Թեմպիի մէջ պատահած գնացքներու արկածը, որ պատճառ դարձաւ տասնեակ երիտասարդներու մահուան եւ բազմաթիւ վիրաւորներու կը շարունակէ ցնցել ամբողջ Յունաստանը։ Ինչպէս արդէն նշած էինք մեր նախորդ թիւով, յունահայ գաղութը եւս մասնակցեցաւ եռօրեայ ազգային սուգին, հայկական եկեղեցիներու եւ վարժարաններու դրօշները պարզած ըլլալով կիսակայմ։ Նաեւ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան անունով հետեւեալ ցաւակցագիրը ղրկուեցաւ երկրի վարչապետին եւ յոյն եկեղեցւոյ պետին.- «Խոր կսկիծով կը մասնակցինք ազգային սուգին, որ յայտարարուեցաւ գնացքներու ողբերգական արկածի զոհերուն համար։ Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն։ Կ՚աղօթենք որպէսզի Տէրը ուժ պարգեւէ անձնապէս Ձեզի եւ համայն յոյն ժողովուրդին»։ Նշենք, որ Կիրակի, 5 Մարտին Յունաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ արկածի զոհերու յիշատակին։