ազգային պատկանելիութիւնը։