«Ազատ Օր» կը համակերպի նոր կացութեան եւ կը շարունակէ իր ամէնօրեայ ելեկտրոնային հրատարակութիւնը
Անսպասելի չէին կառավարութեան կողմէ անցեալ Կիրակի օր յայտարարուած քաղաքացիներու շրջագայութեան սեղմումները։ Օրեր առաջ, հեռատեսիլն ու մամուլը շարունակական նշումներով ցոյց կու տային նոյն ճամբան, որմէ արդէն ստիպողաբար կ՚անցնին եւրոպական մնացեալ երկիրները, պաշտպանելու համար քաղաքացիներու առողջութիւնը եւ ոտքի պահելու համար առողջապահական փխրուն համակարգը։
«Ազատ Օր» զգալով թէ մօտ օրէն շրջագայութեան սեղմումները ի զօրու կրնան դառնալ, որուն պատճառով այլեւս հնարաւոր պիտի չդառնար տպագիր թերթի ցրուումը մեր հայրենակիցներու բնակարանները, անցեալ շաբաթ դիմեց իր բաժանորդներուն, ստանալու համար անոնց ելեկտրոնային հասցէները (e-mail), որպէսզի հնարաւոր ըլլայ թերթի ելեկտրոնային տարբերակի (PDF) ամէնօրեայ առաքումը։
Արդէն, մեծ թիւով բաժանորդներ անմիջականօրէն ընդառաջեցին մեր դիմումին եւ մեր տրամադրութեան տակ դրին իրենց ելեկտրոնային տուեալները։
Բոլորիս համար դժուար այս պայմաններուն տակ, «Ազատ Օր» պիտի շարունակէ իր հրատարակութիւնը, ամէն օր՝ առաւօտ կանուխ հասնելով մեր բաժանորդներու համակարգիչներուն, հեռաձայներուն կամ պլանշէթներուն (Tablet) վրայ, որպէսզի մեր ընթերցողները չզրկուին Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայ կեանքի զարգացումներուն մասին կարեւոր լրատուութենէն եւ հայ մամուլի ներկայութենէն։
Անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղենք մեր բաժանորդներուն՝ ուղարկել իրենց ելեկտրոնային հասցէները azatordaily@gmail.com հասցէին, որպէսզի ամէն օր «Ազատ Օր»ի ելեկտրոնային գունաւոր տարբերակը ուղարկուի առաւելագոյն թիւով բաժանորդներու։
Նաեւ, հասցէներու հաւաքագրումը կատարելու համար, թերթիս պաշտօնէութիւնը եւս պիտի հեռաձայնէ մեր բաժանորդներուն, ստանալու համար անոնց տուեալները։
Բոլոր անոնք, որոնք կարեւոր հարցերու համար կը փափաքին կապ պահել թերթիս հետ, կրնան ամէն առաւօտ մինչեւ կէսօրուան առաջին ժամերը հեռաձայնել մեր գրասենեակը։
Կը յուսանք, որ համաշխարհային այս տագնապը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ բոլորս պիտի վերադառնանք բնականոն կեանքին։
«Ազատ Օր»