ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Եկէք մտածենք այն չորս տարբեր շրջաններուն մասին, որ յունահայութեան օրաթերթ «Ազատ Օր»ը թեւակոխեց իր 75ամեայ ճանապարհին մէջ։
1923 — 1940. Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան հաստատուած հայ գաղթականներուն նոր շունչ ու յոյս ներշնչող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրատարակած «Նոր Օր»ը՝ հայութիւնը համախմբող կարեւոր ազդակներէն կը հանդիսանար։ Յետագային, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութի կազմակերպման մէջ չորս կարեւոր բաղադրիչներ իրենց անհրաժեշտ դերը պիտի գտնէին գաղութներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, թերթ։
1945 — 1965. Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ Յունաստան ծանրօրէն վիրաւորուած, բայց յաղթական ոգիով, դուրս կուգար պատերազմի ու ներքաղաքացիական կռիւներու դաժան օրերու արհաւիրքէն, «Ազատ Օր»ը յունահայութեան աշխուժ կեանքին արտայայտիչը կը դառնար։ Դարձեալ նոր հորիզոններու նուաճման ակնկալիքով, շատ աւելի յոյսով։ Որովհետեւ, արդէն կը սկսէր զօրաւոր հիմք դնել հայութեան սրտին մէջ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարը, իր բոլոր երեսներով։
1970 — 1991. Ճոխ ու բազմապիսի գործունէութեամբ կայացած գաղութ ըլլալով, Յունահայութիւնը իր ուժերը կը լարէր, ապահովութեամբ կառուցելով յետագայ իր ընթացքը։
Հայ լեզուն, հայ ոգին, հայ մշակոյթը եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու ճիգը կը դառնար առաջնակարգ։ Մինչեւ այս թուական՝ թերթը տպագիր ամէնօրեայ օրաթերթ էր, սակայն արդէն յայտնի կը դառնար միջազգային մամուլի դաշտէն ներս փոփոխութեան ալիքը, որու արձագանգները կը հասնէին մեր թերթին եւս։
Նոր համակարգչային համակարգ, նոր որակ տպագրութեան մէջ եւ դանդաղ քայլերով ընթացող համացանցային կապ։ Արագ հաղորդակցութեան դաշտը արդէն երբեք նոյնը պիտի չըլլար անկէ ետք։
1991 — 2021. Առաջնահերթութիւնը կը կեդրոնանար հայրենիքի ամրապնդման եւ հզօրացման խնդրին մէջ, Հայաստանի անկախացումէն ետք։ Հայ ժողովուրդը իր ամբողջական ներուժը կը տրամադրէր հայկական մեր զոյգ պետութիւններու կայացման գործին եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին ծառայելու գերագոյն նպատակներով։ Յունահայութիւնը իր անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերէր, իսկ «Ազատ Օր» իր առաքելութիւնը անգամ մը եւս կը վերահաստատէր, մեր ժողովուրդի իղձերու արտայայտիչը հանդիսանալով։ Նոր կապեր կը հաստատուէին հայրենի մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, մինչ տպագիր օրաթերթի կողքին կ’աւելնային կայքէջ, Դիմատետր, Եութուպ եւ ժամանակի պարտադրած արդիական միջոցներ։
Ինչո՞ւ հարկը զգացի թուելու այս հանգրուանները։ Որովհետեւ իմ եւ վստահաբար շատերու գիտակցութեան մէջ՝ «Ազատ Օր»ի ճանապարհը նոյնացած է յունահայ գաղութի վերջին 100 տարուայ պատմութեան հետ։ Մեր գաղութի անցած վերիվայրումներու ընթացքը իր արտացոլացումը ունեցած է մեր օրաթերթին վրայ։ Ի զուր չէ որ կ’ըսենք, թէ «Ազատ Օր» եղած է մեր հասարակական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքի գործունէութեան հայելին։ Հոն տեղ գտած է հայ զանգուածը հետաքրքրող լրատուութիւնը, հայ լեզուն, գիրը եւ գրականութիւնը, պատմուածքը եւ յօդուածը, միտքերու եւ գաղափարներու արտայայտութեան, բաց զրոյցներու եւ քննարկումներու որպէս հարթակ։ Մանաւանդ, ամրապնդած է հայ հաւաքականութեան միջեւ մտային եւ հոգեկան կապը, մէկ ամբողջականութիւն դարձնելով Յունաստանի տարածքին գտնուող հայութիւնը ու զայն կապելով համահայկական շղթային։
Անշուշտ յունահայ ընկերութեան բաղադրութիւնը միատեսակ չէ: Կը տարուբերին մօտեցումները օրաթերթի դերի ու անհրաժեշտութեան գծով: Կարելի է նաեւ հաստատել թէ հայկական օրաթերթի դաստիարակչական դերը թերագնահատուած է, կամ բաւարար հասկնալի չէ մեր գաղութի բոլոր ազգայիններուն մօտ: Եւ այս հետաքրքրական տարբերութիւններն են որ բարելաւումի շարունակական պահանջը կը ստեղծեն, գիտակցելով թէ լայն հորիզոններ կան դեռ նուաճելիք։
Ներկայիս մամլոյ դաշտը փոխակերպուած է։ Հայ մամուլին առընթեր կայ հսկայ այլ աշխարհ մը. ելեկտրոնային եւ ընկերային ցանցերու աշխարհը, որը շատերը կը շփոթեն դասական մամուլին հաւասար սեպելով, ուր սակայն մամուլի կանոնները ի զօրու չեն։ Կան պարագաներ երբ շատ դժուար ու անհասկնալի կը դառնայ ճշմարտութիւնը նշմարելու գործընթացը։ Մինչ թերթերու եւ հաւաստի լրատուական աղբիւրներուն համար լուրի հաղորդումը պէտք է անպայմանօրէն հաստատուած ըլլայ։ Թերթի արժանապատուութեան վերաբերող լրջագոյն նախապայման է այս։
Որքան ժամանակ տեղեկատուութեան համաշխարհային բնագաւառը օրէօր կը փոխուի եւ տպագիր մամուլի ընթերցողներու կողքին կ՚աւելնան բոլոր անոնք, որոնք իրենց ձեռքի հեռաձայնի կամ համակարգիչի պաստառին վրայ է որ լրատուութեան կը հետեւին, հայ թերթը պարտաւոր է չյանձնուիլ ճակատագրականութեան, այլ առաջնորդուիլ հեռատեսութեամբ եւ իր ընթերցողներուն տրամադրել բոլոր այդ տարբերակները։
Որովհետեւ ընթերցողը միշտ պիտի փնտռէ լուրի թարմութիւնը։ Եւ այլեւս շատ դիւրին է գտնել այն։ Փաստը մեր առջեւ ներկայացաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին յաջորդ օրն իսկ, երբ ընկերային ցանցերուն մէջ ժամը ժամուն կարելի էր հետեւիլ զարգացող դէպքերուն, նոյնիսկ անձնական էջերու ընդմէջէն։ Խօսուն լուսանկարները եւ ցնցող երիզները պատերազմի սահմրկեցուցիչ ժամանակագրութիւնը վայրկեանական մեր առջեւ կը պարզէին։ 45 օր մնացինք այդ պաստառներուն առջեւ, իրարու հակասող զգացումներով՝ անձկութեամբ, ցասումով, հպարտութեամբ, զայրոյթով, յուզումով։
Ինչ որ մեզի կը յուշէ, թէ թերթի մը դերը միայն լրատուութիւն տրամադրելով չի սահմանափակուիր, այլ հիմնականօրէն զգացում ու գաղափար է որ կը փոխանցէ, իւրայատուկ երկխօսութեան մը մէջ մտնելով իր ընթերցողին հետ։
Յունահայութեան օրաթերթը ըլլալով՝ «Ազատ Օր» կանգնած է 75-ամեայ իր վաստակին առջեւ. Հարիւրամեակներ նուաճելու եւ մեր երկխօսութիւնը ընդմիշտ կենդանի պահելու մաղթանքով։