Յունահայ գաղութի օրաթերթը՝ «Ազատ Օր»ը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 76րդ տարին։
75ամեայ աւանդով, երկար ճամբայ կտրած մեր թերթը կը շարունակէ հանդիսանալ յունահայութեան ողնասիւնը, միաժամանակ՝ այն հայելին է Հայաստանի, Արցախի ու ամբողջ հայաշխարհի ազգային, քաղաքական, Հայ դատի, մշակութային, ընկերային եւ հասարակական իրականութեան՝ իր ընթերցողները ամէն օր հաղորդ պահելով հայ կեանքի բոլոր եղելութիւններուն։
Այս նշանակալից հանգրուանին առիթով, յարգանքի մեր տուրքը կը մատուցանենք անդարձ մեկնած թերթիս խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ պաշտօնէութեան անդամներուն, որոնք անսահման զոհողութեամբ եւ հայ մամուլի դերին հաւատարմօրէն կառչած ըլլալու գիտակցութեամբ «Ազատ Օր»ը պահեցին կանգուն, որպէսզի այն շարունակէ իր երթը հայ մամուլի եւ լրագրութեան ճամբուն վրայ։
Արդէն, խմբագրութիւնս ստացաւ բազմաթիւ բարեմաղթանքներ Յունաստանի եւ արտասահմանի ընթերցողներէն։ Այս առիթով, «Ազատ Օր» իր մաղթանքները կը փոխադարձէ ընթերցողներուն եւ աշխատակիցներուն, որոնց հաւատարմութեամբ, քաջալերանքով եւ բարոյական ու նիւթական ներդրումով մեր թերթը անխափան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը հայ մամուլի անդաստանին մէջ։
«Ազատ Օր»