Վերանորոգ կամքով «Ազատ Օր» օրաթերթը կը թեւակոխէ իր անխափան հրատարակութեան 77-րդ տարին։ Երկար ճամբայ կտրած՝ յունահայութեան սիրուած եւ փնտռուած օրաթերթը կը շարունակէ մնալ հայ լրագրութեան եւ մամուլի պատնէշին վրայ, մեր ընթերցողներուն առջեւ բանալով հայրենի աշխարհին եւ հայութեան հետ կապուած իրադարձութիւնները, մեր ազգային ու գաղափարական առաջադրանքներն, Հայ դատի իրագործումներն ու հայ ժողովուրդի նուաճումները։
Հայ մամուլի դերը մեր ազգային հաւաքական կեանքէն ներս անառարկելի է։ «Ազատ Օր»ը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր հիմնադիրներու իտեալներուն։
Առաջնորդուած ըլլալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական եւ գաղափարական առաջադրանքներու հարուստ կենսափորձէն, իր կարեւոր եւ առանցքային մասնակցութիւնը պիտի շարունակէ բերել յունահայութեան գոյատեւման ու վերելքի հաւաքական ջանքերուն։
Այս առիթով, մեր բարեմաղթանքները կը փոխանցենք Յունաստանի եւ արտասահմանի մեր բոլոր ընթերցողներուն ու աշխատակիցներուն, որոնց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ մեր թերթը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը հայ մամուլի անդաստանին մէջ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Ազատ Օր» կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 77-րդ տարին