Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, ժողովուրդի աննախընթաց ներկայութեամբ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազատ Օր» օրաթերթի 80-ամեակին նուիրուած շքեղ ելոյթը, միաժամանակ նշուեցաւ «Նոր Օր»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Պաշտօնական յայտագիրի ընթացքին յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան թերթի անցեալի վարչական պատասխանատուներ, գործակիցներ եւ վաստակաւոր ընթերցողներ։ Յաջորդեց ընկերային երեկոյ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիններ։
Յաջորդիւ, մանրամասն թղթակցութեամբ եւ նկարներով պիտի անդրադառնանք բացառիկ ելոյթին։
«Ազդակ» օրաթերթը կը շնորհաւորէ «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակը
Լիբանանի մէջ հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը հետեւեալ մաղթանքը հրատարակած է, շնորհաւորելու համար թերթիս հիմնադրութեան 80-ամեակը։
Շնորհաւորելով «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակը
Շնորհաւորելով մեր գործընկեր «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակը, առիթը պատշաճ կը նկատենք մաղթելու բարի երթ, եւ ողջունելու նոր ձեւաչափով թերթի առաքելութիւնը շարունակելու որոշումը։ Վստահ ենք, որ «Ազատ Օր»-ի շուրջ համախմբուած խմբագրակազմը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի քաջալերանքով եւ աջակցութեամբ պիտի շարունակէ՝ արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման, յունահայ կեանքի բազկերակին կշռոյթներուն համընթաց նախաձեռնութիւններուն ու ձեռնարկներուն թղթակցութիւնները հանրայնացնելու, հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւնները լուսաբանելու եւ մեր գաղափարական ոսպնեակով մեկնաբանութիւններ ու վերլուծումներ ընթերցողին հասանելի դարձնելու իր առաքելութիւնը։
Այո՛. իրաւա՛մբ «Դէպի Ապագան նայող տեսլականով»։
Բարի՛ երթ, սիրելի «Ազատ Օր»։
Նաեւ, այս առիթով «Ազդակ» հրատարակած է թերթիս Ուրբաթ, 1 Մարտի խմբագրականը։