Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով «Ազատ Օր» իր ջերմագին մաղթանքները կը փոխանցէ թերթիս բաժանորդներուն, աշխատակիցներուն, գործակիցներուն եւ հայ մամուլի պաշտօնակիցներուն, մաղթելով, որ 2023-ը ըլլայ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ նպատակներու իրականացման տարի։
Արցախի ու Հայաստանի համար ճակատագրական այս ժամանակներուն, կը մաղթենք որ 2023-ը ըլլայ ազգային վերազարթնումի եւ վերակազմակերպման տարի, ի խնդիր հայ ժողովուրդի սպասումներու արդարացման: