Հրապարակի վրայ է արդէն «Ազատ Օր»ի 2020ի օրացոյցը, որուն մէջ տեղ գտած բացառիկ լուսանկարները սիրայօժար տրամադրուած են նկարահան Տիմիթրա Սթասինոփուլուի կողմէ։ Ան եղաւ առաջին անձը, որ նկարահանեց Պութանը եւ այդ գործին համար պարգեւատրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ։ Այսուհանդերձ, ան իր անձը չի ներկայացներ որպէս նկարահան։ Լուսանկարչութեամբ սկսաւ զբաղիլ 50 տարեկանին։ Այսօր, 17 տարի ետք, ան արդէն հրատարակած է 5 տպագիր եւ 5 ելեկտրոնային հաւաքածոներ։
2017ին ան ճամբորդեց մինչեւ յունական Պոնտոսը, ուր շրջանը նկարելէ ետք, հասաւ մինչեւ Վանայ լիճը, Աղթամարի «Ս. Խաչ» պատմական եկեղեցին եւ հայոց դարաւոր Անի քաղաքը։ Յաջորդեց դէպի Իրան ճամբորդութիւնը, ուր այցելեց Սպահանի «Ս. Ամենափրկիչ» վանքը։ Հմայուած եկեղեցւոյ ներքնամասի զարդանկարներէն եւ անոր կողքին ժողովրդագրական թանգարանի հարստութենէն, Տիմիթրա Սթասինոփուլու ճամբորդեց երկրի հիւսիսը, իր լուսանկարչական մեքենային մէջ ամփոփելու համար «Ս. Թադէ»ի եւ «Ս. Ստեփանոս»ի պատմական վանքերու գրաւիչ գեղեկցութիւնը։
«Ազատ Օր»ի գրասենեակէն ներս մեր ունեցած հետաքրքրական հանդիպումի ընթացքին, ան մեզի հետ բաժնեկից եղաւ իր փորձառութիւններուն եւ տպաւորութիւններուն, որ քաղեց պատմական Հայաստանի մէջ իր ուղեւորութեամբ, ապա ամենայն ուրախութեամբ եւ առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան, իր ամբողջ լուսանկարչական հաւաքածոն տրամադրեց թերթիս։ Յատկանշական է, թէ ան իր գործերը երբեք ծախու չի տար, այլ, ինչպէս որ ան կը յայտնէ՝ «կը տրամադրեմ բոլոր անոնց, որոնք գիտեմ թէ աշխատանքս պիտի գնահատեն եւ պիտի արժեւորեն»։
«Երկու տարի առաջ գտնուեցայ արեւելեան Թուրքիոյ մէջ, նախապէս տպաւորուած ըլլալով «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ ձեռքս հասած լուսանկարէ մը։ Երբ մօտէն տեսայ եկեղեցին, ամբողջ մարմինս ցնցուեցաւ։ Բազմաթիւ երկիրներ ու տեղեր ճամբորդած եմ, սակայն, անիկա կեանքիս մէջ հանդիպած ամէնէն գեղեցիկ եկեղեցին էր։ Երբ Անիի աւերակները տեսայ, խոր կսկիծ մը պատեց ամբողջ էութիւնս եւ սկսայ դառնութեամբ լալ։ Կը վախնամ, որ տարիներ ետք, այդ վայրերուն վրայ ոչինչ պիտի մնայ, հայու հին քաղաքակրթութիւնը յիշեցնող ամէն տեսակի հետք պիտի անհետանայ։ Իրան կատարած ճամբորդութիւնս եւ հնամեայ վանքերու լուսանկարումը անմոռանալի տպաւորութիւններու պարգեւ մըն էր։
Յաջորդ այցելութիւններէս մէկը պիտի ըլլայ Հայաստան, հաւանաբար՝ յաջորդ գարնան։ Ուրախ եմ, որ ձեր օրաթերթին միջոցով, կապի մէջ մտայ Յունաստանի հայ համայնքին հետ, օգտակար դառնալով, որպէսզի լուսանկարներս աւելի շատ մարդոց շրջանակներուն մօտ ծանօթացնեն ձեր երկրի ու ժողովուրդի սքանչելի եւ գեղեցիկ մշակոյթը։
Լուսանկարչական աշխատանքս սիրոյ նուիրուած գործ մըն է։ Անչափ ուրախութիւն կը համակէ հոգիս, երբ գործիս արդիւնքը առիթը կու տայ մարդոց՝ իրենց երեւակայակութեամբ ինծի հետ միասին ճամբորդելու»։
«Ազատ Օր»ի 2020ի օրացոյցի նկարահան՝ Տիմիթրա Սթասինոփուլու
«Ազատ Օր»ի 2020ի օրացոյցի նկարահան՝ Տիմիթրա Սթասինոփուլու