Մտորումներ Սփիւռքի մասին
«Ազատ Օր»-ի հարցազրոյցը
ընկ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «Սփիւռքի Տարի» հռչակուած 2022-ը հասաւ իր աւարտին։ Սփիւռքի օրակարգը ո՛չ տարուան մը տեւողութեամբ, ո՛չ ալ անոր մէջ խճողուած զանազան նախաձեռնութիւններով կրնայ սպառիլ ու դառնալ ամբողջական։ Այս առիթով, շահեկան եւ բովանդակալից զրոյց մը ունեցանք Սփիւռքեան իրականութեան քաջածանօթ մտաւորական, փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ, որու մտածումները եւ արտայայտած թեզերը յատուկ հետաքրքրութեամբ կ՚ընկալուին հայ քաղաքական միտքին կողմէ։ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան մասնագիտացած է միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ: Եղած է համալսարանի դասախօս եւ գիտաշխատող, հեղինակ՝ սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու եւ ակադեմական յօդուածներու: Վարած է Պուէնոս Այրէսի ԱՐՄԵՆԻԱ թերթի հայերէն բաժնի խմբագիրի պաշտօնը: Պարբերական յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ մամուլի էջերուն մէջ:
«Սփիւռքը ազգային դիմագիծով
համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութիւն մըն է, որ ատակ է իր զարգացման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու»
2022-ը Արամ կաթողիկսին կողմէ հռչակուեցաւ Սփիւռքի տարի։ Որքանով այս անուանումը արդարացուց Սփիւռքի մասին մտահոգուելու եւ գործելու միտքերն ու նախաձեռնութիւնները տարբեր գաղութներու մէջ։
Ծանօթ չեմ տարբեր համայնքներու մէջ Արամ Վեհափառի նախաձեռնութեան արձագանգներու ամբողջին: Բայց Վեհափառին նախաձեռնութիւնը առաջին հերթին զգաստութեան հրաւէր էր Սփիւռքեան օրակարգը ուշադրութեան առարկայ դարձնելու համար: Կ՚ենթադրեմ, որ իւրաքանչիւր համայնք, համաձայն իր կառոյցի իւրայատկութեանց եւ հոն գործող դասական թէ նորաստեղծ կազմակերպութիւններու աշխուժութեան, անշուշտ արդէն ունի ինչ որ «օրակարգ» մը՝ կրօնական, ուսումնական, մարզական, բարեսիրական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ: Սփիւռքի Տարուան միտք ի բանին, ըստ իմ մեկնաբանութեան, կը վերաբերի Սփիւռքեան դասական յարացոյցի (հայապահպանում եւ հայրենադարձութիւնը որպէս վախճանական նպատակ) սպառման ի տես, նոր յարացոյցի մը առաջացման անհրաժեշտութեան: Այդ մէկը կ՚ենթադրէ նախ եւ առաջ մտաւորական ճիգ, ապա նաեւ աշխատանքային յստակ մարզերու սահմանում: Մտաւորական աշխատանքը ընթացք առած է, անոր ամենէն կոնկրետ փաստը Վեհափառի նախաձեռնած հանդիպումներն են մասնագէտներու հետ, բայց նաեւ Սփիւռքի Տարուան մասին լոյս տեսած յօդուածներն ու առանձին հրատարակութիւնները, ուր Սփիւռքի օրակարգը որպէս խօսոյթ շրջագայութեան մէջ դրուած է: Կը մնայ որ աշխատանքային մարզերը ճշդուին, որմէ յետոյ միայն, կամ անոր զուգահեռ, կրնայ իւրաքանչիւր համայնք, կամ թէկուզ եւ կազմակերպութիւն, ճշդել նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնն ու անոր ձեւաչափը:
Ի վերջոյ ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռքի մէջ ինքնութիւն պահել։ Արդեօ՞ք միայն դասական ընմբռնումներն են՝ լեզու, մշակոյթ, գիր, կամ գոյութիւն ունին այլ ստորոգելիներ, որոնք կրնան ինքնութիւը մնայուն ապրումի վերածել։
Առաջին հերթին՝ պէտք է գիտակցիլ, որ ամէն հաւաքական ինքնութիւն կենդանի, եւ հետեւաբար փոփոխութեան ենթակայ, իրողութիւն է, եւ ոչ թէ ինչ որ էութիւն զոր պէտք է լոկ «պահպանել» համաձայն Սփիւռքի դասական յարացոյցին: Կամ՝ անոր փրկութիւնը տեսնել հայրենադարձութեան կամ հայրենիքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս անկախութենէն յետոյ ենթադրեցին Սփիւռքի դասական կազմակերպութիւնները, եւ, փաստօրէն, Սփիւռքի օրակարգը նոյնացուցին Հայաստան-Սփիւռք օրակարգին հետ: Սփիւռքի ընկալումը որպէս ոչ թէ «հանգրուան» այլ՝ գոյավիճակ, կամ, Խաչիկ Թէօլէօլեանի սփիւռքագիտական սահմանումով, որպէս անդրազգայնութիւն, կ՚ենթադրէ իր հաւաքական ինքնութեան ընբռնումներու զարգացումը տեղադրել Ժամանակի Ոգիին (Zeitgeist) մէջ, որուն այսօրուայ եւ ապագայի ամենէն հիմնական գործընթացը ամէն ինչի թուայնացումն է: Հոն ալ պէտք է տեսլականացնել Սփիւռքի ինքնութեան զարգացումը եւ սահմանել այդ տեսլականի աշխատանքային գործնական դաշտերը: Այս մէկը համահունչ է Սփիւռքի անդրազգայնութեան հետ, յղացք մը որ կ՚ենթադրէ, ի մէջ այլոց, ինքնութիւնը չպայմանաւորել պետականօրէն որոշուած ծրագրերով, եւ թերեւս աւելին՝ վերապահութեամբ մօտենալ պետական ամէն հովանաւորչութեան: Չեմ թերգնահատեր պետութեան կարեւորութիւնը ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան համար, բայց անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներու փորձառութիւնը երեւան հանեց որ պետութեան դերը մասնաւոր ոչինչ կը նշանակէ Սփիւռքի մէջ ինքնութեան դասական ըմբռնումներու զարգացման համար: Սփիւռքը ազգային դիմագիծով համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութիւն մըն է, որ ատակ է իր զարգացման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Վերջերս, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհ. ժողովը, որուն ընթացքին Սփիւռքի հարցը դարձաւ գլխաւոր օրակարգերէն մէկը։ Առաջարկ եղաւ կազմել համազգային խորհուրդ մը, որուն մէջ պիտի ներգրաւուի ազգին ներուժը։ Կը կարծէք որ այսօր կա՞յ նման խորհուրդի մը անհրաժեշտութիւնը։ Ինչպէ՞ս կարելի է անոր մէջ ներգրաւել տարբեր հոսանքներ եւ աշխարհայեացքներ։
Առաջարկի մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ, բայց կ՚ենթադրեմ որ չէ ներկայացած որպէս կոնկրետ ծրագիր իր հիմնաւորումներով եւ գործնական մանրամասնութիւններով, այսինքն՝ այդ մասին պէտք է մտածուի: Նման առաջարկ հնչած է շատոնց տարբեր բանաձեւումներով, եւ մինչեւ իսկ կարծես թէ կան կազմակերպութիւններ որոնք իրենք իրենց կու տան սփիւռքեան ներկայացուցչական հանգամանք, առանց որ այդ մէկը հաւակնութենէ անդին մասնաւոր բան մը նշանակէ: Նման առաջարկ կամ նախանձախնդրութիւն անհրաժեշտաբար պէտք է ի սկզբանէ ի մտի ունենայ Սփիւռքը ինչ որ «կեդրոն»ով պատկերացնելու, կամ ինչ որ «կեդրոն»ի փնտռտուքի, ամէն փորձի ձախողութիւնը, եւ չտարուի նման փորձութեան: Ի մասնաւորի երբ անցնող աւելի քան երեսուն տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ ոչ իսկ Հայաստանը կրնայ նման «կեդրոն»ի վերածուիլ: Իր յարափոփոխ բնոյթով, ի մասնաւորի գլոբալ աշխարհի մը մէջ, Սփիւռքը պիտի ընկալել համաշխարհային ցանցի հասկացողութեան տինամիքով, մարդոց, գիտելիքներու թէ տեղեկութեան մնայուն հոսքով զորս անհրաժեշտ է բանականացնել, մտքի, յղացքի եւ տեսութեան վերածել անդադար: Այս ոլորտին մէջ եթէ փորձենք պատկերացնել համազգային, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել համասփիւռքեան քանի այլեւս կը դժուարանայ «համազգային»ի հասկացողութիւնը, խորհուրդ մը, ապա եւ երկու ձեւի մասին կարելի է մտածել: Առաջինը համասփիւռքեան զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու միջեւ համաձայնութիւնն է: Բայց նման համաձայնութեամբ առաջացած որեւէ խորհուրդ, հազիւ թէ կարենայ ներգրաւել ազգին (Սփիւռքի՞ն) ներուժը առանց դուրս ձգելու շատ կարեւոր հատուածներ, որոնք իրենք իրենց ներկայացուած չեն տեսներ այդ կազմակերպութիւններու ընդմէջէն: Այս չի՛ նշանակեր, որ համասփիւռքեան զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու համատեղումը շատ կարեւոր յառաջընթաց չի նշանակեր: Ընդհակառակը, համասփիւռքեան զօրաշարժի իմաստով կրնայ շատ դրական ըլլալ: Երկրորդը տարբեր երկիրներու համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններու համատեղումն է, շատ աւելի ֆորումի քան խորհուրդի տեսքով: Բայց ատոր համար անհրաժեշտ է համայնքային ներկայացուցչութիւններ ստեղծել: Կան տարբեր եւ յաջող փորձեր: Կը մնայ որ համասփիւռքեան զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները իրենք առաջին հերթին նախանձախնդիր ըլլան նախ նման ներկայացուցչական մարմիններու զօրեղացման եւ քաջալերեն անոնց առաջացումը այն համայնքներուն մէջ ուր չկայ նման երեւոյթ եւ կազմակերպութիւնները իրարու հետ յաճախ անհեթեթ եւ մաշեցնող մրցակցութեան մէջ են իրենց վերագրելու համար համայնքային ներկայացուցչութիւնը: Համայնքներու համատեղման նախանձախնդրութիւնը կը վերահաստատէ միջ-համայնքային հորիզոնական կապերը որոնք կային եւ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ տկարացան, երբ իւրաքանչիւր համայնք նախապատուութիւն տուաւ հայրենիքի հետ իր սեփական կապերուն: Ինչ որ յանգեցաւ շատ համայնքներու մեկուսացման եւ ինքնամփոփման: Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ բնորդը, որով եւ մտածուի համասփիւռքեան խորհուրդի մը մասին, աւելի կարեւոր է նախ մտածել տարբեր աշխարհահայեացքներու համադրման մասին: Այդ մէկը կոնկրետ կերպով կը նշանակէ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան եւ ներկայութեան նուազագոյն հասարակաց յայտարարները բանաձեւող փաստաթուղթի մը պատրաստութիւնը համասփիւռքեան մանիֆեստի մը տեսքով: Երեւութապէս թերեւս հեշտ բայց իրականութեան մէջ շատ բարդ այս նախանձախնդրութիւնը կարելի է սկսիլ համայնքային մակարդակով: Արդ, քանի՞ համայնքի մէջ բոլոր կազմակերպութիւններու համաձայնութեան արժանացած ինքնութեան եւ ներկայութեան հասարակաց յայտարարներու փաստաթուղթ կայ…
Սփիւռքը բազմաշերտ է, դասական հատուածի (ցեղասպանութենէն հետեւանքով) այսօր շօշափելի տեղ կը գրաւէ այն Սփիւռքը որ կազմուեցաւ վերջին 30 տարիներուն։ Կարեւոր մաս անորմէ կը գոյակցի դասական Սփիւռքի կողքին, նոյն գաղւթներուն մէջ, իսկ այլ ստուար բաժին մը՝ Ռուսիոյ եւ դրացի երկիրներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է համակերպել ու որպէս մէկ ամբողջութիւն տեսնել այս բոլորը։ Ի վերջոյ պէ՞տք է այդպէս տեսնել, այլ թողել իւրաքանչիւր հատուած իր շրջագիծէն ներս։
Կարծեմ, որ պէտք է սկսիլ յստականցնել եւ բանականացնել այդ տարբեր «սփիւռքներ»ը: Սկսինք այն ինչ որ կը կոչէք «դասական հատուած»: Խորքին մէջ, այ՛ն է Սփիւռքը, գլխագիրով, այնպէս ինչպէս տեսականօրէն հասկցուած է ընդհանրապէս: Հոն, սակայն, երկու, եթէ ոչ երեք համայնքներ եզակի են. պարսկահայ համայնքը, պոլսահայութիւնը եւ թերեւս Երուսաղէմը: Հայաստանէն հիմնականօրէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթած հատուածին դժուար է «սփիւռք» կոչել, թէեւ կասկածի առարկայ չէ անոր սփիւռքացումը: Ասոր ամենէն մեծ մարտահրաւէրը, տարրալուծարանը եթէ կ՚ուզէք, Ռուսիան է եւ հոն հաստատուած մէկ միլիոնէ աւելի հայութիւնը: Կարելի՞ է փոխ առնելով 1970-ականներուն Չինաստանի մասին գրուած գրքի մը վերնագիրը ըսել, որ երբ ռուսահայութիւնը արթննայ, Սփիւռքը պիտի… Ինչ որ սեղանի վրայ պիտի դնել նախ եւ առաջ այս «սփիւռքներ»ու համարկումն է, աւելի պարզ՝ տուեալ համայնքի մը մէջ դասական Սփիւռքի եւ Հայաստանէն արտագաղթած հատուածի իրարու մօտ բերելու ճիգը: Վստահ եմ, որ շատ համայնքներու մէջ այդ առկայ է արդէն, եւ թերեւս Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի ընթացքին Սփիւռքի մէջ զօրաշարժը արագացուց այդ գործընթացը: Բայց մէկը կը հետեւի՞ անոր, կ՚արձանագրուի՞ն յաջողութիւններն ու բացթողումները, կա՞ն գիտակից նախաձեռնութիւններ գործընթացը հեշտացնելու համար: Այս բոլորը կարեւոր են որպէսզի այդ երկու հատուածներու ինքամփոփման «բնական» հակումին բեկում մը տրուի: Կարեւոր է նաեւ համարկումը չընկալել որպէս միացում եւ անոր հետեւումով «մէկ, մէկ, մէկ»ի լոզունգի տրամաբանութեամբ: Այլ ըլլալ մշակութային տարբերութիւններու փոխ-ազդեցութեամբ ինքնութեան զարգացման եւ հարստացման հետամուտ:
Վերջերս տեղի ունեցան երկու համախմբումներ, այսպէս կոչուած Հայկական Գագաթնաժողովը եւ ցեղասպանութիւններու մասին միջազգային ֆորումը, որուն Սփիւռքը իր կազմակերպուած թեւով բացակայ էր։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայրենի իշխանութեան այսօրուան մօտեցումները Սփիւռքի նկատմամբ։ Ո՞ւր կ՚առաջնորդուի անցեալէն շատ խօսուած եռամիասնութեան ուղին, մանաւանդ պետական ըմբռնումներուն լոյսին տակ։
Այսօրուայ իշխանութիւնները, առանձնապէս Սփիւռքի Գործերով Յանձնակատարը, նպատակադրած են ոչ միայն իրենց շահերուն համապատասխան Սփիւռք մը առաջացնել, այլ Սփիւռքի որպէս համայնքային կառոյց եւ հաւաքական ինքնութիւն հասկացողութիւնը քանդել: Մէկ կողմ կը ձգեմ նման անհեռատես մօտեցման ետին անհատական թէ շահախնդիր կամ մինչեւ իսկ ոխակալ մղումները: Բայց այդ մօտեցման գաղափարախօսական պռիսմակը յստակ է. հաւաքականութիւնը ընկալել որպէս անհատներու գումար: Այդ հետեւումով ալ շեշտը դրուած է պետական մեքենայէն ներս անհատներու ներգրաւման վրայ: Ծրագիրը ինքնին գէշ չէ, ընդհակառակը, կրնայ քաշողական ըլլալ Սփիւռքէն ոեւէ անհատի համար, այդ ձեւով սկսելու իր ասպարէզը, կամ իր ասպարէզին մէջ այդ ծառայութիւնը նկատելու որպէս եզակի փորձառութիւն, եւ կամ ալ պարզապէս հայրենիքին ծառայելու անկախ թէ ով է օրուայ իշխանութիւնը: Ժխտականը Սփիւռքի այս «անհատականացման» ճամբով հաւաքական կառոյցի ու համայնքային ներկայութեան կարեւորութեան նսեմացումն ու անտեսումն է: Ամէն պարագայի, կը կարծեմ որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն համար այս վերաբերումը այլեւս յստակ կը դարձնէ թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է ուրոյն օրակարգի մը բանաձեւումը, եւ ժամանակ չեն վատներ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը փոխելու ապարդիւն ճիգին մէջ: Թէկուզ եւ այս կամ այլ իշխանութիւններ փոխեն իրենց վարքագիծը, Սփիւռքը իր օրակարգը պէտք է ունենայ, եւ անոր ծիրին մէջ մտածէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին, ոչ հակառակը: Ինչ կը վերաբերի «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան 4-րդ Գլոբալ Ֆորում»ին Սփիւռքի մէջ Ցեղասպանութեան հարցով ամենէն աւելի ակտիւ կազմակերպութիւններու մասնակցութեան բացառումին, ապա եւ անոր բացատրութիւնը աւելի պարզ է եւ մէկին. ամէն անգամ, որ Թուրքիոյ դարպասման ճիգ եղած է, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդադահատոյցի պահանջատիրութիւնը ընկալուած է որպէս խանգարիչ ազդակ: Այս իշխանութիւններուն այսօրուայ քաղաքականութեան մէջ այդ մէկը շատ տեսանելի է, բայց մօտեցումը ընդոծին է «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու սկզբունքին, ուր հայկական կողմը միշտ ալ հակում ունեցած է պահանջատիրութիւնը ընկալել որպէս «նախապայման», թէկուզ եւ այդ մէկը երբեք չփոխուած թրքական… նախապայմանն իսկ ըլլայ: Ցաւալի է, որովհետեւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար շատ աւելի «նեղացուցիչ» ազդակ եղած է, ինչ որ «բեռ», որ Սփիւռքը դրած է իր ուսերուն, իր սկզբունքայնականութենէն անդին, կրնայ բանաձեւուիլ եւ գործնականացուիլ նաեւ որպէս դիւանագիտութեան ձեռնտու ռազմավարական գործօն:
Անցեալէն եկած եռամիասնութիւնը երեւի կը վերաբերի «Հաաստան-Արցախ-Սփիւռք» բանաձեւին, որ չեմ կարծեր որ երբեւիցէ խորհրդանշականէն, լոզունգէն կամ քլիշէէն աւելի բան մը նշանակած ըլլայ 1994-էն յետոյ: Պատճառը պարզ է. օգտագործուած է հանրային խօսոյթին մէջ, բայց ոչ մէկ ատեն այդ «եռամիասնութիւնը» վերածուած է հայեցակարգի կամ ինսթիթուսիոնի: Թէ ինչպէս 1994-էն ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի իրերայաջորդ ղեկավարները համակարգած են իրենց աշխատանքները՝ առանձին հարց է որ չեմ կարծեր որ երբեւիցէ ուսումնասիրուած ըլլայ: Բայց Սփիւռքը երբեք ձայնի ու քուէի իրաւունքով չէ ներգրաւուած քաղաքական որեւէ նախաձեռնութեան մէջ, նուազ՝ Արցախի հարցով: Այլապէս Սփիւռքի մէջ քաղաքական աշխատանք տանողները շատոնց պիտի անդրադառնային, թէ որքան ծիծաղելի դրութեան մէջ կը դնէին իրենք իրենց երբ երրորդ (պետական) կողմի մը կը դիմէին ճանչնալու համար Արցախի անկախութիւնը, եւ երբ իրենց խօսակիցը շատ բնականաբար կը հարցնէր «իսկ Հայաստանը ճանչցա՞ծ է», ճիգ կ՚ընէին բացատրելու թէ ինչու Հայաստանի իշխանութիւնները կը նախընտրեն որ նախ երրորդ կողմ մը տայ այդ քայլը…։