Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2024-ին Ֆիսքի «Ա. Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդանի ամանորեան գաթայի բաշխումը։ Ներկայ գտնուեցան Յունաստանի թեմի Ազգային իշխանութեան ժողովներու, խորհուրդներու, Ատտիկէի ծխական եկեղեցիներու Թաղական խորհուրդներու, Տիկնանց մարմիններու, սարկաւագներու եւ դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Վէգէն Չոլաքեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ դատի յանձնախումբի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Յունաստանի Համահայկական հիմնադրանմի մարմինի, հայկական վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչուհիներ, ազգային կեանքի երախտաշատ վաստակաւոր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշանակիր տիկին Մաննիկ Աշրեան։
Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան ողջունելով ներկաները, Ազգային Առաջնորդարանի ամանորեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին։ Նաեւ, հակիրճ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեանց առընթեր, յունահայութեան հետ առնջուող պարագաներուն, ներառնելով արցախահայութեան դիմագրաւած ճակատագրական պայմանները, Հայաստանի եւ սփիւռքի դիմագրած մարտահրաւէրները։
Գաթայի բաշխումէն առաջ, թեմակալ Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան նոր տարուան բարեյաջող բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները, նկատելով որ ամանորեան աւանդութիւն դարձած գաթայի բաշխման առիթները, սոսկ ձեւական առիթներ ըլլալէ աւելի, ե՛ն նաեւ իւրաքանչիւր հաւաքական միաւորի համար միասնաբար նոյն նպատակին ի խնդիր աշխատելու եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն ունենալու առիթներ։ Այդպէս է նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի համար, որուն գործունէութիւնը տուեալ համայնքի կեանքին մայր էջին վրայ տեղադրուած է, ինչ որ Կիլիկիւոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաքելութեան սկզբունքներուն մաս կը կազմէ։ Վերջին տարիներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի տարեկան հռչակագրերը առաւել շեշտ եւ հրամայական պահանջք դրին այս ուղղութեամբ։ Վեհափառ հայրապետի 2024-ը Մարդուժի տարի հռչակագիրի պրիսմակէն դիտելով սոյն հաւաքը, իր ներկայացուցչական հանգամանքով եւ պատասխանատուութեամբ բոլորիս կը թելադրէ միատեղ եւ համադաշն կշռոյթով համադրել յունահայ կեանքը զբաղեցնող բոլոր տեսակի աշխատանքները։ Ամանորեան բարեմաղթութիւններուն անդրադառնալով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մէջբերեց ժողովրդային ասոյթ մը, որ կ’ըսէ՝ «պատահական չէ որ…», որ կը նշանակէ, թէ որեւէ աշխատանքի կամ գործունէութեան դրական թէ ժխտական արդիւնքը, հետեւանք է պատճառի մը։ Բոլոր տեսակի բարեմաղթութիւնները փափաքի սահմաններու մէջ կը մնան, եթէ անոնց չմիանան ջանք ու ճիգ զանոնք իրագործելու համար, այնպէս ինչպէս հողագործ մը , որ իր արտը հերկէ բայց չցանէր։ Ապա աղօթքով եւ բարեմաղթութիւններով օրհնելէ ետք ամանորեան գաթան, ըստ ընկալեալ ձեւին, Ազգային Վարչութեան ատենապետին կողմէ բաժնուեցաւ ներկաներուն։ Բախտաւոր անձը եղաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի ուսուցչուհի Անոյշ Ֆենտեան , որ ստացաւ հայկական Արմաս գինիներ։
ԹՂԹԱԿԻՑ