7 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը՝ ­Լի­բա­նա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին տո­ւած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նա­խա­գա­հին եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ներ­կա­յաց­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թեան առ­ջեւ՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թեան, մեր­ժեց Ե­րու­սա­ղէ­մը Իս­րա­յէ­լի մայ­րա­քա­ղաք նկա­տող ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մօ­տե­ցու­մը, որ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին, ար­դա­րու­թեան ու պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թեան: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը շեշ­տեց, որ Ե­րու­սա­ղէ­մը պէտք է մնայ բաց քա­ղաք՝ միաս­տո­ւա­ծեան ե­րեք կրօն­նե­րուն առ­ջեւ.- Հ­րէա­կան, քրիս­տո­նէա­կան ու իս­լա­մա­կան, եւ յի­շեալ կրօն­նե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րը պէտք է միշտ պաշտ­պա­նո­ւած ըլ­լան Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ:
­Լի­բա­նա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ զօր. ­Մի­շել Աուն իր կար­գին շեշ­տեց ­Լի­բա­նա­նի կե­ցո­ւած­քը Ե­րու­սա­ղէ­մի գծով` նոյն­պէս մեր­ժե­լով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:
Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան­նե­րը եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րին ու ժո­ղովր­դա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի մեր գա­ղութ­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թեան: Իր կար­գին, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց հայ­կա­կան սփիւռ­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ հա­յոց լե­զուն, հայ­կա­կան ար­ժէք­ներն ու մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը. նա­խա­գա­հը յատ­կա­պէս յի­շեց Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն զոհ գա­ցին հայ ու լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը` մէ­կը եա­թա­ղա­նով, իսկ միւ­սը` սո­վի ար­հա­ւիր­քով:
­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հին հետ` ներ­կա­յու­թեամբ պե­տա­կան ե­րես­փո­խան­ներ ­Յա­կոբ ­Բագ­րա­տու­նիի եւ Ար­թիւր ­Նա­զա­րեա­նի: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան ­Լի­բա­նա­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը յու­զող քա­ղա­քա­կան հար­ցեր: