Մէկուկէս ամսուան ստիպողական ընդհատումէ ետք, այսօրուան թիւէն սկսեալ, «Ազատ Օր»ի տպագիր հրատարակութիւնը դարձեալ հասանելի է մեր հայրենակիցներու բնակարանները եւ աշխատատեղիները, թերթիս ցրուիչներուն եւ նամակատան միջոցով։
Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած պետական արգիլումներուն պատճառով, ստիպուած եղանք առժամեայ ընդհատել տպագիր հրատարակութիւնը։ Սակայն, նոյնիսկ հեռավար աշխատանքով, թերթիս աշխատակազմը շարունակեց ամէն օր կանոնաւորապէս հրատարակել ելեկտրոնային (PDF) գունաւոր տարբերակը։ Շնորհիւ անմիջական ջանքերուն, կարելի եղաւ ապահովել մեծ թիւով բաժանորդներու ելեկտրոնային հասցէները եւ ամէնօրեայ կանոնաւորութեամբ ղրկել ելեկտրոնային թիւերը։ Մեր կամքէն անկախ պատճառներով, բաժանորդներու փոքր թիւ մը միայն զրկուեցաւ թերթի ներկայութենէն։
Սփիւռքի գաղութներուն մէջ, Պսակաձեւ ժահրի տարածումին պատճառով, հայ մամուլը ստիպուեցաւ համակերպիլ ստեղծուած նոր եւ արտասովոր իրականութեան։ Սփիւռքահայ թերթերը շարունակեցին գործել ելեկտրոնային միջոցներով, իսկ տպագիր հրատարակութիւնը, որ կը կազմէ անոնց գործունէութեան գլխաւոր բաժինը, ընդհատուեցաւ ու մինչեւ այսօր ենթակայ է իւրաքանչիւր երկրի պետական սահմանափակումներու կանոններուն։
Բնականաբար, այս կացութիւնը նիւթական լուրջ դժուարութիւններու կը մատնէ սփիւռքեան մամուլը, որու նիւթական աղբիւրները կը յատկանշուին առաւելաբար բաժանորդագրութիւններով եւ նուիրատուութիւններով։
Պարտադրական սահմանափակումներու իրավիճակը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ «Ազատ Օր»ի տնտեսական կանոնաւորութեան վրայ՝ գանձումներու եւ նուիրատուութիւններու արմատական նուազումով։ Անշուշտ, կարելի չէր կասեցնել թերթի նիւթական պարտաւորութիւնները, որոնք, մեծ զոհողութիւններով եւ առանց յապաղումի, այս դժուար ժամանակաշրջանին եւս լիովին կատարուեցան։
Վստահ ենք, որ վերը ներկայացուած պատկերը աննկատ պիտի չմնայ մեր բաժանորդներուն եւ հայրենակիցներուն կողմէ։ Հայ մամուլի հրատարակութիւնը յենուած է հայ ընթերցողի անմիջական եւ սրտաբուխ օժանդակութեան վրայ։ «Ազատ Օր» եւս, իր 75ամեայ անխափան հրատարակութիւնը կը պարտի յունահայ մեր հայրենակիցներու եւ արտասահմանի մեր բաժանորդներու բարոյական ու նիւթական անվերապահ աջակցութեան։
Յուսալից օրերու ակնկալութեամբ եւ կեանքի բնականոն պայմաններուն աստիճանական վերադարձի լոյսին տակ, մեր թերթի տպագիր հրատարակութիւնը դարձեալ կը մտնէ հայ օճախներէն ներս, շարունակելու համար իր առաքելութիւնն ու անփոխարինելի ներդրումը յունահայ կեանքի իրականութեան մէջ։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»