«Ազատ Օր» կը գուժէ Ռեբեկա Պարազեանի մահը

0
129

Սր­տի դառն կսկի­ծով կը գու­ժենք «Ա­զատ Օր»-ի եր­կա­րա­մեայ ու նո­ւի­րեալ աշ­խա­տող ­Ռե­բե­կա ­Պա­րա­զեա­նի մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ հի­ւան­դու­թեան շրջան մը դի­մագ­րա­ւե­լէ ետք։ ­Հան­գու­ցեա­լը տաս­նեակ տա­րի­ներ ան­խոնջ նո­ւի­րու­մով աշ­խա­տե­ցաւ մեր թեր­թի ըն­տա­նի­քէն ներս, յանձն առ­նե­լով տպագ­րա­կան յա­րա­կից աշ­խա­տանք­նե­րու եւ ցրուու­մի պա­հանջ­կոտ գոր­ծե­րը, զա­նոնք ձե­ռնհա­սօ­րէն ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ վա­րե­լով։ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի ե­լոյ­թին ա­ռի­թով, ան ստա­ցաւ գնա­հա­տան­քի յու­շա­նուէր, ա­ռանց սա­կայն կա­րո­ղա­նալ ներ­կայ ըլ­լա­լու։
­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ թաղ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի հա­ղոր­դո­ւին յա­ջոր­դիւ: