Մաննիկ Պէօրէքճեան — Աշրեան

Ներկայիս, ազգային մեր նոր ճգնաժամի պահուն, տարակոյս չկայ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ամէն Հայու հոգեմտային վիճակը լրջօրէն խոցուած է հազարաւոր մեր զոհերու, գերիներու, վիրաւորներու, հաշմանդամներու, անհետ կորածներու, իրենց հարազատներու խոր վիշտով: Ուստի, ազգային վերականգնումի յոյսը մեր միակ մխիթարութիւնն է:
Գիտենք անշուշտ, թէ մեր պատմութեան ընթացքին, ամէն ժամանակի մեծ ուժերու միջև կռուախնձոր դարձած ենք, թէ աշխարհագրական դիրքի պատճառաւ և յաճախ նաև մեր ազգի ստեղծագործական ու մշակութային բարձր մակարդակը ոչնչացնելու նպատակով:
Սակայն, «մենք կանք ու կը մնանք ու դեռ կը շատանանք» մեր տաղանդաւոր Պարոյր Սեւակի մեզ գօտեպնդող ներշնչումով:
Հայաստանի 1991ի վերանկախացումը մեր բոլորի երազանքին իրականացման առաջին քայլն էր, Արցախի ազատագրումը հպարտանքի մեր երկրորդ քայլը: Մեր բոլորի յոյսն էր պահպանել հզօր ու անվտանգ հայրենիք, յաջողցնել Արցախի հիմնախնդրի արդար հանգուցալուծումը, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ու վերջապէս Ազատ, Անկախ ու Միացեալ հայրենիքի մեր արդար իրաւունքի իրականացումը Սեւրի դաշնագրի իրագործումով:
Դժբախտաբար, 2020ի պատերազմը յեղաշրջեց ամէն ինչ և մեզ հասցուց ներկայի աղիտալի կացութեան:
Այս ճգնաժամը, սակայն, գերուժերու շահերուն կամ Ատրպէյճանի հայատեացութեան և Թուրքիոյ բանթուրանական դարաւոր ծրագրի հետևանքը չէ միայն: Այս բոլորի դիմաց, մեր ազգի պատասխանատուութիւնը ևս հարկ է քննել օրինաւոր միջոցներով:
Բնական է, թէ ամէն երկրի մէջ անսխալական իշխանութիւն չի կայ: Սակայն, 2018ի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» որ խոստացաւ լաւագոյն ապագայ ժողովրդավարական վարչաձևով, յանգեցաւ նոր պոլշեւիկեան մենատիրական ամբոխավարութեան:
Ցաւօք սրտի, Արցախի հողերուն 75%ի կորուստէն վերջ, Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ համաձայնագրի մէկ անձի կողմէ ստորագրումէն և Ազերիներու նոյնիսկ Հայաստանի տարածքին ներխուժումէն ետք, մենք ո՜չ միայն պարտուած, այլ մեր ազգային արժանապատուութիւնը կորսնցուցած կը զգանք: Աշխարհի որևէ երկրի մէջ, դաւաճան թէ ապիկար իշխանութիւնը անմիջական հրաժարականէ այլ ընտրանք չէր կրնար ունենալ:
Անհաւատալի կը թուի թէ ինչպէս մեր հայրենիքի որոշ քոյրերն ու եղբայրները տարուեցան հիներու և նորերու, սեւերու և սպիտակներու ազգը պառակտող քարոզչութիւններէ և նոյնիսկ այսօր կան հաւատացողներ, թէ պարտուած իշխանութիւնը կարող է, Թուրքիոյ հետ բանակցելով, հայրենիքը առաջնորդել խաղաղութեան:
Վերջերս բարեբախտաբար, Հայաստանի, Արցախի և Սփիւռքի մեր ժողովուրդին զգալի մեծամասնութիւնը սկսած է անդրադառնալ դէպի հայակործանում տանող ներկայ կացութեան և հակազդելով կը շեշտէ, թէ մեր չարչարեալ, ցեղասպանուած, բայց յարուցեալ ազգը միասնականութեամբ միայն կարելի է կրկին վերականգնել:
Ուստի, կը պարտինք «Հայաստան, Արցախ և Սփիւռք Եռամիասնութիւնը» չթողուլ լոզունգ, այլ իրագործել համահայկական լուրջ ծրագրով, որպէս զի ազգայինը գերադասելու գիտակցութեամբ, կանքնինք Նոր Զարթօնքի մը շեմին:
Ինպէ՞ս:
Առարկայական մօտեցումով, առաջին հերթին, անկարելի կը թուի միասնութեան իրագործումը, որովհետև հայրենիքէն ներս, մենատիրութեան և ժողովուրդի պառակտումի պատճառով, հերոսական մեր Արցախը առաջին մեծ զոհը դարձաւ, որուն կրնան յաջորդել, նոր զիջումներով, աւելի մեծ վտանգներ, եթէ չկարողանանք կասեցնել Թուրք – Ատրպէյճանական մեր ազգի ոչնչացման ծրագիրը:
Իսկ, ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին, մէկ դարէ աւելի, առաւել քան 70 երկիրներու մէջ քաղաքական աքսորի դատապարտուած օտար երկիրներու քաղաքացիներ ինչպէս հնարաւոր է միաւորել:
Մենք, սակայն, «անկարելիին ազգն ենք», ինչպէս ըսած է Ֆրանց Վերֆել:
Օ՜ն, ուրեմն, Հայաստանի և Արցախի հայրենի հողին վրայ շնչող թանկագին հայրենակիցներ, սթափեցէ՜ք ու մի՜ մոլորուիք ազգը պառակտող քարոզչութիւններէ, ձերբազատուեցէ՜ք սովետական ամբողջատիրական վարչացևի մտայնութենէն և մեր հինաւուրց բիբլիական ազգի ոգիով, մեր պատմական անցեալի ներշնչումով, որդեգրեցէ՜ք մեր հողի արտակարգ տոկունութեամբ հայավայել մտածելակերպ: Առանց կառչելու անձերու վրայ, միշտ հաւատարիմ մնացէ՜ք մեր ազգային արժէքներուն յենուած գաղափարախօսութեան: Խոհեմութեամբ մտածեցէ՜ք նաև, թէ ազգային մեր գոյատևման սպառնացող լուրջ վտանգ մը սփիւռքահայը օտարացի նկատելն է, որովհետև դասական Սփիւռքը արտագաղթող չէ, այլ Ցեղասպանութեան հետևանքով ազգի աքսորեալ հատուածն է, որ կարող է լրջօրէն աջակցիլ հզօր ու անվտանգ հայրենիքի պահպանման:
Այժմ, ուղղենք նաև դասական Սփիւռքի քոյրերուն ու եղբայրներուն, իրենց վերաբերող կոչը:
Եկէ՜ք չմոռնանք, թէ մենք չորս հինգ սերունդներ տոկացինք օտար ափերու վրայ: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախնիներու գերմարդկային ճիգերուն շնորհիւ, մենք ապրեցանք ազգային պատկանելիուլեան գիտակցութեամբ: Հայակերտումի օճախներ ստեղծեցին ամէնուրեք, որպէս զի նոյնիսկ սովետական երկաթէ վարագոյրին ետին գտնուող մեր հայրենիքին հետ առանց կապի կարելիութեան, մենք Հայ մնանք ազատ անկախ հայրենիքի տեսլականով: Մեզ հիւրընկալող իրկիրներուն օրինակելի քաղաքացիներ ըլլալով հանդերձ, մեզի սորվեցուցին, թէ ամէն բանէ վեր մենք Հայ ենք և մեր հայրենիքը Հայաստանն է:
Ինչպէս ըսած է հոգելոյս Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը՝ «Լիբանանը երկիրս է, բայց հայրենիքս Հայաստանն է»:
Կը յիշեմ, թէ սփիւռքահայ մանուկի սորված առաջին արտասանութիւնն էր՝
«Հայ եմ ես, Հայ եմ ես,
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես,
Մեռնիլ գիտցող Հայ եմ ես,
Մեռնելով ապրիլ գիտցող Հայ եմ ես,
Նախահօրս Հայկին պէս»:
Մենք, ուրեմն, վերջին տարիներուն համաշխարհայնացման մտածելակերպէն առանց տարուելու, կը պարտինք մեր ընտանիքները, եկեղեցիները, վարժարանները, ակումբները անառիկ բերդեր դարձնել, որպէս զի փրկենք նոր սերունդները ձուլումէն ու Հայու կամքով կանգնինք Հայաստանի ու Արցախի կողքին:
Նման կոչ մը կարեւոր է ուղղել նաև դժուար պահերուն արտագաղթած մեր հայրենակիցներուն: Կ’ ենթադրեմ, թէ վերջին տարիներուն, դուք ևս հայաստանցի քոյրեր և եղբայրներ, Սփիւռքի դառնութիւնը ճաշակած ելլալով այլևս, կը պարտիք մոռնալ ձուլումի ճամբով համարկուիլը ձեր ապրած երկիրներուն: Քանի մեր ազգի 3/4ը կ’ ապրի ներկայիս օտար երկիրներու մէջ, երկու Սփիւռք(ներ)ը հակառակ անցեալին իրենց ապրած վարչաձևերու տարբեր մտայնութեան, այլընտրանք չունին,բացի կանգնելէ հայրենիքի կողքին, մէկ ուժեղ Սփիւռք դառնալով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր իմաստուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ 2022ը «Սփիւռքի Տարի» հռչակման առիթով, ուրեմն, մենք սփիւռքահայերս կը պարտինք, Հայաստանի և Արցախի, թէկուզ անհամազգեստ, կամաւոր զինուորները դառնալ:
Յատկապէս վերջերս ծագած Ռուս – Ուքրանիական պատերազմի ներկայ կացութեան պահուն, աննախատեսելի վտանգներ կը սպառնան ամբողջ աշխարհին և հաւանական հետևանքներ Հայաստանի և Արցախի ապագային:
Յստակ է, ուրեմն, թէ ներկայի իրավիճակը դիմագրաւելու միակ ճանապարհը խաղաղ կերպով իշխանափոխութիւն իրագործել և համահայկական սկզբունքային գաղափարախօսութիւն տածող նոր իշխանութիւն ունենալն է: Իսկ երկրորդ քայլը, անյապաղ Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութեան մասնակցութեամբ, յանձնաժողով մը ստեղծելն է, պաշտպանութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի ու յատկապէս դիւանագիտական արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտներով: Յստակ է, թէ այս խումբը, նոր իշխանութեան հետ, կարելիութիւն կ’ ունենայ համահայկական բանաձևով հայանպաստ բանակցութիւններ վարել ու մեզ առաջնորդել ազգային ուղիղ ճանապարհի:
Այժմ այլընտրանք չունինք: Թեև այս բանաձևը մենք կը պարտէինք տասնամեակներ առաջ իրագործել ու հաւանաբար կարելի ըլլար խուսափիլ ներկայի իրավիճակէն: Կը յիշեմ, թէ Հայաստան – Սփիւռք 2017ի համաժողովին գոյութիւն ունէին նման մտածումներ, որպէս զի Սփիւռքը ևս ունենար իրաւունքներ և պարտականութիւններ, սակայն առաջարկները չիրագործուեցան:
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» ինչպէս ըսած է Սիմոն Զաւարեան:
Անտարակոյս, բացի ներկայի կացութիւնը անյապաղ դիմագրաւելու հրամայականէն, համահայկական մտածելակերպը ամէնուրեք ստեղծել ու պահպանելը լուրջ քայլերու և որոշ ժամանակի կը կարօտի:
Առաջին հերթին, հարկ է վերականգնել Սփիւռքի նախարարութիւնը: Նաև, հայաստանցի մեր հայրենակիցները համոզել, թէ եթէ իրենք Արևելահայաստանցի են, Սփիւռքահայերն ալ Արևմտահայաստանցի են: Ուստի, անցեալէն տակաւին մեզ բաժնող գերուժերուն դէմ, մենք բոլորս մէկ ազգի զաւակներն ենք և այս ինքնութեան գիտակցութիւնը միայն մեզ կ’ առաջնորդէ փրկութեան: Դասական, թէ նոր Սփիւռքի պարագային, կը պարտինք սթափեցնել այն հայրենակիցները, որ եսակեդրոն մտայնութեամբ կը տարուին ձուլումի, որուն առաջքը եթէ չառնենք, հայութիւնը կ’ առաջնորդենք ցեղասպան Թալէաթ փաշայի, միայն մէկ Հայու գոյութեամբ, մեզ թանգարանային ազգ դարձնելու թիրախին:
Ցեղասպանուած, բայց յարուցեալ մեր ազգը, սակայն, ընկճելու ի վիճակի ուժ չկայ աշխարհի վրայ:
Հզօր Պարսկաստանի դէմ, մենք ունինք Աւարայրի սրբազան պատգամը, որ մեզ հասցուց Նուարսակի դաշնագրին: Ցեղասպան Թուրքիոյ դէմ, Սարտարապատի հայրենակերտ յաղթանակը, մեր հերոսական Արցախի և յատկապէս Շուշիի անհաւատալի ձևով ազատագրումը: Մենք, ուրեմն, ուշ կամ կանուխ, Շուշին պիտի չթողունք «Շուշա»:
Բարեբախտաբար, մենք ունինք մեր ազգային իրաւունքները պաշտպանող Հայ Դատի Յանձնախումբը, որ յարատեւ պայքարով կը հասնի յաջողութիւններու: Հայ Դատը համահայկական է և իսկապէս ցաւալի է ներկայի վարչապետի ապազգային արտայայտութիւնը, թէ Հայ Դատը Հայաստանի հետ կապ չունի: Մեր մեծ թշնամին Թուրքը յայտնի է, թէ գոհ մնալով առաջարկած է Սփիւռքը հեռու պահել բանակցութիւններէն: Կարելի՞ է, ուրեմն, մենք թշնամիին փափաքին հետևինք: Ոչ մէկ հայրենասէր անձ կ’ ընդունի թշնամիներուն ենթարկուող քաղաքականութիւն:
Իրական խաղաղութիւնը կուգայ, միայն Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու հատուցումով և Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հարցի արդար հանգուցալուծումով: Փիւնիկի նման վերածնուող մեր ազգը, ուրեմն, ազգայինը գերադասելու իմաստութեամբ, կը պարտի որդեգրել այն գործօնները, որ կարող են յեղաշրջել ներկայ իրավիճակը և Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռք(ներ)ը օժտել ազգափրկիչ ուժականութեամբ:
Այս ուղղութեամբ, կարելի է յառաջդիմել, որոշ լծակներ ընտրելով փոխանցելու համար նոր սերունդներուն մեր սկզբունքները: Հարկ է իրենց մէջ արմատանայ այն համոզումը, թէ ժառանգորդներն են ազգի մը որուն երկիրը օտար քաղաքագէտներ բարձր գնահատած են, ինչպէս Իտալացի Լուճեթի որակած է Հայաստանը՝ «նիւթական, բարոյական և մտային զարթօնքի օրրան»:
Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը գօտեպնդուի մեր պատմական իրական անցեալով, հեռու սովետական շրջանի աղաղուած պատմութենէն: Իսկ Սփիւռքի երիտասարդութիւնը սերտօրէն կապուած պահելու համար հայրենիքին, կ’ արժէ Հայաստանի համալսարանին մէջ պատրաստել արևմտահայերէնի և արևելահայերէնի ուսուցիչներ, ծրագրուած գործուղղումով դէպի Սփիւռքի վարժարանները ու նաև ազգային գործիչներ, որոնք պիտի սատարեն Հայաստան – Սփիւռք փոխադարձ կապերու սերտացման: Անշուշտ, սփիւռքահայ երիտասարդ մասնագէտներ նաև կարող են համազգային ներուժի միաւորումով, սատարել հայրենիքի զարգացման զանազան ոլորտներէն ներս:
Բնականաբար, այդքան դիւրին չէ իրագործել այս բոլոր ազգանպաստ տեսլականները: Սակայն, նման ծրագիրներ իրագործելը կրնայ յուսադրիչ մեկնակէտ դառնալ ազգային մեր իղձերու իրականացման ճանապարհին:
Եզրափակելով, պիտի ուզէի շեշտել, թէ մեր բոլորի հոգու պարտքն է, ազգային խոր գիտակցութեամբ, աչքի լոյսի նման պահել հեռու ամէն տեսակի տագնապներէն մեր ինքնութիւնն ու հայրենիքը, որովհետև ինչպէս ըսած է յոյն հերոսներէն Րիղաս Վելեսթինլիս՝ «Για την πατρίδα όλοι να ‘ χωμεν μία καρδιά», «Հայրենիքի համար, բոլորս ունենանք մէկ սիրտ»: Այսպէս միայն, մեր Հայ Դատը տկարացած ու թուլացած ազգի մը անիմաստ պայքարը չի դառնար, այլ կ’ ըլլայ մեր հինաւուրց ազգի բազմադարեան երթը բնորոշող ու ապագան իմասատաւորող համահայկական արդար դատ, որուն կը պարտինք ծառայել անյապաղ ազգայինը գերադասելու գիտակցութեամբ: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ: Մեր մտքին ու հոգիին մէջ պահենք նաև անմոռանալի տողերը մեր մեծատաղանդ Յովհաննէս Շիրազի՝
«Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում, ա՜յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան.
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել և պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական»: